Շաբաթ, 17 Մարտ 2012 - Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումները Հռոմի մէջ

Հռոմ

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, որ Հռոմ կը գտնուի Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսին առթիւ (որ տեղի ունեցաւ 6-13 Մարտ 2012), հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցական ու քաղաքական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հռոմահայերու հետ։
Ուրբաթ ,16 մարտ 2012-ին, Ք. Լեւոնեան հայ դպրեվանքի իր անձնական հիւրասենեակին մէջ ընդունեց իտալացի (ծագումով Տալմացիայէն) պատմագէտ ու գրող Մարքօ Եաքովը, որ հեղինակն է՝ «La Questione D'Oriente Vista Attraverso La Tragedia Armena» (Հայոց Ողբերգութեան Ընդմէջէն Միջին Արեւելքի Հարցը) հատորին, որ կը խօսի Համիտեան ջարդերուն մասին։
Հանդիպման ընթացքին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը վեր առաւ տիար Եաքովի աշխատանքը, նաեւ հրաւիրեց զինք Լիբանան յառաջիկայ 24 ապրիլին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի նախաձեռնութիւններու ծիրէն ներս իր անձնական մասնակցութիւնը բերելու՝ տալով դասախօսութիւն մը։
Ապա Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց իտալացի նախկին երեսփոխան տիկին Սանտրա ֆէյը։ Նշենք որ Տիկին ֆէյ 1996- 2001 տարիներուն եղած է Իտալիոյ աջակողմեան Alleanza Nazionale՝ (Ազգային Դաշնակցութիւն) կուսակցութեան անդամ եւ 2000-ին Իտալիոյ Խորհրդարանին ներկայացուցած էր բանաձեւ մը, հաստատելով թէ «հայոց ցեղասպանութեան հարցը տակաւին փաստերու կարիքն ունէր ուստի պէտք էր յանձնուէր պատմաբաններուն»: Տիկին Սանտրա ֆէյ խորպէս զղջացած՝ անցեալի իր այդ կեցուածքին համար, այսօր եկած էր յատկապէս «ներողութիւն» խնդրելու, անդրադարձած ըլլալով իր մեծ սխալին։
Հոգեւոր Տիրոջ ունեցած այս հանդիպումներուն ներկայ եղան նաեւ Հռոմի հայ համայնքի Խորհուրդի փոխ նախագահ եւ Վատիկանի ձայնասփիւռի հայերէն հաղորդումներու պատասխանատու՝ Տիար Ռոպէր Աթթարեան, ինչպէս նաեւ Ք. Լեւոնեան հայ դպրեվանքի մեծաւոր հայր գերյարգելի Գէորգ ծ. վրդ. Նորատունկեան։

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ