Վատիկան
Մայիսի 7-ին Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին դեսպան Միքայել Մինասեան իր հաւատարմագրերը յանձնեց Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին:
Դեսպան Մինասեանի եւ Ֆրանչիսկոս Պապին միջեւ կայացած զրոյցի ընթացքին զրուցակիցներն անդրադարձան Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ գոյութիւն ունեցող երկկողմ պատմական կապերուն, հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան: Այս կապակցութեամբ դեսպան Մինասեանը նշեց, որ նպատակ ունի ուղղել Սուրբ Աթոռ ՀՀ նորաստեղծ դեսպանութեան գործունէութիւնը երկկողմ մշակութային կապերու, հոգեւոր ընդհանրութիւններու առաւել ընդլայնմանը, ինչպէս նաեւ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան բաղկացուցիչ մաս կազմող հայկական քրիստոնէական ժառանգութեան պահպանմանն ու վերականգնմանը:
Դեսպան Մինասեանը Հռոմի Պապին փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնը: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց վերջերս Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի եւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի միջեւ կայացած հանդիպման ժամանակ Քահանայապետի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան առնչութեամբ յայտարարած դիրքորոշման համար:
Հանդիպման ընթացքին դեսպան Մինասեան Հռոմի Պապին փոխանցեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի` Հայաստան այցելելու հրաւէրը: Քահանայապետը խոստացաւ դիտարկել Հայաստան այցելելու հնարավորութիւնը:
Հռոմի Պապի հետ հանդիպումէն յետոյ, Սուրբ Աթոռի արարողակարգի համաձայն, դեսպան Մինասեան առանձնազրոյց ունեցաւ Սուրբ Աթոռի պետքարտուղար, կարդինալ Դարչիզիո Պերթոնէի հետ:
Հանդիպման ընթացքին կարդինալ Պերթոնէ, շնորհակալութիւն յայտնելով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ Հայաստանի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու առաւել զարգացումը կարեւորելու համար, ողջունեց Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպանութիւն բանալու եւ դեսպան նշանակելու որոշումը: Պետքարտուղարը յայտնեց նաեւ, որ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարութեան մէջ քննարկուած է Հայաստանի մէջ նուիրակութիւն բանալու հարցը: