Sermons Sermons
Ուրբաթ, 6 Ապրիլ 2007 - Աւագ Ուրբաթուան Հայրապետական Պատգամ

Լիբանան

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, 6 Ապրիլ 2007-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, նախագահեց  Աւագ Ուրբաթուան Պատարագը Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ , որուն ընթացքին փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.-

«Հայ՛ր, ներէ ատոնց» (Ղկ. 23,34)

Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Յիսուս, ահռելի չարչարանքներէն ետք, խաչին վրայ կը մեռնի եւ իր սրբափայլ հոգին կ‏’աւանդէ Հօրը ձեռքերուն մէջ: Կը բանայ մեզի երկնքի դռները որ գոց մնացած էին Ադամի մեղքէն ի վեր:

 Աւագ Ուրբաթ եւ Աւագ Շաբաթ օրերը խիստ ծոմապահութեան, հսկումի եւ աղօթքի նուիրական պահեր են ի յիշատակ Յիսուսի չարչարանքներուն, մահուան եւ թաղման: Ասոնք տարուան կարեւորագոյն հոգեպարար արարողութիւններն են եւ խորհրդածութեան հոգելից առիթներ՝ մեր հոգեւոր կեանքին համար: 

Ս. Գիրքին մէջ, Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի է: Բայց անոր առընթեր Աստուած ուրիշ յատկութիւն մ’ունի, որ կրնանք անուանել «Աստուծոյ տկարութիւնը», որ Ս. Գիրքը կը կոչէ. «Աստուծոյ գթառատ ողորմութիւնը» (Ղկ. 1,78): Աստուծոյ մօտ գութը այնքան ուժեղ է որ զինք տկար կը դարձնէ մեղաւոր մարդուն հանդէպ, եթէ կարելի է այսպէս արտայայտուիլ:

 Երեմեայ մարգարէն կ’ըսէ մեղաւոր ժողովուրդին մասին. «Երուսաղէմի ժողովուրդը... նենգութեան յարեցաւ եւ դառնալ չ’ուզեց» (Եր. 8,5), այսինքն չ’ուզեց դարձի գալ իր սխալ ընթացքէն: Նման պարագային, Աստուած ի՞նչ կ’ընէ: Կը գտնենք պատասխանը ուրիշ մարգարէին քով, կ’ըսէ. « ո՛վ ժողովուրդ, քեզ ին՞չպէս յանձնեմ (այսինքն թշնամիներուն ձեռքը): Իմ սիրտս կը խռովի իմ մէջս, աղիքներս կը բռնկին կարեկցութեամբ (քեզի համար)» (Ովս. 11.8): Կարծէք թէ Աստուած կ’ուզէ արդարացնել իր գութը, իր տկարութիւնը յանցաւոր ժողովուրդին հանդէպ: Ս. Գիրքը հետեւեալ տպաւորիչ պատկերն ալ կու տայ «Միթէ մայր մը իր կաթնկեր մանուկը կր՞նայ մոռնալ, այնպէս որ իր որովայնին զաւկին վրայ չի գթայ» (Ես. 49,15): Աստուած ընտրեց այս տեսակ սէրը, որ յատուկ է մօր սիրոյ եւ որ տպաւորիչ կերպով կ’արտայայտէ մօրը զգացումները, որուն համար իր զաւակը իրմէ կտոր մը կը նկատէ եւ որմէ չի կրնար բաժնուիլ առանց սրտի ծանր ճմլումի եւ կսկիծի:

 Այս բոլոր խօսքերէն յայտնի է որ Աստուծոյ տկարութեան պատճառը իր ունեցած սէրը եւ գուրգուրանքն է մեղաւոր մարդուն հանդէպ: Օրինակ մը առնենք. եթէ տեսնէք որ ձեր սիրած անձը ինքզինք կը քանդէ իր ձեռքերովը եւ չէք կրնար բան մը ընել, ի՞նչ կ’ըլլայ ձեր վիճակը: Մտածեցէք պահ մը այն ցաւագին հօր ու մօր պարագային - եւ ձեր շուրջ օրինակներ կրնաք գտնել - որ կը տեսնեն իրենց զաւակը որ ինքզինք կը փճացնէ թմրեցուցիչներով եւ չեն կրնար իրեն նոյնիսկ խօսք մը ըսել վախնալով որ զինք կորսնցնեն վերջնականապէս: Բայց մէկը կրնայ առարկել, ըսելով. Քանի Աստուած կարող է ամէն բան ընելու, ին՞չու բան մը չ’ըներ, Աստուած ի՞նչ կը սպասէ: Անշուշտ թէ Աստուած կրնայ միջամտել, բայց նովին գործով մարդուն ազատութիւնը պիտի կործանի, այսինքն եթէ միջամտէ, պիտի կործանէ մարդը: Բայց Աստուած լուռ չի մնար. ի՞նչ կ’ընէ. զանազան եւ բազմաթիւ միջոցներով եւ շարունակ կերպով Աստուած կ’ազդարարէ, կը սպառնայ եւ կը պաղատի, ինչպէս ժամանակին՝ մարգարէներուն բերնով:

 Աստուծոյ այս տկարութիւնը, կամ պիտի ըսէի տառապանքը, մեզի անծանօթ պիտի մնար եթէ չ’յայտնուէր Քրիստոսի չարչարանքներով, որ են մեծագոյն արտայայտութիւնը Աստուծոյ տկարութեան : Սուրբ Պօղոս կ’ըսէ. «Քրիստոս խաչուեցաւ Իր տկարութեան պատճառով» (Բ. Կորն. 13,4): Կարելի է հոս պահ մը կարծել թէ մեղքը յաղթական ելաւ Քրիստոսի Խաչին դիմաց, մանաւանդ որ խաւարն ալ ծածկեց երկիրը եւ լոյսը: Այ՛ո, բայց այս յաղթանակը շատ կարճ տեւեց: Արդարեւ, Սուրբ Պօղոս կը շարունակէ իր խօսքը, ըսելով. «Քրիստոս խաչուեցաւ տկարութեամբ, բայց կ’ապրի Աստուծոյ զօրութեամբ» (Բ. Կորն. 13,4): Առաքեալը կը հաստատէ թէ Քրիստոս մահուան մէջ չմնաց, մահը Անոր չյաղթեց, այլ Քրիստոս կ’ապրի, ողջ է. այ՛ո Քրիստոս ողջ է: Նոյնինքն Յիսուս հաւատացեալները կը քաջալերէ, ըսելով. «Ես եմ կեանքը, ես եմ նոյնը որ մեռայ, եւ ողջ եմ հիմա եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից» (Յայտն. 1,18): Քրիստոսի յարութեամբ, Խաչափայտը դարձաւ հաւատացեալին համար «Աստուծոյ զօրութիւն եւ Աստուծոյ իմաստութիւն» (Ա. Կորն. 1,24) եւ Աստուծոյ յաղթութիւն: Ուստի դարձաւ փառապանծ Խաչ, կենարար Խաչ եւ փրկագործ Խաչ, ինչպէս կ’երգենք Ս. Խաչի երկրպագութեան ընթացքին:

 Յիսուս յաղթեց, բայց նախ կրեց տառապանքը եւ տկարութիւնը մինչեւ վերջ: Սուրբ Պետրոս այսպէս կը նկարագրէ զայն, երբ կ’ըսէ՝ Յիսուս «Կը նախատուէր, եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր եւ սպառնալիք չէր ըներ» (Ա.Պետր. 2,23): Ուստի, Յիսուս չարագործերուն չփոխադարձեց բռնութեամբ կամ վրէժխնդրութեամբ, որովհետեւ Յիսուսին նպատակն էր մեղաւորները փրկել եւ ոչ թէ պատժել: Ինչ մխիթարական եւ նշանակալից է Ս. Գիրքին սա խօսքը. «Ես Տէրը, որ ամբարիշտին մեռնիլը չեմ ուզեր, հապա կ’ուզեմ որ ամբարիշտը իր (ապօրէն) ճամբայէն դառնայ եւ ապրի» (Եզեկ. 33,11): Այսպիսի ընթացքով, Աստուած Իր ամենակարողութիւնը կը ցուցնէ •թութեամբ եւ ներումով: Խաչի ճանապարհը •թութեան ճանապարհ դարձաւ: Գթութիւնն ալ սահման կը դնէ չարին, ըսաւ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը: Խաչի ճանապարհը եղաւ այսպէս փրկութեան ճանապարհ:

Ժողովուրդի պոռոցին՝ «Խա՛չ հանէ», Յիսուս պատասխանեց ճիչ մը արձակելով Խաչին վրայէն չմեռած. «Հայ՛ր, ներ՛է ատոնց» (Ղկ. 23,34): Սոսկալի եւ ահռելի բռնութեան դէմ, Յիսուս ներեց:

Աշխարհի վրայ չկան բառեր այնքան յուզիչ որքան այս երեք անընկճելի բառերը, որ կը յայտնաբերեն Աստուծոյ գթութիւնը՝ «Հայ՛ր, ներ՛է ատոնց»: Ոչ մէկ չարութիւն կրնայ անոնց յաղթել, ոչ իսկ մահը: Մահուան գաղափարն ալ փոխուեցաւ: Սուրբ Պօղոս կ’ըսէ. «Մահը ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ. ո՛վ մահ, ու՞ր է յաղթանակդ. ո՛վ մահ, ու՞ր է խայթոցդ» (Ա. Կորն. 15,55): Քրիստոսի չարչարանքներուն նպատակը եղաւ մարդկութեան հաշտութիւնը Աստուծոյ հետ եւ մարդիկ՝  իրարու հետ:

 Մարդոց մեծամասնութիւնը սխալ գաղափար մ’ունի Փրկագործութեան Խորհուրդին մասին: Շատեր կը կարծեն թէ դաշինք մը կնքուած է ըստ որում Յիսուս՝ իբր միջնորդ Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ, կը վճարէ Հօր Աստուծոյ Իր արիւնով մեր մեղքերուն փրկագինը, եւ Հայր Աստուածը կ’ընդունի այս հատուցումը ու մարդոց մեղքերը կը ներէ: Այս է տարածուած գաղափարը, որ շատ մարդկային է եւ մասամբ ալ շիտակ չէ: Այս տեսութիւնը նոյնպէս անընդունելի է, որովհետեւ մտածել կու տայ թէ հայր մը կը պահանջէ իր զաւկին արիւնը որպէսզի իր իրաւունքը ստանայ եւ հանդարտի: Ճշմարտութիւնը բոլորովին տարբեր է. Յիսուսին տառապանքը այնքան յարգի էր Հօր Աստուծոյ մօտ, որ Ան իր Որդիին կու տայ շատ մը եղբայրներ, զինք դասելով՝ «Անդրանիկ բազմաթիւ եղբայրներու մէջ» (Հռոմ. 8,29), ինչպէս նաեւ կը շնորհէ Անոր աստուածային փառքն եւ ուրախութիւնը եւ ամէնէն աւելի՝ մեռելներէն յարութիւնը:

 Սիրելիներս, ապաւինի՛նք Աստուծոյ անհուն գթութեան: Եկեղեցին է որ մեզի կ’աղաչէ Առաքեալին բերնով, երբ կ’ըսէ. «կ’աղաչենք ձեզի, յանուն Քրիստոսի, թոյլ տուէք որ Աստուած ձեզի հետ հաշտուի» (Բ. Կորն. 5,20): Յիսուս՝ որ այնքան չարչարուեցաւ, պատրաստ է կրկին անգամ չարչարուելու, յատուկէն քեզի համար, եթէ հարկ ըլլայ՝ քեզ փրկելու համար: Ինչ՞ու ուրեմն կ’ուզես կորսուիլ: Եթէ Աստուած քեզ չի հետաքրքրեր, գիտցած ըլլաս որ Աստուած քեզմով կը հետաքրքրուի, քեզ կը սիրէ այն աստիճան որ ղրկեց իր Միածին Որդի աշխարհ քեզ փրկելու համար:

Անգութ մի՛ ըլլար Յիսուսին հանդէպ եւ քեզի հանդէպ: Անառակ որդիին նման պատրաստէ սրտիդ մէջ այն բառերը որ պիտի ըսես հօրդ եւ յառաջ քալ՛է, որովհետեւ ան քեզի կը սպասէ, քու բոլոր մեղքերդ պիտի ներէ եւ կրկին քեզ Իր զաւակը պիտի կարգէ:

 Պատճառը որուն համար շատեր չեն ուզեր հաշտուիլ Աստուծոյ հետ այն է որ աշխարհի վրայ կան անմեղներ որոնք կը տառապին ինչպէս նաեւ կան շատ մը անարդարութիւններ: Անոնք չեն հաւատար Աստուծոյ մը որ կը թոյլատրէ անմեղներուն ցաւը եւ զայն չ’արգիլեր: Այս է անհաւատներուն տրամաբանութիւնը, որ վտանգաւոր թակարդ մըն է: Ինչպէս որ Քրիստոսի մահը մարդկութեան ամենամեծ անարդարութիւնը եղաւ, բայց միանգամայն դարձաւ անոր փրկութեան պատճառը, նոյնպէս՝ անօթութեան, անարդարութեան եւ բռնութեան միլիոնաւոր զոհերուն տառապանքը՝ այսօրուայ մարդկութեան յանցանքն է, բայց անոնք՝ մարդոց փրկութեան պատճառ կը դառնան: Եթէ ոմանք տակաւին ոտքի են եւ չեն յուսահատած, ատոնց կը պարտին, թէպէտ անգիտակցաբար, իրենց յոյսը եւ փրկութիւնը: Ոմանք կը համարեն թէ ցաւը լոկ վնաս մըն է, անարժէք է, որովհետեւ չեն հաւատար արդարներու յաւիտենական վարձատրութեան եւ չեն հաւատար Աստուծոյ արդարութեան եւ հաւատարմութեան: Ցաւին բացատրութեան դժուարութիւնը չէ որ պատճառ կը դառնայ, որ ոմանք իրենց հաւատքը կորսնցնեն, այլ՝ ընդ հակառակը, հաւատքի պակասն է, որ անհասկնալի կը դարձնէ ցաւին իմաստն ու անոր •երազանց արժէքը: Կարդացէք սուրբերուն կեանքը եւ պիտի տեսնէք, որ անոնք բնաւ չեն հեռացուցած ցաւը իրենցմէ, եւ երբեմն ալ զայն փափաքած են:

 Ինչպէս Աստուծոյ «զօրութիւնը (Իր) տկարութեան մէջ կը կատարուի» (Բ. Կորն. 12,9), նոյնպէս ալ մարդուն համար: Դուն ալ Քրիստոսին հետ խաչուած կրնաս ըլլալ, կրնաս տառապիլ ոմանց յանցանքներուն պատճառով, բայց միանգամայն դուն ալ կոչուած ես գթութեան ճանապարհը բռնելու Յիսուսին ետեւէն եւ չարին սահման դնելու: Քաջութիւնը ունեցի՛ր ըսելու Յիսուսին հետ. «Հա՛յր, ներ՛է ատոնց», եւ պիտի ունենաս բազմաթիւ արդար եղբայրներ եւ իբր վարձատութիւն՝ յաւիտենական կեանքը:

 Խաչին առջեւ ծնրադրած, մեր աղօթքը բարձրացնենք խաչուած Յիսուսին, որպէսզի սորվեցնէ մեզի ներումի եւ գթութեան ոսկեայ ճանապարհը:

 Ո՜վ Աստուածամայր, դուն որ հետեւեցար Յիսուսի՝ Խաչի ճանապարհին վրայ, դուն որ կը կոչուիս գթութեան մայրը, ներշնչէ մեզի եւ հոստեղ ներկայ բոլոր զաւակներուդ՝ այր մարդոց եւ կիներուն, երիտասարդ երիտասարդուհիներուն, ներումի ճանապարհը, որպէսզի ամէնքս դառնանք գթութեան առաքեալներ եւ Քրիստոսի, սուրբերուն ու այսօրուայ բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաներուն հետ մենք ալ բերենք մեր բաժինը մեր ընկերութեան բարօրութեան եւ փրկութեան: Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, սահման դնենք չարին, կրկնելով Յիսուսին հետ այս երեք բառերը.

«Հայ՛ր, ներ՛է ատոնց». Ամէն:         


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ