Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2007 - Յարութ Սասունեան Այցելեց Մխիթարեան Վարժարանը եւ Զմմառու Վանքը

Լիբանան

Չորեքշաբթի, 4 Ապրիլ 2007-ին , առաւօտեան ժամը 10:00ին, Միացեալ Հայկական Հիմնադրամի նախագահ եւ «Լինսի» հիմնարկի փոխ-նախագահ՝ Տիար Յարութ Սասունեան այցելեց Մխիթարեան դպրոցը, որուն դրօշազարդ դարպասին առջեւ ընդունուեցաւ վարժարանի տնօրէն Գերպտ. Հայր՝ Յովսէփ Թոփալեանի, հոգեւոր վարիչին՝ Գերպտ. Հայր. Մեսրոպ Թոփալեանի, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան կողմէ: Ներկայ էին Արհի. Հայր Վարդան եպս.Աշգարեան, Հազմիէի քաղաքապետ՝ Տիար Ժան Ասմար եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ տիկին Սիլվա Թընկրեան-Տըայպիս եւ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ վարժարաններուն տնօրէն-տնօրէնուհիները:

Ապա տնօրէն վարդապետը կարդաց իր շնորհակալութեան ուղերձը Մխիթարեանցիներու կողմէ ուղուած նաեւ ազգային մեծ բարերար տիար Քըրք Քըրքորեանին:

Տնօրէն վարդապետի ելոյթին յաջորդեց քողազերծումը մարմարաշէն յուշատախտակին, որ զետեղուած է դահլիճին դրան վերեւ:

Ցնծալից ծափողջոյններու տակ Յ. Սասունեան քողազերծեց ձօնաքարը: Ապա մեծայարգ հիւրը, ակնբաց յուզումնախառն հրճուանքով արտահոսեց իր սրտին խօսքերը սիրոյ ու շնորհակալութեան այս ցուցաբերուած յարգանքին ու զետեղուած յուշաձօնին համար:

Ապա հիւրը մեկնեցաւ դէպի Զմմառու վանք: Անոր դիմաւորեցին   Մեծաւոր՝  Հայր՝ Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան, որուն կ’ընկերակցէին վանքի վարչական հայրերը եւ «Մասիս»ի պատասխանատու խմբա•իր՝ Սարգիս Նաճարեան:

Յ. Սասունեան ծանօթացաւ վանքի զանազան բաժանմունքներուն եւ իր հիացումը յայտնեց դարերու վրայ երկարող անոր պատմական առաքելութեան համար:

Այնուհետեւ, ի պատիւ Յ. Սասունեանի սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ ագապ, որուն ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի նախկին պատրիարք Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.,  Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. Վարդան եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ լիբանանաբնակ Զմմառեան միաբանութեան հայրեր:

Զմմառու վանքի Մեծաւոր Հայր Գէորգ Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան Սասունեանին նուիրեց Զմմառու տիրամօր սրբապատկերը եւ յուշանուէր մը:

5 ժամ տեւած այցելութենէն ետք Յ. Սասունեան Զմմառու վանքէն մեկնեցաւ խանդավառուած: Ան նշեց, որ Ամերիկա վերադարձին միշտ պիտի յիշէ Զմմառու վանքին մէջ իր ապրած պահերը:

 

 

 

 

 

 

 

 



 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ