Պէյրութ
«… Հակառակ անոր որ հիմնականին մէջ մահմետական է՝ արաբական աշխարհը միշտ գնահատած է հայերը որպէս եղբայրներ եւ անոնց համար անվտանգ կեցութիւն ապահովել։ Հայերն ալ իրենց հերթին դարեր շարունակ արաբական աշխարհը նկատած են իրենց ազգային ինքնութեան պահպանութեան համար ամենայարմար վայրը եւ ի պատասխան՝ մեծապէս նպաստած են իրենց երկիրներու շէնացումին՝ յաջողութեամբ ներգրաւուելով առեւտուրի, արհեստներու եւ այլ բնագաւառներու մէջ»։
Հայերու մասին այս գնահատականը հնչեցուցած է Շարժայի կառավարիչ շէյխ Սուլթան Պըն Մոհամէտ Ալ Քասիմիի ներկայացուցիչ Տիար Համիտ Ճաֆար, Հոկտեմբերի 19-ին, Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ, Հաղարծնի վերանորոգուած վանական համալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին։ Վանական համալիրին հիմնանորոգումը կատարուած է Շարժայի կառավարիչին սրտաբուխ բարերարութեամբ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած արարողութեան ներկայ գտնուած են Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեան, Ա.Մ.Էմիրութիւններու մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ հիւրեր, որոնց շարքին՝ տիար Վարուժ Ներկիզեան , Գերյարգելի Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան եւ Տիար Կրէկուար Գալուստ։
Համալիրի բացման առիթով արտասանած խօսքին մէջ, տիար Ճաֆարի յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է տիար Վարուժ Ներկիզեանին՝ Հաղարծնի վանական համալիրի հիմնանորոգման գործին իր ներդրած ջանքերուն համար։ Այնուհետեւ, առ ի գնահատանք Վարուժ Ներկիզեանի եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն, ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը զինք պարգեւատրած են յատուկ շքանշաններով։
Համալիրի բացման արարողութեան աւարտին, վանական համալիրին մէջ շրջայց կատարելէ ետք, Շէյխ Սուլթան Պըն Մոհամէտ Ալ Քասիմիի ներկայացուցիչը եւ բազմաթիւ հիւրեր այցելած են Ծիծեռնակաբերդ՝ իրենց յարգանքը մատուցանելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին։ Այս առթիւ, նախ հայերէնով, ապա նաեւ արաբերէնով հոգեհանգստեան աղօթք կատարելէ ետք, Գերյարգելի Հ. Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան անդրադարձած է 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յաւերժութեան։