Զմմառ
Շաբաթ, 10 նոյեմբեր 2012-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Ընծայարանի պաշտպան սուրբին՝ սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի տօնին Զմմառու վանքէն ներս սուրբ Պատարագը մատոյց վանքի մեծաւոր Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Սուրբ Միքայէլ Ընծայարանի ժառանգաւորներուն հետ միասին, սուրբ պատարագին մասնակցեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր ը եւ Լիբանանի քահանայից դասը ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներ:
Իր խօսքին մէջ, մեծաւոր հայրը անդրադարձաւ այս իւրայատուկ տօնին իմաստին, ինչպէս նաեւ Զմմառու նորընծայարանի կարեւորութեան մասին: Ան քաջալերեց նորընծաները աշխոյժօրէն շարունակելու իրենց ուսումները եւ զարգացնեն իրենց հոգեւոր կեանքը:Պատարագի աւարտին, բոլորը միասնաբար ուղղուեցան նորընծայարանի ճաշասրահը մասնակցելու եղբայրական ագապին:
Այս յատուկ հանդիսութեան, աւանդութեան համաձայն ժառանգաւորները ներկաներու հրամցուցին գեղեցիկ ու կոկիկ յայտագիր մը: Բացման խօսքը կարդաց եղբայր Տիգրան Փիլիպպոսեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն ու քաջալերանքին, եւ խնդրեց որ բոլորը աղօթեն իրենց կոչումներուն համար որպէսզի հաստատ քայլերով շարունակեն իրենց ընթացքը: Ապա եղբայր Պարգեւ մեներգեց Բարի Արագիլը: Երկու խմբային երգերով հանդէս եկան ժառանգաւորները: Ապա տիրացու Ղազար մեներգեց Կոմիտաս Վարդապետի Գարունա եւ Ave Maria: Հանդիսութեան ընթացքին Մանուլ Եպս. Պաթագեան նուագեց Հայաստան աշխարհ եւ Կիլիկիա երգերը ու բոլորը ընկերացան անոր:
Տեսուչ Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան, իր սրտին խօսքը փոխանցելէ ետք, նորընծաները շնորհաւորեցին մեծաւոր հոր անուանակոչութիւնը: Ապա անոնք յիշեցին դարձեալ Մանուէլ Եպս. Պաթագեան գերապայծառին ու Հայր Սարգիս Դաւիթեանի տարեդարձները ինչպէս նաեւ Հ. Նարեկ Լուիսեանի ձեռնադրութեան 14րդ ամեակը:
Ապա, մեծաւոր հայրը իր սրտին խօսքը փոխանցելով յիշեց իր աշակերտական տարիները, ու խնդրեց բոլոր նորընծաներէն, որ իրենց սրտերը նուիրեն Զմմառու Աստուածամօր:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, իր հայրական պատգամը փոխանցելով քաջալերեց ժառանգաւորները, որ հաւատարմօրէն շարունակեն իրենց ընթացքը: Ապա Տէրունական աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը: