Կիրակի, 10 Յունիս 2007ին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց Ս.Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Պատարագին, որուն ընթացքին հաւատացեալներուն փոխանցեց հետեւեալ քարոզը.
Յոյժ Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր,
Անցեալ շաբաթ, Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Համաժողով մը, ունենալով որպէս բնաբան՝ «Սիրտ Յիսուսի՝ կեանքի աղբիւր»: Այս Համաժողովին նպատակն էր խորացնել քրիստոնեայ հաւատքին հիմը, որ է՝ Քրիստոսի սէրը բոլոր մարդոց հանդէպ: Այս առիթով, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը հայրական պատգամով մը յորդորեց Համաժողովի մասնակցողները՝ առաջադրութիւնը առնելու միշտ միացած մնալու Սիրտ Յիսուսին՝ մտածումով, գործով եւ խօսքով: Այս ձեւով, կը յարէ Սրբազան Հայրը, թոյլ պիտի տաք Յիսուսին որ ձեր կեանքը բարեփոխէ եւ պիտի դառնաք ձեր միջավայրին մէջ վկաներ Իր աստուածային Սիրոյն: Սակայն, այս նպատակին հասնելու համար, պէտք է գերադասէք Քրիստոսի սէրը ամէն բանէ առաջ՝ եթէ ուզէք զայն հարազատ կերպով ուրիշներուն հաղորդել: Այսպէս պիտի կարենաք սիրել ամէն մարդ ինչպէս որ Յիսուս զայն կը սիրէ, այսինքն մինչեւ վերջ:
«Սուրբ Մարմնոյ եւ Արեան Տեառն» տօնին առիթով, կարեւոր է կրկին արթնցնել մեր մտքին մէջ հիացումը այս հրաշալի խորհուրդին հանդէպ: Այս տօնը, թէպէտ չի յիշատակեր Քրիստոսի կեանքէն դէպք մը, սակայն մեզի կը յիշեցնէ հաւատքի կարեւոր ճշմարտութիւն մը, այսինքն՝ Քրիստոսի իսկական ներկայութիւնը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, բան մը որ ոմանք կը ժխտեն:
Յովհաննէս Մանդակունի, Ե.րդ դարու մեր սուրբ Հայրապետը, նոյն հաւատքը կը հաստատէ Հայ Եկեղեցւոյ մօտ, երբ կ’ըսէ. «Ճշմարիտ հաւատքով կ’իմանանք թէ Քրիստոս ներկայ է Ս. Սեղանին վրայ, Իրեն կը մօտենանք, զինք կը տեսնենք, զինք կը շօշափենք, զինք կը համբուրենք, զինք կ’ընդունինք մեր մէջ»:
Այս կէտը կարեւոր է, որովհետեւ անով հաւատքի ներքորգութիւն կը կատարենք, որ մեզ կ’ազատէ ունակութեան տարածուած վտանգէն, որ է՝ վարժուիլ Յիսուսի ներկայութեան Ս. Հաղորդութեան մէջ եւ անոր պէտք եղած յար•անքը չ’ընծայել, այն աստիճան որ ոմանք այլեւս Անոր ներկայութիւնը չեն զ•ար, եւ կ’արժանանան այսպէսով Յովհաննէս Մկրտչին յանդիմանութեան՝ ուղղուած իր ժամանակակիցներուն. «Ձեր մէջ կայ մէկը որ դո՛ւք չէք ճանչնար», այսինքն Յիսուս ներկայ է ձեր մէջ եւ չէք անդրադառնար: Ասոր համար, սիրելիներս, պէտք է արթուն մնանք, որպէսզի այս յոյժ կարեւոր խորհուրդին դիմաց մեր յարգանքը Ս. Հաղորդութեան հանդէպ չմարի, այլ միշտ վառ մնայ:
Կը նշմարենք որ ոմանք կը մօտենան յաճախակիօրէն Ս. Հաղորդութեան: Ասիկա ինքն իր մէջ լաւ բան մըն է, բայց վարժութեան հարցը եւ յարգանքի պակասի վտանգը միշտ կը մնան: Ս. Պօղոս ծանր խօսքերով կը զգուշացնէ հաւատացեալները, որոնք պէտք եղած պատրաստութեամբ չեն մօտենար Ս. Հաղորդութեան, երբ կ’ըսէ. «Իւրաքանչիւրը թող նախ ինքզինք փորձէ եւ ապա ուտէ այս հացէն եւ ճաշակէ այս բաժակէն: Որովհետեւ ով որ անարժանաբար կ’ուտէ եւ կը խմէ՝ իր դատապարտութիւնը կը խմէ, քանի որ չի տեսներ Տիրոջ մարմինը» (Ա. Կորն. 11,28-29): Սիրելիներս, չ’ըլլա՛յ թէ առանց պէտք եղած պատրաստութեան կամ անարժանութեամբ մօտենանք Ս. Հաղորդութեան:
Միւս կողմէն, մեծ շնորհք մըն է երբ հաւատացեալը երկիւղով եւ դողալով մօտենայ Ս. Հաղորդութեան ու կարենայ կրկնել Յովհաննէս Մկրտչին զարմանքը, երբ Յիսուս իրեն գնաց. «Դու՛ն ի՞նծի կու •աս» (Մտթ. 3,14): Նշանակալից են նաեւ Ս. Պատարագին խօսքերը, որ կը լսենք քահանային բերնէն. «Ի սրբութիւն սրբոց», այսինքն՝ սրբութիւնները սուրբերուն համար, եւ երբ սարկաւագը կը ձայնէ հրաւիրելով հաւատացեալները մօտենալու Ս. Հաղորդութեան, ըսելով. «Երկիւղիւ եւ հաւատով յառաջ մատիք եւ սրբութեամբ հաղորդեցարուք» այսինքն՝ մօտեցէք երկիւղով ու հաւատքով եւ Ս. Հաղորդութիւնը ճաշակեցէք սրբութեամբ:
Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզացին, որ մեծ զգուշութեամբ կը մօտենար Ս. Հաղորդութեան, զգացուած հիացումով կ’արտայայտուէր այսպէս. «Թո՛ղ մարդկութիւնը սոսկայ, թո՛ղ արար աշխարհը դողայ, թո՛ղ երկինքը ցնծայ՝ որովհետեւ Ս. Սեղանին վրայ քահանային ձեռքին մէջ կայ Յիսուսը՝ կենդանի Աստուծոյ Որդին... Ո՜հ վսեմ խոնարհութիւն եւ ո՜հ խոնարհ վսեմութիւն, որ աշխարհի Տէրը՝ Աստուած եւ Աստուծոյ Որդին, այսքան կը խոնարհի որ կը պահուըտի կտոր մը հացի կերպարանքին ներքեւ»: Երանի թէ, սիրելիներս, մենք ալ ամէն ան•ամ մօտենանք Ս. Հաղորդութեան նման զգացումներով եւ մեծ յարգանքով:
Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին դիմաց, ոչ այնքան Աստուծոյ վեհութիւնն է որ մեզի հիացում պէտք է պատճառէ, որքան աւելի՝ Անոր բարեհաճութիւնը եւ սէրը մեզի հանդէպ: Այս է Ս. Հաղորդութեան իմաստը՝ Յիսուսին այդ սէրը որուն նմանը չկայ աշխարհի վրայ, եւ որ կը նշանակէ՝ կեանքը տալ իր բարեկամներուն համար: Ան որ կը հաղորդուի, ինքն ալ կոչուած է Քրիստոսի նման եւ Քրիստոսի ոյժով իր կեանքը տալու իր ընկերներուն համար:
Աշխարհի վրայ անմեղ մարդոց արիւնը կը թափի ամէն օր շատ մը երկիրներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Լիբանան: Մարդոց սրտին մէջ դժբախտաբար ատելութիւն կայ փոխանակ սիրոյ, արհամարհանք եւ կեղեքում՝ փոխանակ արդարութեան եւ հոգածութեան տկարին հանդէպ: Ամէնքս վկայ ենք թէ ինչ կ’անցնի կը դառնայ մեր շուրջ, եւ ընդհանրապէս ամբողջ երկրին մէջ: Այս պատճառով, Սրբազան Պապը, որ այնքան կը սիրէ Լիբանան, կը խնդրէ որ աղօթենք, որպէսզի մարդիկ գնահատեն Քրիստոսի թափած Արեան գինը՝ բոլորիս բարիքին եւ բոլորիս փրկութեան համար անխտիր: Այսօրուայ մարդիկ աւելի կարիք ունին հոգեւոր կեանքի քան դրամի եւ պատիւի, եւ սակայն քիչ ժամանակ կը տրամադրեն իրենց ներքին կեանքին համար եւ շատ կը մտահոգուին դրամին մասին: Աստուած մեզի ձրիօրէն կու տայ ամէն բան: Կու տայ սէր, կու տայ լոյս եւ յոյս, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, ուրիշներուն կարենանք տալ աստուածային այս նոյն սէրը, լոյսը եւ յոյսը, որպէսզի ամէն մարդ երջանիկ դառնայ: Այս է քրիստոնեաներու պարտականութիւնը: Այս է Ս. Հաղորդութեան նպատակը, որ կը յաւերժացնէ Յիսուսին ներկայութիւնը մարդոց մէջ:
Յիշենք նաեւ որ Ս. Հաղորդութիւնը կը ցանէ մեր մարմնին ու հոգիին մէջ յարութեան սերմը եւ ապագայ փառքը: Արդարեւ, Յիսուս կ’ըսէ. «Ով որ ուտէ իմ մարմինս եւ ճաշակէ իմ արիւնս... ես անոր յարութիւն պիտի տամ վերջին օրը» (Յովհ. 6,54): Ասիկա խոստում է Յիսուսի կողմէ:
Ս. Հաղորդութիւնը մեզի կը պարգեւէ նոյնպէս հարկաւոր կորովը դիմադրելու փորձութեան դէմ, յուսահատութեան դէմ եւ ամէն տեսակ չարի դէմ: Ս. Հաղորդութիւնն է որ կու տար ոյժը նահատակներուն դիմանալու ահռելի չարչարանքներուն, որ կը կրէին Յիսուսի սիրոյն համար: Վաղուան պէս, 1915ին, Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան եւ իր 416 նահատակակից ընկերները զինուեցան Ս. Հաղորդութեամբ եւ արիաբար ընդունեցան նահատակութիւնը: Աստուած զիրենք պարգեւատրեց արդարներու պսակով: Ուստի, թող Ս. Հաղորդութիւնը ըլլայ մեր ոյժը առօրեայ բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց:
Սուրբ Հայրերը կը նմանցնեն հաւատացեալին միութիւնը Յիսուսին հետ, Ս. Հաղորդութեան միջոցով, երկու հալած մոմերու, որ կարելի չէ այլեւս իրարմէ զանազանել կամ բաժնել: Անկէ կու գայ «քրիստոնեայ» անունին իմաստը, որ է ըլլալ նման Քրիստոսի: Ասոր համար, առաքեալը սուրբ կը կոչէ քրիստոնեաները: Կը տեսնէք, սիրելիներս, թէ ինչպէս Եկեղեցին Ս. Հաղորդութեամբ կու տայ իր զաւակներուն գերագոյն բանը՝ Յիսուսը, եւ զիրենք սուրբ կը կոչէ: Ամէնքս սրբութեան կանչուած ենք՝ ի սրբութիւն սրբոց:
Ո՜վ Յիս՛ուս, եկու՛ր մեր սրտին մէջ Ս. Հաղորդութեան միջոցով եւ մեզ սրբացո՛ւր: Թո՛ղ քու փրկարար մարմինդ ու քու սրբարար արիւնդ ըլլան մեր առօրեայ կերակուրը: Թո՛ղ այս երկնային կերակուրը կերպարանափոխէ մեր հո•ին, նաեւ մեր ամբողջ կեանքը, որպէսզի խաղաղութեան եւ սիրոյ գործիքներ ըլլանք քու ձեռքերուդ մէջ ամէն օր եւ մինչեւ մեր կեանքին վերջը. Ամէն: