Պէյրութ
5-7 հոկտեմբեր 2013, Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեան՝ փոխ ժողովրդապետ Զալքայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ, առաքելութեամբ մեկնեցաւ Հունգարիա, ուր սուրբ Պատարագ մատոյց կիրակի 6 հոկտեմբերին եւ 5 մկրտութիւն կատարեց Պուտափեշտի հայ կաթողիկէ Մխիթարեան կեդրոնի եկեղեցւոյ մէջ:
Ապա, Հռոմի մէջ, ան ընդունուեցաւ Պուտափեշդի առաջնորդ կարդինալ Փիթէռ Էօրտէյի կողմէ: Այս վերջինը յայտնեց իր սէրն ու մօտիկութիւնը հայ կաթողիկէ հասարակութեան, գնահատելով նաեւ Տէր Աւետիքի առաքելութիւնը Հունգարիոյ մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ իր հայրական հոգածութեան համար: Նշենք որ այս առաքելութիւնը պիտի շարունակուի պարբերական դրութեամբ։