Շաբաթ, 1 Յուլիս 2006, երեկոյան ժամը 6-ին, Տէր Կարապետ սարկաւագ Թադէոսեան քահանայ ձեռնադրուեցաւ Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Գիւտ Նշխարաց սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչի տօնին առիթով:
Տէր Կարապետ սարկաւագ Թադէոսեան ծնած է 1958-ին Պուրճ Համուտ. Ամուսնացած է Սիլվա Մկրտիչեանի հետ 1983-ին եւ ունի 3 զաւակներ, 2 աղջիկ, 1 մանչ. Աւարտած է Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան դասընթաձքները Քասլիք եւ Անտոնեան համալսարաններէն.