Պուրճ Համմուտ
«Հովուական առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ» նիւթով, Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2012-ին, Զմմառու Վերափոխման վանքին կից գտնուող կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր սեմինար, մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր խումբի ներկայացուց Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանի եւ Ռաֆայէլ սրկ. Ժաուհարժիի:
Առաւօտեան ժամը 9:30-ին, սեմինարին բացման խօսքը աշակերտական խորհուրդին անունով արտասանեց Ռիթա Ումուտեան, որ նշեց, թէ սեմինարը իր տեսակով եւ բնոյթով իւրայատուկ է եւ լաւագոյն առիթն է միասնաբար քննարկելու հոգեւոր հարցեր եւ եկեղեցւոյ հետ առնչուած խնդիրներ: Ումուտեան ըսաւ. «Մենք ունինք աշակերտութիւնը եկեղեցւոյ կապելու մարտահրաւէր: Ներկայիս երիտասարդները օրըստօրէ կը հեռանան եկեղեցիէն, հոգեւոր ու ազգային արժէքներէն, եւ մենք, այս բոլորը սրբագրելու համար մեծ պարտականութիւն ունինք»:
Իր կարգին, խօսք առաւ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, որ նշեց թէ վարժարանին մէջ հովուական աշխատանքը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային երեք բնագաւառ` աշակերտ, ուսուցիչ եւ ծնողք: Հայր Կարապետեան ըսաւ. «Եկեղեցին պէտք չէ նպատակ ըլլայ դաստիարակչական ծրագիրին մէջ, այլ` մասնակցող: Այդ մասնակցութիւնը պիտի իրականանայ հոգեւոր խումբին ճամբով, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ առողջ սկզբունքներու վրայ` բարելաւելու աշակերտութեան հոգեւոր, եկեղեցական ու կրօնական դաստիարակութիւն»:
Ապա աշակերտները բաժնուեցան խումբերու` քննութեան առարկայ դարձնելու վարժարանի հոգեւոր մթնոլորտը, առկայ խնդիրները, բարելաւելու կարելիութիւնները եւ ծրագիրները: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ` հոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Կէսօրուան ճաշէն ետք, իւրաքանչիւր խումբ կատարեց իր ներկայացումը եւ փոխանցեց առաջարկները: Աշակերտները խօսեցան արդիական միջոցները օգտագործելու եղանակին, աշխարահաբար պատարագ մատուցելու կարելիութեան, սուրբ Աւետարանի ընթերցման պահի յատկացման, կրօնի դասապահերու վերարժեւորման եւ աշակերտական հոգեւոր կեանք ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին:
Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան հաստատեց, որ հոգեւոր խումբը բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ իրականացնելու նպատակները: Իսկ պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ ներկայ աշակերտները այսօրուան երիտասարդութեան ապառողջ հոգեւոր մթնոլորտին պատճառները չեն, սակայն անոնք լուծումներուն մասնակից պէտք է դառնան, այլապէս` իրենք ալ թերացած կ՚ըլլան: Պրն. Տէմիրճեան յայտնեց, որ երիտասարդը փոփոխութիւն յառաջացնելու կամքը պէտք է ունենայ, որ պէտք է արմապնդուի ազգային ու հոգեւոր ամուր հաւատքով:
Սեմինարի աւարտին, մասնակիցները մօտէն ծանօթացան Զմմառու Վերափոխման վանքին: Միօրեայ հաւաքին ներկայ գտնուած աշակերտները հոգեպարար մթնոլորտի մէջ վերադարձան, այն յոյսով, որ այս մթնոլորտը բազմատեսակ աշխատանքներով կը դարձնեն աշակերտութեան սեփականութիւնը:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ