Շաբաթ, 10 Մայիս 2014 - Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ

 

Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 մայիս 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման սկիզբը Վեհափառ Հայրապետը առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանչիսկոս քահանայապետին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու ներկայացում ու ապա ճառերու եւ նուէրներու փոխանակում։ Հանդիպումի աւարտին Առաքելական պալատի Ռէտէմթորէս Մաթեր մատրան մէջ տեղի ունեցաւ միասնական աղօթքի պահ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ՝ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ վարժարանի տեսչական կազմը եւ ժառանգաւորները։

Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին ու պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.
«Նորին Սրբութիւն, սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս, ուրախ եմ ձեզի ուղղելու բարի գալուստի ողջոյնս եւ ձեր անձին միջոցաւ այս ողջոյնը փոխանցելու սփիւռս աշխարհ` Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն։
«Յատուկ շնորհք մըն է իրարու հանդիպիլ, սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին մօտ ու միասնաբար կիսել եղբայրական ու աղօթքի պահեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով՝ Հռոմի Եկեղեցւոյ եւ Առաքելական Հայ Եկեղեցւոյ միջեւ վերջին տարիներուն արձանագրուած կապերու ամրապնդումին ու այս ծիրէն ներս երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, 2001 թուին, Հայաստան կատարած այցելութեան ու Գարեգին Բ.ի զանազան առիթներով Վատիկան ժամանումին։
Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն նշեց 2000 թուականին տեղի ունեցած` 20-րդ դարու ''Հաւատքի վկաներու նշանակալից ոգեկոչման արարողութիւնը'' որուն մասնակցած էր նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ «Անցեալ դարու աղէտալի իրադարձութիւններու ընթացքին, -ըսաւ ան - Քրիստոսի համար իրենց արիւնը թափող աշակերտներու թիւը շատ աւելի բարձր է, քան առաջին դարերու նահատակներու թիւը եւ այս մարտիրոսներու յայսմաւուրքին մէջ հայ ազգի զաւակները պատուոյ տեղ կը գրաւեն։ Խաչի խորհուրդը որ այնքան սիրելի է ձեր ազգի յիշողութեան եւ որ ներկայացուած է շքեղ խաչքարերու ընդմէջէն որ ձեր երկրի իւրաքանչիւր անկիւնը կը զարդարեն, ապրուեցաւ ձեր բազմաթիւ զաւակներու կողմէ որպէս չարչարանքի բաժակին մասնակցութիւն։ Անոնց վկայութիւնը, ողբերգական ու միեւնոյն ատեն վեհանձն, երբեք պէտք չէ մոռցուի»։
«Նորին Սրբութիւն, սիրելի եղբայրներ, ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, վերջին տարիներուն քրիստոնեաներուն կրած չարչարանքները յատուկ կերպով սատարեցին Քրիստոսի աշակերտներու միութեան։ Այնպէս ինչպէս առաջին դարերու Եկեղեցւոյ մէջ, նահատակներու արիւնը դարձաւ նոր քրիստոնեաներու սերմ, այնպէս ալ մեր օրերուն բազմաթիւ քրիստոնեաներու արիւնը դարձաւ միութեան սերմ։
«Չարչարանքի եւ նահատակութեան համամիութիւնը զօրեղ կոչ մըն է միասնաբար ընթանալու Եկեղեցիներու հաշտութեան, վճռակամօրէն եւ վստահութեամբ յանձնուելով Սուրբ Հոգիի ներգործութեան։
«Պարտականութիւնն ունինք եղբայրութեան այս ճանապարհէն ընթանալու` նաեւ մեր երախտագիտական պարտքը վճարելու բազմաթիւ մեր եղբայրներու տառապանքին։ Ասոր համար կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ձերդ սրբութեան, համամիութեան երկխօսութեան ի սպաս սատարին ու յատկապէս «Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ յանձնախումբ»ի գործունէութեան եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներուն աստուածաբանական որակաւոր ներդրումին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս պապը ու Ճառին աւարտին, մէջբերեց Սուրբ Գրային ընթերցումներէն համամիութեան հայող հատուածներ ու ապա հրաւիրեց «աղօթել մէկը միւսին համար» ու աւելցուց. «Թող Սուրբ Հոգին մեզ լուսաւորէ ու մեզ առաջնորդէ դէպի այնքան սպասուած օրը երբ պիտի կարենանք կիսել Հաղորդութեան սուրբ զոհը»։

Սրբազան Քահանայապետը ճառը եզրափակեց յիշելով սուրբ Գիրգոր Նարեկացիի փառաբանական մէկ աղօթքը եւ հայցելով Ամենասուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը բոլոր հայ ազգի զաւակներուն համար, այժմ եւ միշտ։

http://hy.radiovaticana.va/index.asp


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ