Հռոմ, Իտալիա
Ամէն տարի Վատիկանի ձայնասփիւռը, Ս. Հրեշտակապետերու՝ տօնին, յատուկ կերպով կը յիշէ իր պաշտպան Սուրբը՝ Ս. Գաբրիէլը եւ կը պարգեւատրէ արժանաւոր պաշտօնեաներ իրենց կատարած գործին համար:
Այս տարի տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Հռոմի Santa Maria di Galeria անուան հեռարձակման կեդրոնը՝ որուն հիմնադրման յիսնամեայ յոբելեանը կը նշուի այս տարի:
Հինգշաբթի 27 Սեպտեմբեր 2007-ին ժամը 9.30-ին սկիզբ առաւ Ս. Պատարագը զոր մատոյց եւ քարոզեց Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտ. Թարչիզիօ Պէրթօնէն:
Պատարագէն առաջ Րատիովատիկանի ընդհ. տնօրէնը Յիսուսեան հայր Ֆէտէրիքօ Լօմպարտի ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կարտինալին նշելով՝ օրուան տօնին կարեւորութիւնը:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւնը: Այս տարի հաղորդումներու բաժինէն պարգեւատրուեցան Րատիովատիկանի հայկական բաժնի պատասխանատու՝ Տ. Միքայէլ սրկ. Ժանժէն եւ Ֆրանսական բաժնի լրագրողներէն տիկ. Իրէնէ Րօզաթի:
Այս առթիւ, Հ. Ֆէտէրիքօ Լօմպարտի, հրաւիրելով պարգեւատրուողները նշեց անոնց արժանիքները եւ վեր առաւ Տիար Միքայէլ Ժանժէի նուիրական աշխատանքը եւ ըսաւ.
«Տարիներէ ի վեր, մեր բոլորին համար, Վատիկանի ձայնասփիւռի մէջ Michel Jeangey-ն, իր հայկական բաժնին հետ միասին, գեղեցիկ ներկայութիւնն է հայ ժողովուրդին ու անոր հարուստ ու հմայիչ մշակոյթին՝ լուսակամար խորհուրդով եւ տառապալի փոռձառութիւններով...»:
Դիւրին չէ ամէն օր հայերէն լուրեր հաղորդել մտածելով՝ ձայնասփիւռի ունկնդիրներուն ու համացանցի կայքէջը որոնող հայերուն ոչ միայն Արարատ Լերան վրայ այլեւ սփիւռքի տարածքին ԳալիՖորնիայէն Պրազիլ եւ Աւստրալիա…
Միշէլ Ժանժէյ գիտէ այս ակնկալութիւնները եւ համբերութեամբ կը մշակէ կապերը, որոնք միացած կը պահեն ժողովուրդ մը եւ հիանալի կերպով ողջ կը պահեն անոր մշակոյթը եթէ մտաբերենք անոնց ապրած տառապալիր եղելութիւնները...
Ապա Կարտինալ Թարչիզիօ Պէրթօնէ անոր յանձնեց Ս. Սեղբեսդրոս Պապի շքանշանը, որով ան արժանացաւ Ասպետական հրամանատարի կոչման:
Հայ Կաթղիկէ Պատրիարքարանի կայքէջի պատրիարքական յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Տէր Միքայէլ Սրկ. Ժանժէյի պարգեւատրումը:
www.comunitaarmena.it
http://www.radiovaticana.org/arm/index.asp