Պէյրութ, Լիբանան
Չորեքշաբթի, 14 յուլիս 2010, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Ասորի Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Լիբանանի, Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զիլանտայի մեթրպոլիթ Մելիս Զիա եպիսկոպոսին։
Զիա եպիսկոպոսը ակնարկեց Ասորի փոքրաթիւ համայնքին մասին Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի մէջ։ Ան վկայեց Իրաքի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ողբերգական իրավիճակին մասին վերջին ժամանակաշրջանին. ինչպէս նաեւ անոնց տեղահանումը դէպի աւելի ապահով շրջաններ եւ մեծ թիւով գաղթը դէպի հարեւան երկիրներ եւ Արեւմուտք։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու համար յատուկ սիւնհոդոսին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր ամսոյն, Հռոմի մէջ։ Այս գծով ան յոյս յայտնեց, որ արեւելեան եկեղեցիները համերաշխութեամբ համագործակցին, աղօթելով եկեղեցիներու միութեան համար։