Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2011 - Հոգեւոր տիրոջ հովուապետական այցելութիւնը՝ Հ.Կ. Գ.Հարպոյեան վարժարան

  

Պէյրութ

 

Կիրակի, 6 փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Զալքայի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, ուր սոյն առիթով տեղի ունեցաւ վարժարանի վերանորոգ բաժիններու օրհնութիւն եւ գեղարուեստական յայտագիր։

Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, որուն ընթացքին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ցոլեր Քէշիշեան։ Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր դասարաններէ խումբ մը աշակերտներ, որոնք հայկական թէ օտար երգերով, պարերով, նուագով եւ ասմունքներով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ Ներկաներուն կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացան Գոհար Յակոբեանի եւ Փաթիլ Յակոբեանի երգերու կատարումները։ Ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, վարժարանին պատմութեան, գործունէութեան եւ նոր ծրագիրներուն մասին։

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ Գ. Հարպոյեան վարժարանը կը գործէ 24 տարիէ ի վեր՝ իբրեւ անգլերէն թեքումով միակ հայ կաթողիկէ վարժարանը, որ կը հետեւի Լիբանանի կրթական ծրագիրին՝ անոր միացնելով հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ իբրեւ հիմնական մէկ մասը կրթական առաքելութեան։

 

Պոյաճեան աւելցուց, որ իրերայաջորդ տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու, բարեկամներու եւ բարերարներու ջանքերուն շնորհիւ, վարժարանը լիբանանահայ կրթական համակարգին մէջ նուաճեց իր յարգելի տեղը։ Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, որ ուղղութիւն, քաջալերանք եւ օրհնութիւն կը շնորհէ վարժարանի աշխատանքներուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին զօրակից բարերարներուն, որոնք հայկական վարժարանին յառաջդիմութեան ի խնդիր հոգատար վերաբերմունք կը ցուցաբերեն։

 

Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Պոյաճեանին խօսքին յաջորդեց պարգեւատրում, երբ վարժարանի բարերարները՝ առ ի գնահատանք իրենց ունեցած ներդրումին, ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ ձեռամբ ստացան յուշանուէրներ։

 

Ապա
իր հայրական պատգամը փոխանցեց ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը, որ գնահատեց վարժարանի հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր վարժարանին զարգացման ու բարգաւաճման մէջ դերակատարութիւն ունեցող տնօրէնները, ուսուցիչները, պաշտօնեաներն ու ծնողները, որոնց հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ։ Ան մատնանշեց, որ վարժարանին մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող նոր բաժիններուն ստեղծումը, վերանորոգութիւններն ու բարեկարգումները դրական են։ Հոգեւոր տէրը նաեւ հաստատեց, որ հայկական վարժարանները ունին նուիրական առաքելութիւն՝ հայեցի կրթութիւն, ինքնութեան կազմաւորում, հայոց պատմութեան, ազգային եւ մշակութային արժէքներու ծանօթացում, հոգեւոր հաւատք եւ հայրենասիրութեան բարձր ոգի։ Ան նաեւ նշեց, որ հայկական դպրոցը միայն քարէ կառոյց չէ, այլեւ՝ հայակերտումի դարբնոց ու հայու արմատներուն եւ ապագային միջեւ ամուր կամուրջ։

 

Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը օրհնեց վարժարանի վերանորոգուած բաժինները, եւ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-ընթրիք, որ ընդգրկեց այս առթիւ խօսքեր եւ նուիրատուութիւններ։  

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ