Երկուշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2006 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը


2 Հոկտեմբեր 2006, կէսօրէն առաջ, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց Ս.Դ. Հնչակեան կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութիւնը որուն մաս կը կազմէին վարչութեան Ատենապետ Պր. Սեդրակ Աճեմեան, լիբանանեան խորհրդարանի անդամ Դոկտ. Եղիա Ճէրէճեան եւ կուսակցութեան լիբանանի վարիչ Ատենապետ Պր. Յովհաննէս Ուղուրլեան: Հանդիպումին ներկայ եղան պետական երեսփոխան Մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան եւ ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան:

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս սփիւռքահայութեան եւ մասնաւորաբար լիբանանահայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ զանոնք յաղթահարելու պայմանները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերը՝ Հայաստան-Սփիւռք Գ. Խորհրդաժողովի արդիւնքներու լոյսին տակ: Շեշտուեցաւ լիբանանահայութեան համահայկական զօրակցութիւն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս կապակցութեամբ, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը շեշտեց միացեալ ճիգերով գործելու եւ միասնաբար հանդէս գալու կարեւորութիւնը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ