Հինգշաբթի, 24 Ապրիլ 2008 - Նահատակաց Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

 

 
Պէյրութ, Լիբանան
 

Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Հինգշաբթի 24 Ապրիլ 2008ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումներու շարքին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց մատուցեց Ս. Պատարագ որմէ ետք Հայկական Ցեղասպանութեան 93-րդ ամեակի պատգամը փոխանցեց  Գերապայծառ Հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան՝ Պատրիարքական Փոխանորդ Զմմառու Միաբանութեան եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր: Նշենք, որ Ս. Պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Կաթողիկէ «Կռունկ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:

 
Գերապայծառ Մուրատեան ըսաւ, 93 տարիներ անցած են այսօր բայց տակաւին չսպիացած վէրք մը կ՛արիւնի ամէն Ապրիլ 24ին:
 


Պատգամաբեր Հայրը շեշտեց թէ հակառակ Ամերիկացի եւ Գերմանացի ականատես վկաներուն, անոնք մնացին անտարբեր թողնելով հայը այն դաժան ճակատագրին, որ ծրագրուած էր Թուրքին կողմէ երկար տարիներ առաջ:

Հայր Միքայէլ կոչ ուղղեց բոլոր ներկաներուն դուրս գալու իրենց մէջ եղած բաժանումի պայքարներէն, որոնք կը տկարացնեն հայ ժողովուրդի ոյժն ու միասնականութիւնը, ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի վերջին նախագահական ընտրութիւններու ընթացքին:

Հայր Մուրատեան իր պատգամը փակեց ըսելով, Հրանդ Տինգի սպաննութիւնը փաստ մըն է, որ Թուրքը 21-րդ դարուն տակաւին չէ փոխած իր քաղաքականութիւնը, եւ կը դաստիարակէ իր մատղաշ սերունդը նոյն ձեւով, շեշտելով թէ միայն Քրիստոսի խաչով եւ Լուսաւորչի հաւատքով է որ հայերը պիտի կրնան Թուրքին ըսել«Կանք պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

Արարողութեան ներկայ էին երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունեան,  Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահան Տէր Ղեւոնդեան, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Տոքթ. Յովիկ Թասլագեան, Հ.Կ.Մ.ի ԷշրէՖիէի վարչութեան ատենապետ՝ Գօգօ Թէրզեան,  Ազգային Ազատ Հոսանքի արտաքին յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ՝ Միշէլ Տըշատարեւեան, նախկին դեսպան Վաչէ Նիւրբէթլեան, Լիբանանի «Պօղոսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Պր.
 
 
Փաթրիք Ֆարաճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Լիբանանի Քրիստոնէական Միութեան մէջ Ապպուտ Պօղոս, Ժամհուր Վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Տիկ. Քրիսթիան Թուէյնի,  Գէորգ Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ, Ռիթա Պօյաճեան, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, աշակերտներ ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն:

Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, հաւաքուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ գտնուող Նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Ապրիլեան ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ