Պէյրութ
Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2011-ին, տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր երաժիշտ եւ յօրինող՝ լուսահոգի Պօղոս Ճելալեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Պէյրութի Տըպպաս հրապարակ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Թահուիթայի հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Յիշենք, որ հայ կաթողիկէ համայնքի հանրածանօթ դէմք, վաստակաւոր երաժիշտ եւ յօրինող՝ Պօղոս Ճելալեանի մահը պատահեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2011-ին:
Ան ծնած է 1927-ին` Ալեքսանտրէթ, եւ ուսումը ստացած Քարմելեան հայրերուն մօտ: 1939-ին թրքական վտանգէն փախուստ տալով հասած է Լիբանանի Թրիփոլի քաղաքը, ապա 1942-ին հաստատուած է Պէյրութ: Ան հեղինակ է դասական երաժշտութեան բազմաթիւ երկերու, որոնցմէ շատեր հրատարակուած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ: Ան երկար տարիներու վաստակ ունեցող երաժշտութեան ուսուցիչ մըն էր եւ արժանացած ֆրանսական «Շէօվալիէ տան լ՛Օրտր տեզ Ար է տէ Լեթր» շքանշանին, իսկ 1986-ին Յովհաննէս-Պօղոս Բ. սրբազան պապին կողմէ պարգեւատրուած էր «լ՛Օրտր տը Սան Սիլվեսթր» շքանշանով: