Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2011 - Մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի եզրափակիչ հանդիսութիւնը, Պէյրութ


Պէյրութ

Օրհնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, 27 մայիս, 2011-ին հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի գլխաւոր հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակի եզրափակման պաշտօնական հանդիսութիւնը` մասնակացութեամբ հայ կաթողիկէ վարժարաններու աւելի քան 45 ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու:
Խանդավառ եւ ներշնչող մթնոլորտի մը մէջ` կազմակերպիչ մարմնին կողմէ Գրիգոր Նարեկացիի անուան պատուանշան շնորհուեցաւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի դասախօս Դոկտ. Փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեանին, որ հանդիսացաւ միամսեակի վարիչ հիմնական ուժը, եւ որ այս աշխատանքը կատարելու համար յատուկ հրաւիրուած էր Պէյրութ` գործակցաբար Հայաստանի կրթական նախարարութեան:
Պատուանշանը յանձնուեցաւ ձեռամբ արհի. հայր Վարդան եպս. Աշգարեանի եւ հայր Վարդան վարդապետ Գազանճեանի: Վարդան վարդապետ իր խօսքին մէջ մեծապէս դրուատեց դոկտ. Կիւլամիրեանի աշխատանքը եւ Հոգեւոր տիրոջ անունով վստահեցուց, որ անիկա պիտի շարունակուի` ի խնդիր հայ կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ կրթական գործի զարգացման: Իր հերթին, դոկտ. Կիւլամիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած գնահատանքին համար եւ վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը` կանգնած մնալու հայ ուսուցիչի կողքին:
Նախքան այդ, հանդիսութեան բացումին խօսք առաւ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակի վարիչ Վարդան Թաշճեան: Ան հաստատեց, որ միամսեակի աշխատանքները կարելի պիտի չըլլար արդիւնաւորել, եթէ չըլլար ուսուցիչներուն համագործակցութիւնը` յատկապէս կազմաւորման սեմինարներու նախապատրաստութեան մէջ: Ան գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակը յաջողեցաւ իրականացնել միամսեակի ծիրին մէջ իր առաջադրած բոլոր նպատակները:
Այս առիթով, Վարդան Թաշճեան ընթերցեց սեմինարներուն մասնակցած բոլոր ուսուցիչներուն անունները, որոնց յանձնուեցան վկայագրեր` ձեռամբ հայ Վարդան վարդապետ Գազանճեանի: Շնորհակալագրեր յանձնուեցան մանկավարժական կազմաւորումի միամսեակին աջակցած հայ կաթողիկէ չորս վարժարաններուն` Մեսրոպեան, Հարպոյեան, Սրբոց Հռիփսիմեանց եւ Սրբուհի Ագնէս, որոնց տնօրէնները ներկայ եղան հանդիսութեան:
Յիշեցնենք, որ ապրիլ 29-էն մայիս 27 երկարած ժամանակամիջոցին, դոկտ. Կիւլամիրեան դասալսումներ իրականացուց հայ կաթողիկէ 4 վարժարաններու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններու հայերէնի պահերուն ընթացքին, վարեց 4 օրերու վրայ երկարած սեմինարներ` հայերէնի ուսուցման մեթոտի եւ մանկավարժական հմտութիւններու մասին, ներկայացուց դասախօսութիւններ` ուսուցիչներու եւ ծնողներու, Ազդակ օրաթերթի կազմակերպութեամբ հանդէս եկաւ հանրային դասախօսութեամբ` Հայաստան-սփիւռք կրթական առընչութիւններուն մասին, Հայկազեան համալսարանին կողմէ հրաւիրուեցաւ մտաւորականութեան հետ հանդիպումի` խօսելու համար հումանիստական մանկավարժութեան սկզբունքներուն մասին, Ռատիօ Սեւանէն ներկայացուց 4 մասէ բաղկացած ռատիօ-լսարան` ուղղուած հայ ծնողներուն, ելոյթ ունեցաւ Զմմառու վանքին մէջ` Հայ Ընտանիքի օրուան առիթով, հանդիպեցաւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամներու հետ, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ ուսուցիչներու հետ, շնորհեց մամլոյ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ մամուլին մէջ հրապարակեց յօդուածներու շարք` մանուկներու հոգեբանութեան եւ մանկավարժական գիտելիքներու մասին:
Այս աշխատանքներուն կազմակերպումը իրականացուց Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենակը` հայ կաթողիկէ վարժարաններուն գործակցութեամբ: Լիբանանահայ, սփիւռքահայ  եւ հայաստանեան մամուլը այս գործունէութեանց անդրադարձաւ լայնօրէն` բացառապէս դրական գնահատականներով:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ