Չորեքշաբթի, 28 Մարտ 2007 - Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կը Մերժէ Մասնակցիլ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Բացման Հանդէսին

Յայտարարութիւն

Նկատի առնելով, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ վերանորոգուած Ս. Խաչ եկեղեցին պիտի վերածուի թանգարանի եւ պիտի չշարունակէ գործել իբրեւ եկեղեցի՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան հոգեւոր իշխանութեան տակ, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով թէ Թուրքիան տակաւին կ’ուրանայ Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը, Ամենապատիւ  Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կը մերժէ մասնակցիլ կամ ուղարկել ոեւէ ներկայացուցիչ 29 Մարտ, 2007-ի տեղի ունենալիք Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ բացման պաշտօնական հանդիսութեան:

28 Մարտ, 2007

Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ