Երեքշաբթի, 5 Մարտ 2013 - Յիսուսի Պատանքի ուղիղ եթերով ցուցադրութիւն Ճրագալոյցի օրը՝ 30 մարտին

Վատիկան

Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետը, որպէս իր վերջին պարգեւը աշխարհին, հրաման տուած է իր հրաժարումէն առաջ, ինչպէս որ հաղորդեցին վատիկանեան աղբիւրներ, լրատուամիջոցներէն ուղիղ եթերով ցուցադրելու Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ պահուած Յիսուսի Պատանքը, Քրիստոսի Յարութեան տօնի նախօրեակին, աւագ շաբաթ օր՝ 30 մարտ 2013-ի յետմիջօրէին հանդիսաւոր արարողութեամբ։

Յիշենք, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. վաստակաւոր սրբազան քահանայապետը 2010-ին արտօնած էր հանրութեան տեսնելու դարեր շարունակ պահուած Յիսուսի պատանքը, որուն մէկ կրկնօրինակը հասաւ Լիբանան եւ զետեղուեցաւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ- Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Ըստ նոյն աղբիւրներուն, պատանքի յաջորդ ցուցադրութիւնը հանրութեան նախատեսուած է 2025-էն ետք։ 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ