Հռոմ
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի “Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի” կեդրոնի տնօրէն Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Յուլիսի
կիսուն Հռոմ տուած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ ունեցաւ Լեւոնեան Քահանայական վարժարանի, Ռատիօ Վատիկանի հայկական ծառայութեան եւ իտալական “Ատասմֆիզմ” կրթական համակարգի Պրեշիա քաղաքի բաժանմունքի վարչութիւններու հետ եւ անոնց ներկայացուց Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող “Հայ Մանկավարժ” ուսումնագիտական եւ մանկավարժական հանդէսը:
Հանդիպումները առիթ հանդիսացան քննարկելու Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ մանկավարժական գործը յուզող հարցեր եւ ուսումնագիտական մամուլին դերակատարութիւնը` մանկավարժներու մասնագիտական կազմաւորումի ընթացքին մէջ:
“Ատասմֆիզմ” կրթական համակարգի Պրեշիա քաղաքի բաժանմունքի պատասխանատուներուն հետ Հայր Գազանճեանի հանդիպումներուն արդիւնքով` հաստատուեցան պայմանաւորուածութիւններ` “Հայ Մանկավարժ”-ի հրատարակութեան մէջ գործակցութեան վերաբերեալ: “Ատասմֆիզմ” քրիստոնէական սկզբունքներու հիման վրայ գործող կրթական կազմակերպութիւն մըն է, որուն հովանիին տակ կը գործեն աւելի քան 9000 նախադպրոցական հաստատութիւններ` Իտալիոյ ամբողջ տարածքին: Անիկա կը հրատարակէ նաեւ մանկավարժական պարբերաթերթերու շարք մը: