Պէյրութ
Հինգշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ «Կրօններու երկխօսութենէն հրապարակին պատասխանատուութիւնը (من حوار الأديان الى مسؤولية الميدان) խորագրով հանդիպումը, կազմակերպութեամբ «Առանց սահմանի հաւատացեալներ» խմբակին (ربّانيون بلا حدود), Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներէն՝ հոգեւոր եւ աշխարհական անձնաւորութիւններու։
Եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ գերյ. հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Եղիայեան իր խօսքին մէջ շեշտեց կրօնապետներու մեծագոյն դերին վրայ ուղղելու համար հանրային կարծիքը, եւ աւելցուց թէ անոնք Աստուծոյ պաշտպանները չեն այլ պարզ առաքեալներ են, որոնք կը քարոզեն Աստուծոյ Խօսքը։
Յոյն կաթողիկէ առաջնորդ՝ Սալիմ Պուսթրոս եպիսկոպոսը իր կարգին շեշտեց միացեալ կէտերուն վրայ, որոնք կը միացնեն իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները, ապրելու համար համակեցութեամբ եւ սիրով։
Հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցան զանազան միջամտութիւններ, որոնք կեդրոնացան երկխօսութեան եւ փոխադարձ յարգանքի պարտաւորութիւններուն շուրջ։