Պէյրութ
Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց ուրբաթ, 2 մայիս 2014-ի ժամը 2:30-ին Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար՝ Վարդան Օսկանեանը, ընկերակցութեամբ տիար Գրիգոր Ճապուրեանի: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ գերյարգելի հայր Գէորգ ծ. վ. Եղիայեան եւ հայր Վարդան վ. Գազանճեան:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու հայութիւնը յուզող որոշ հարցեր, ինչպէս սուրիահայութեան տագնապը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, Միջին Արեւելքի քաղաքական զարգացումները: Վարդան Օսկանեան, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ է, անդրադարձաւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւններուն:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ, Վատիկանի եւ յատկապէս Սրբազան Քահանայապետի դերակատարութեան Հայոց Եղեռնի 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման եւ մանաւանդ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մէջ: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վստահեցուց, թէ Սրբազան Քահանայապետը բարեկամ է հայ ժողովուրդին եւ հաւանական նկատեց Անոր այցը Հայաստան :
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Վարդան Օսկանեանի «Անաւարտ Տասնամեակը» գիրքին: Իր կարգին Օսկանեան հպարտութեամբ ըսաւ, որ ինք հասակ առած է Հալէպի Մխիթարեաններու դպրոցին մէջ անոնց սան ըլլալով: Հանդիպումի աւարտին Վարդան Օսկանեան գոհունակութիւնը յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ հրաժեշտ տուաւ կրկին հանդիպելու յոյսով: