Ուրբաթ, 4 Մայիս 2012 - Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորական ուղերձը՝ Ընդահանրական Աբբայ Մխիթարեան միաբանութեան


Պէյրութ, 2 Մայիս 2012

Դիւան թիւ 84/12

Առ Գերապայծառ Հայր Եղիա Թ.Ծ.Վ. Քիլաղպեան
Ընդահանրական Աբբայ Մխիթարեան Միաբանութեան

Առաջնորդուած Աստուծոյ Խօսքէն, սուրբ Հոգիին ներշնչումներէն եւ Եկեղեցւոյ ցուցմունքներէն, երկար պատրաստութենէն ետք, 11-էն 15 Ապրիլին, Մխիթարեան Միաբանութիւնը հաւաքուեցաւ Ընդհանուր Ժողովով ընտրելու համար Մխիթարի յաջորդն եւ Հայ Կաթողիկէ կենսունակ վանականութեան ամրոց՝ սուրբ Ղազարի աղօթաբոյր կղզիին Վանահայրը, նոր թափով եւ վերամշակուած Սահմանադրութեամբ:
Սրտանց կը շնորհաւորենք Մխիթարեան հայրերը, որ ձեր անձին մէջ գտան քաղցրաբարոյ հայրը, որ ո՛չ միայն Միաբանութեանդ պիտի տայ լոյս եւ նոր շունչ, այլ նաեւ Հայ ազգին պիտի հաղորդէ կրօնաւորի յատուկ քրիստոնէական փորձառութիւնը՝ ի դէմ նոր աւետարանացման մարտահրաւէրին, եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիին պիտի վերընծայէ հայկական երանգով մխիթարեան մշակութասէր հոգեւորականութիւնը:
Սիրելի Աբբահայր, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ հաւաքուած Ընդհանուր Ընտրական Ժողովի արդիւնքը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոներու Սիւնոդհոսին համար, որուն ձեր մասնակցութեամբ պիտի ներդրէք կրօնաւորի աւետարանական հոգին, եւ միասին պիտի սնուցանենք հայ հաւատացեալները, առաջնորդելով զանոնք դէպի դալար դաշտեր:
Կը շնորհաւորենք նաեւ ձեր աջահիցները, աթոռակալ՝  հայր  Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեանը, Վիեննայի տեղական աբբահայր եւ ընդհանուր խորհրդական՝ Գերապայծառ հայր Պօղոս Թ.Ծ.Վ. Գոճանեանը,  հայր  Համազասպ վրդ. Քէշիշեանը՝ Ընդհ. Քարտուղար եւ վարչական, հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեանը՝ վարչական: Իսկ ընդհանուր գործակալ՝ հայր Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Սերէնեանը:
Սրտանց կը մաղթենք, որ ձեր վարչկաններուն հետ միասին շարունակէք առաջնորդել Մխիթարի որդիները աւետարանական կեանքի լուսաշող ճանապարհին վրայ ընդառաջ երկնաւոր Փեսային:
Աղօթքով եւ հայրական օրհնութեամբ՝


    † Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ