Ուրբաթ, 30 Նոյեմբեր 2012 - «Պօղոսեան» կրթահամալիրին եւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մասին մամլոյ լսարան

Պէյրութ

Հինգշաբթի, 29 նոյեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «Ֆարաճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի եւ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի մասին մասին լսարան, կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ գործակցակցութեամբ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին։

Լսարանի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ նշեց, թէ «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբը Լիբանան կը գտնուի ոգեւորելու լիբանանահայութիւնը եւ ի մասնաւորի երիտասարդութիւնը: Հայր Վարդան ըսաւ, որ օրուան առաջին զեկուցաբերն է քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, որ Գիւմրիի «Պօղոսեան» կրթահամալիրի մեծաւորուհին եւ տնօրէնն է, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուած է Հայաստանի երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք Գիւմրիին եւ Շիրակի գօտիին:

Վարդան վրդ. Գազանճեան աւելցուց, որ երկրորդ զեկուցաբերը «Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանն է, որ 2000-ին նշանակուած է Հայաստանի պետական սենեկային երգչախումբի գլխաւոր խմբավար եւ 2008-ին արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտի բարձրագոյն կոչումին:
Ապա խօսք առաւ քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց կեդրոնի կազմութեան ընթացքն ու հոլովոյթը: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի մէջ որբանոցները «մանկատուն» կը կոչուին, եւ այս անուանումը դժբախտաբար ունի բացասական իմաստ ու մօտեցում: Քոյր Սաճոնեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ որբանոցներու անդամները իրաւազրկուած են, եւ բարեբախտաբար վերջին տարիներուն պետութիւնը կը փորձէ կեդրոններ բանալ, ուր 18 տարեկանէն վեր որբերը արհեստ կը սորվին կամ փոքր տոկոս մըն ալ կ՛ուսանի: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի մէջ տակաւին ամբողջական կերպով որբերը ընդունելու կամեցողութիւնը կը պակսի:
Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան յայտնեց, որ 2010-ին կեդրոնը ունեցաւ միայնակ ծերերու ցերեկային կեդրոն, ուր կը յաճախեն մօտ 40 ծերեր եւ որոնց կ՛ապահովուի սնունդ, դեղորայք, գուրգուրանք: Ան նշեց նաեւ, որ կեդրոնը կը հոգայ շուրջ 50 ընտանիքներու կարիքները: Քոյր Սաճոնեան ըսաւ, որ տակաւին Հայաստանի ղեկավարները չհամոզուեցան, որ Երեւանէն դուրս պէտք է ելլեն եւ շրջաններու մէջ աշխատանք տանին, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ շրջակայ շրջանները օրըստօրէ նոր դժուարութիւններ ունենան:

«Տիրամայր Հայաստանի» երգչախումբին մասին խօսեցաւ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեան, որ շեշտեց, թէ 2005-ին հիմնուեցաւ երգչախումբը, որ արդէն 8-9 ամիս ետք տուած էր շուրջ 10 համերգ: Ան ըսաւ. «Մենք ապացուցեցինք բոլորին, որ որբ երեխաները կրնան մէկ մարդու նման երգել եւ բարձրորակ արուեստ ներկայացնել»: Մլքէեան նշեց, որ երգչախումբի անդամները արդէն կրնան տարբեր ժամանակներու եւ սեռերու պատկանող շուրջ 500 ստեղծագործութիւններ երգել:
Ան հաստատեց, որ «Պօղոսեան» կրթահամալիրը շնորհիւ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի եւ իր գործընկերներու ջանքերուն կրցած է կեդրոնի անդամներուն մօտ ստեղծել առողջ մտածողութիւն, բարդոյթներու յաղթահարման մթնոլորտ եւ փայլուն ապագայի առաջնորդող պայմաններ:

Աւարտին, ներկաները իրենց հարցումներուն ընդմէջէն նիւթին շուրջ ստացան յաւելեալ տեղեկութիւններ, եւ գնահատեցին կրթահամալիրի աշխատանքը գլխաւորութեամբ քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ