Երկուշաբթի, 23 Յունիս 2008 - Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Մասնակցեցաւ Հայր Եաագուպ Հատտատի Երանացման Արարողութեան

Պէյրութ, Լիբանան 

 
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարոը մասնակցեցաւ Հայր Եաագուպ Հատտատի Երանացման Արարողութեան որ
 
տեղի ունեցաւ Կիրակի՝  22 Յունիս 2008ին Նահատակաց հրապարակին վրայ՝ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, մեծ թիւով նախարարներու եւ երեսփոխաններու, շարք մը հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ շուրջ 150 հազար հաւատացեալներու:

Հայր Եաագուպ Հատտատ իր կեանքը նուիրած է համեստ դասակարգին եւ կարիքաւորներուն, ինչպէս նաեւ նեցուկ կանգնած բոլոր տանջուածներուն եւ իր երանացումովը միացաւ նախապէս սրբացուած Շարպել Մախլուֆի, Ռաֆքայի եւ Նաամթալլա Հարտինիի փաղանգին:

Հատտատի երանացումը նախընթաց մըն է, որ ստեղծուած է Պենետիկտոս ԺԶ. պապին կողմէ, որ փափաքած է այդ արարողութիւնը կատարել Պէյրութի մէջ, իսկ իր կողմէ իբրեւ ներկայացուցիչ գործուղած է կարտինալ Խոսէ Սարաեւա Մարթինեզը, որ մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքին ընկերակցութեամբ մատուցեց հայր Եաագուպ Հատտատի երանացման պատարագը:

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ