Վատիկան
«Anglicanorum coetibus» Առաքելական նոր Սահմանադրութիւնը լոյս տեսաւ 11 նոյեմբեր 2009-ին: Հաւատքի քահանայապետական ժողովի նախագահ՝ կարդինալ Լեւատա նախապէս յայտարարեց թէ այս նոր Սահմանադրութիւնը կը համապատասխանէ այն բազմաթիւ առաջադրանքներուն, որ ներկայացուեցան սուրբ Աթոռ, աշխարհատարած անկլիգան զանազան հաւատացեալներու եւ քահանայական հասարակութիւններու կողմէ, միանալու համար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ: Կարդինալ Լեւատա յայտնեց թէ այս սահմանադրութիւնը կը նախատեսէ կանոնական կառոյց մը, իրագործելու համար այս համագործակցական միութիւնը եւ արտօնելու անկլիգան հասարակութիւններուն մաս կազմել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, սակայն միշտ պահելով իրենց հոգեւոր եւ ծիսական իւրայատկութիւնները: Կարդինալ Լեւատա ընդգծեց թէ այս Առաքելական Սահմանադրութիւնը նոր առիթ կը հանդիսանայ տարածելու համար համայն քրիստոնեաներու միասնականութեան պատգամը, որովհետեւ ան կը ճանչնայ մեր բաժնած հաւատքի արտայայտութեան օրինական տարբեր ձեւերը: «Այս սահմանադրութեան հաստատումը ներդաշնակ կերպով կը համակերպի միջ-եկեղեցական երկխօսութեան գործընթացքին հետ, որ կը մնայ առաջնահերթութիւն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար», կը շեշտէ կարդինալը:
Այս սահմանադրութիւնը հրատարակուեցաւ Վատիկանի կողմէ միայն անգլերէն եւ իտալերէն լեզուներով: