Հինգշաբթի, 28 Յունուար 2010 - Հոգեւոր Տիրոջ ցաւակցութիւնները եթովպիական ջախջախուած օդանաւի զոհերուն

Պէյրութ, Լիբանան

Երկուշաբթի առաւօտեան ջախջախուած՝ եթովպիական օդանաւի շուրջ 90 զոհերուն համար, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր խորին ցաւակցութիւնները յայտնեց Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Զօր. Միշէլ Սլէյմանին եւ վարչապետ՝ Սաատ Հարիրիին: Ինչպէս նաեւ Հոգեւոր Տէրը ցաւակցագիր մը ուղղեց եւ իր ցաւակցութիւնները յայտնեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան պարոն Փիէթոնին:

Համայն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը գուժէ եթովպիական ջախջախուած օդանաւի ինկած զոհերը, եւ իր խոր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ անոնց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ