Երկուշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2006 - Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսին բացման խօսք
Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր եւ պատուարժան հրաւիրեալներ:
Հայցելէ ետք մեր վրայ Սուրբ Հոգիին եօթնարփեան աստուածային շնորհքները, Ձեզ կ’ողջունեմ եղբայրական սիրով եւ բաց կր հռչակեմ այս տարուայ երկրորդ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսը:
Մարտ ամսոյն՝ եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոս գումարեցինք Հռոմ Առ Սեամս Առաքելոց Նորին Սրբութիւն Բենեդիկտոս ԺԶ.ի այցելութեան առիթով: Իր անդրանիկ ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը խօսեցաւ հնամենի եւ վսեմ Հայ Եկեղեցւոյ մասին եւ դրուատեց անոր հոգեւոր հարստութիւնները, որ կը ճոխացնեն Քրիստոսի Հարսին գեղեցկութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ժողովուրդին կառչածութիւնը Ս. Պետրոսի Աթոռին, երբեմն նահատակութեան գինով, որուն համար Սրբազան Պապը արտայայտեց իր խորին երախտագիտութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Հայ ժողովուրդին դարերու ընթացքին կրած չարչարանքներուն մասին քրիստոնեայ հաւատքին համար, մանաւանդ Մեծ Եղեռնի օրով, եւ Լեւոն ԺԳ. ու Բենեդիկտոս ԺԵ. Սրբ. Քահանայապետներուն վճռական միջամտութիւնները Հայ ժողովուրդին ի նպաստ: Սրբ. Քահանայապետը, նկատելով վերջին տասնամեակներուն ընթացքին սիրալիր ու արդիւնաբեր երկխօսութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի զաւակներուն միջեւ, կը քաջալերէ վերագտնուած եղբայրութիւնը ու համագործակցութիւնը, եւ կը մաղթէ որ ծագին նոր նախաձեռնութիւններ նպաստելու համար կատարեալ միութեան:
Հռոմ գտնուած ժամանակ, առիթէն օգտուեցայ ընկերակցութեամբ Արհի. Արհի. Գարաքէհէեան եւ Պօղոսեան Գերապայծառներուն այցելելութիւն տալու համար Սալեզիան Միաբանութեան թէ Ընդհանուր Մեծաւորին եւ թէ Միջին Արեւելքի ու Պարսկաստանի շրջանի մեծաւորին: Յարգալիր ընդունելութիւն վերապահեցին մեզի եւ ցցուցին համագործակցութեան փափաք: Նշմարեցինք իրենց մօտ լայն հասկացողութիւն եւ առաքելական նախանձնախնդրութիւն:
Oeuvre d'Orient՝ ֆրանսական բարեսիրական կազմակերպութիւնը, կատարեց այս տարի իր հիմնադրութեան 150ամեակը: Այս առիթով, հրաւիրուած էին Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն բոլոր Պատրիարքները, Եպիսկոպոսները եւ բազմաթիւ կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, Մայիս 15էն 20, մասնակցելու համար մէկ շաբթուայ հանդիսութիւններուն: Մեր Եկեղեցիէն ներկայ էին 7 հոգի: Երախտագիտութեան նամակ յղեցի Oeuvre d'Orient հաստատութեան մեզի նպաստած անթիւ եւ յարատեւ օգնութիւններուն համար:
Փարիզ՝ մեր Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առիթ ունեցայ Հայրապետական Ս. Պատարագ մատուցանելու ու հայրական խօսքս ուղղելու փարիզահայ հաւատացեալներուն: Ս. Պատարագին կը մասնակցէին Արհի. Արհի. Կապրոյեան, Գարաքէհէեան, Առնաութեան, Գրիգոր Օգոստինոս Գուսան Եպիսկոպոսները, Գերապայծառ Գէորգ Թ.Ծ.վրդ. Եղիայեան, Գերյ. Յովսէփ Ծ.վրդ. Քէլէկեան եւ աշխարհականներու հոծ բազմութիւն մը: Մասնակցեցայ նաեւ ֆրանսահայ տարեկան Լուրտի ուխտակնացութեան եւ շնորհք համարեցի Ս. Պատարագ մատուցանել Լուրտի Սրբավայրին եւ Քարայրին մէջ: Հրաւիրուեցայ նմանապէս նախագահելու ջահերով կատարուած Ս. Վարդարանի ինչպէս նաեւ Ս. Հաղորդութեան զոյգ թափօրներուն: Վերջապէս, ուխտագնացութիւնը վերջ գտաւ ճանապարհ Խաչիի հոգեպարար աղօթքներով:
Ուրախութիւնը ունիմ ձեզի աւետելու որ 2006 տարեշրջանը 5 քահանայական ձեռնադրութիւններ արձանագրեց: Յուլիս 1ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Գիւտ Նշխարաց տօնին օրը, Կարապետ Սարկ. Թադէոսեան ստացաւ քահանայութեան կարգը Պուրճ Համուտ: Յուլիս 22ին, Յիսուսեան միաբան՝ վրացահայ Յովսէփ Սարկ. Մելիքսեթեան, Օգոստոս 12ին, Սալեզիան միաբան՝ վրացահայ Սեդրաք Սարկ. Խիթարեան եւ Օգոստոս 25ին, Սալեզիան միաբան՝ պարսկահայ Ժան Գլօտ Սարկ. Պաղրամեան ընդունեցան քահանայական կարգը: Իսկ հինգերորդ ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցաւ Հալէպ, Օգոստոս 20ին, Մանուէլ Սարկ. Գրիգորեանի: Յոյսով եմ որ հայածին կրօնաւորները իրենց հովուական առաքելութիւնը կարենան կատարել մեր հաւատացեալներուն ի նպաստ:
Արցախի Նախագահ՝ Արկադի Ղուկասեանի հրաւէրին ընդառաջելով, Յուլիս 7ին ճամբորդութիւն կատարեցի Արցախ եւ Հայաստան, առաւելաբար գլխաւորելու հանդիսաւոր բացումը Ստեփանակերտին մէջ, Շուշիի մշակոյթի նուիրուած ցուցահանդէսի եւ Գիտաժողովի: ինչպէս նաեւ Ռոպէռ Պօղոսեան եւ Որդիք անուան թանգարանի հիմնադրութեան Յուշատախտակի տեղադրումին Շուշիի մէջ: Ճամբորդութեանս կ’ուղեկցէին ինծի Հայաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Առաջնորդ՝ Արհի. Նշան Արքեպ. Գարաքէհէեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն, Լիբանանէն ու Սուրիայէն պատուիրակութիւն մը: Պաշտօնական հիւր իջանք Ղարաբաղի պետութեան: Հանդիպումներ ունեցանք յատուկէն քաղաքական բարձրագոյն անձնաւորութիւններուն հետ՝ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, վարչապետ Անուշաւան Դանիէլեան եւ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեան: Առիթ ունեցանք նաեւ այցելելու Գանձասար պատմական եկեղեցին: Դժբախտաբար, չկրցայ Ս. Պատարագ մատուցանել Կաթողիկէ Ղարաբաղցիներուն սրտիս անհանգստութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ չկարողացայ այցելութիւն տալ Վեհափառ Գարեհին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողոկոսին եւ Նախագահ Ռոպէրդ Քոչարեանին ու Ծաղկաձորի ճամբարի փոքրիկներուն, ուր Արհի. Նշան Գերապայծառը զիս ներկայացուց: Փա՜ռք Աստուծոյ առողջապահական վիճակս բաւականաչափ բարւոքած է:
Սիրեցեալ Սիւնհոդոսական Հայրեր,
6 Յունիս 2006 թուակիր հրաւէր նամակով, հաղորդած էի Ձեզի Սիւնհոդոսի դռնբաց եւ դռնփակ նիստերու օրակարգի նախատեսուած նիւթերը: Ինչպէս գիտէք, ամէն սիւնհոդոսական անդամ իրաւունք ունի այլ նիւթեր առաջարկելու, որոնք պէտք է ստանան ներկայ հայրերուն մէկ երրորդին հաւանութիւնը օրակարգի նիւթերու շարքին անցնելու համար:
Լիայոյս սրտով դիմենք Սուրբ Հոգիին եւ աղաչենք երկնային լոյսն ու իմաստութիւնը, մատնանշելու համար մեր համայնքին ի նպաստ առաջնահերթ կարիքները եւ որոնելու գործնական եւ աւետարանական շունչով լուծումներ: Զմմառու Տիրամօր մայրական գուրգուրանքն ու հզօր բարեխօսութիւնը կը հայցեմ բոլորիս վրայ: Բարի աշխատանք:
|