Չորեքշաբթի, 28 Օգոստոս 2013 - Հարզացրոյց Արեւելեան Եւրոպայի, Վրաստանի եւ Հայաստանի թեմի առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի հետ

Պէյրութ

Վերջերս Լիբանան այցելեց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ  Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Լեհաստանի ու առհասարակ Արեւելեան Եւրոպայի թեմերու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեան: Այս առիթով ան այցելեց նաեւ «Ազդակ», ուր երկար զրոյց մը կայացաւ անոր հետ:

Զմմառու պատրիարքական միաբանութենէն Ռաֆայէլ ծ. վրդ. Մինասեան 24 յունիս 2011-ին  Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան պապին յատուկ կոնդակով նշանակուեցաւ տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս Կեսարիոյ եւ առաջնորդ Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի եւ  Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց:

Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին հետ մեր հարցազրոյցը ընդգրկեց հայութիւնը յուզող ընդհանրական զանազան հարցեր` Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու առհասարակ հայ կաթողիկէ համայնքներու թուական պատկերը, իրավիճակը` Հայաստանի, Ռուսիոյ, Վրաստանի, Լեհաստանի թէ Արեւելեան  Եւրոպայի այլ հայօճախներու մէջ:  Օրինակ, Վրաստանի Ջաւախքի շրջանին մէջ շուրջ ութսուն հազար կաթողիկէ հայեր կան,  իսկ Ռուսիոյ մէջ երկու միլիոն հայեր կան, սակայն ներհայկական  կրթական առումով իրավիճակը այնքան ալ խրախուսիչ չէ… Այս առթիւ անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան  առնչուող եւ 2012-էն ի վեր հետազօտողներուն համար տրամադրելի` Վատիկանի արխիւներուն:
2012-ին  Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի քաղաքացիութեան  անձնագրեր յանձնեց  Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին եւ Վահան ծ. վրդ. Օհանեանին` բարձր գնահատելով հայր Ռաֆայէլի գործունէութիւնը եւ ընդգծելով. «Յատկապէս վերջին մէկ տարուայ ընթացքում հայր Ռաֆայէլը նոր որակ, նոր շունչ հաղորդեց ինչպէս կաթողիկէ եկեղեցու, պետութեան եւ Առաքելական եկեղեցու, այնպէս էլ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւնների զարգացմանը: Նա ազգին ու մշակոյթին նուիրուած անհատականութիւն է»:

Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին դրսեւորած կարծիքները կը բացայայտեն  անոր խոր ու ընդարձակ մտապաշարը, թէ` անոր ըմբռնումներու տեսադաշտը  սահմանափակուած չէ հայ իրականութեան առնչուող ժամանակագրական սեղմումներով: Ան խորապէս իրազեկ է հայ իրականութեան անցեալի թէ ներկայ իրավիճակի անցուդարձերուն, անոնց քաղաքական, հոգեմտաւոր թէ մշակութային ենթահողին ու դրդապատճառներուն:

Ստորեւ` Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին հետ կայացած  հարցազրոյցին հիմնական մասերը:

«ԱԶԴԱԿ».- Իբրեւ առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Լեհաստանի կաթողիկէ հայոց, խնդրեմ, մեզի հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցէք նշեալ երկիրներու հայ կաթողիկէ թեմերու իրավիճակին մասին: Ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:

ՌԱՖԱՅԷԼ ԱՐՔ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ.-   Եթէ  հարցը դպրոցական տեսանկիւնէն դիտենք, դժբախտաբար որքան որ Հայաստանի մէջ պետական դպրոցները, համալսարանները եւ գիտութիւնը յառաջդիմած են, անձնական, անհատական կամ կազմակերպութիւններու դպրոցները տկար են: Ռուսիոյ մէջ երկու միլիոն հայ կայ, բայց միօրեայ դպրոց չկայ: Անձնական  դպրոցները տկար են, եթէ նկատի ունենանք ռուսական դպրոցներու ներկայութիւնը: Կը կարծեմ, թէ ասիկա առաքելութեանս մէկ մասն է թէ՛ Ռուսիոյ, թէ՛ Վրաստանի եւ թէ՛ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ. սակայն այս երկու տարիներու ընթացքին տակաւին բաւարար ժամանակ չունեցայ այցելելու եւ կազմակերպելու բոլոր թեմերը: Սակայն կրնամ ըսել, թէ տպաւորութիւններս կը տարբերին գաղութէ գաղութ: Օրինակ, Լեհաստանի հայ գաղութին մէջ ներկայիս մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ` վերակենդանացնելու իրենց լեզուն, դպրոցը, վերադառնալու իրենց հայկական  պատկանելիութեան  ու արմատներուն, մանաւանդ որ Լեհաստանի մէջ, նախքան հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հիմնումը (Ք.Ե. 1699-ին, Ա.), 1500 թուականէն ետք  իսկ արդէն կաթողիկէ հայեր ապրած եւ ունեցած են  գրական թէ պատմական  մեծ հարստութիւն, որուն վերակենդանացումն ու պահպանումը մեզի համար հիմնական  մտահոգութիւն է: Բայց  նախ եւ առաջ պէտք է երախտագիտութեամբ նշեմ, որ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ցուցմունքներով, որպէս Հայ կաթողիկէ հոգեւորական, ամէն տեսակ դիւրութիւններ ունիմ ծառայելու Հայ եկեղեցւոյ: Կ՛ըսեմ` Հայ եկեղեցւոյ, որովհետեւ անձնապէս համոզուած եմ, որ աշխատանքը պէտք է տարուի համահայկական գիտակցութեամբ եւ ապրումով: Հետեւաբար, նախքան այս մասին խօսիլը, պարտք դրած եմ իմ վրաս այս շունչով ապրելու: Տպաւորութիւններս շատ յուզիչ են, ամէն տեղ, ըլլա՛յ Հայաստանի, Ռուսիոյ, ըլլա՛յ Արեւելեան Եւրոպայի` Վրաստանի, Ուքրանիոյ թէ Լեհաստանի մէջ, հայ ժողովուրդը ունի այնպիսի մօտեցումներ, այնպիսի խանդավառութիւն, որ երբեմն բարեկամներուս կ՛ըսեմ` «քառասուն տարիէ պատարագ կը մատուցեմ, ոչ մէկ ատեն չեմ յուզուած այնքան, որքան զիս կը յուզեն  այն հաւատացեալները, որոնք նախկին խորհրդային  երկիրներու մէջ պատարագի կու գան, ներկայ կ՛ըլլան»: Անոնց այդ բարեպաշտութիւնը, այդ արտայայտութիւնները իսկապէս յուզիչ  երեւոյթ են: Ասիկա` դեռ քրիստոնէական տեսութեան մէջ: Իսկ մշակութային առումով, նոյնքան հետաքրքրական երեւոյթ է, նոյնքան հպարտառիթ, ինչ որ ես ապրեցայ` տեսնելով հայազգի այն անձնաւորութիւնները, որոնք հասած են բարձր դիրքերու` թէ՛ կառավարական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ գիտական եւ թէ՛ նաեւ ուղղակի գրական մարզերուն մէջ, ուր անոնք մեծ հարստութիւն ունին: Եւ ասիկա մեզի համար մեծ մխիթարութիւն է, որ սակայն նաեւ մեծ հարց է, որովհետեւ անկարող ենք գոհացնելու եւ պահելու մեր այդ հարստութիւնները եւ այդ թերութեան պատճառով մենք  այդ բոլոր տարրերը անուղղակիօրէն ու ակամայ կ՛ենթարկենք ձուլումի եւ հեռաւորութեան:

«Ա.».-  Ըստ ձեզի, ո՞ւր է ասոր խոչընդոտը: Նկատի ունենալով Մխիթարեաններու գրական ներդրումը, հիմնական ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմակալէք  ձեր ծրագիրներու իրագործման ճամբուն վրայ, մարդուժի թէ նիւթական իմաստով: Որեւէ  նիւթական նպաստ կը ստանա՞ք հայկական թէ այլ կազմակերպութիւններէ:

Ռ. Ա. Մ.- Կրթական  տեսանկիւնէն, կախում ունի իւրաքանչիւր երկրի օրէնքներէն, թէ որքան իրաւասութիւն տրուած է տուեալ երկրի համայնքներուն կամ փոքրամասնութիւններուն: Երկրորդ, երբ գաղութը փոքրամասնութիւն է եւ  ձուլուած է տեղացի ժողովուրդին մէջ, որքան ալ փորձէ  բացայայտել, թէ ինք հայ է (որ ինքնին գնահատելի երեւոյթ է), այսուհանդերձ կը մնայ ենթակայ` ձուլումի եւ լեզուի հանդէպ անտարբերութեան: Եւ ասիկա կ՛ըսեմ ոչ թէ ստորագնահատելու, թերագնահատելու զանազան երկիրներու մեր գաղութներուն հոգեբանութիւնը, այլ կ՛ուզեմ մատնանշել` իբրեւ ախտաճանաչում, մտահոգութիւն  եւ այս ուղղութեամբ կեդրոնացնել եկեղեցական, հոգեւոր, պետական, կուսակցական թէ ղեկավար պատկան մարմիններու ուշադրութիւնը, թէ ի՛նչ են այն միջոցառումները, որոնք պէտք է ուսումնասիրուին եւ ներկայացուին` ընդառաջելու եւ գոհացնելու համար այդ հայ համայնքներու ազգային ինքնութեան ու գիտակցութեան փարելու խանդավառութիւնը: Մխիթարեաններուն մօտ աշխատանքը մեծ յառաջդիմութեան մէջ է: Իմ մտահոգութիւնս, երկրորդ կողմի աչքով դիտուած,  նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու հայութեան մասին է, որոնք զրկուած էին կրօնական արարողութիւններէ, հետեւաբար ներկայութիւն չէին, որպէսզի կարենայի կազմակերպել: Իսկ գործնական դժուարութիւններու իմաստով, ժամանակին կ՛ըսէին` «Խրատը մէկ դահեկան կ՛արժէ», եւ այդ մէկ դահեկանն իսկ  չկար… Հիմա մենք այդ վիճակին մէջ ենք: Կարելիութիւնները այնքան շատ են եւ պէտքերը` նոյնքան շատ, սակայն միջոցները դժբախտաբար չեն արդարացներ մեր ծրագիրներուն իրագործումը: Այսինքն, մէկ խօսքով, նիւթականի չգոյութիւնը շատ անգամ կ՛արգելակէ որոշ ծրագիրներու իրականացումը: Մարդուժ շատ կայ: Մեր դժուարութիւնը նիւթական է ու ճիշդ հոս է մեր դժուարութիւնը, երբ այդ մարդուժին մենք չենք կրնար ապահովել իրենց արժանի նիւթական վարձատրութիւնը, աշխատավարձը, մինչ այլ «ունեւոր աղբիւրներ» կու գան մեր տալիքին կրկնապատիկը հատուցելու անոնց, եւ բնական է, որ անոնք «հոն» երթան… Դժբախտաբար մենք չենք պատրաստուած այսպիսի իրողութեան մը դէմ գտնուելու: Եւ ասիկա ոչ միայն հայ կաթողիկէ, այլ կաթողիկէ ու առաքելական հայ եկեղեցիները այսօր չեն հասնիր լրացնելու այն պէտքերը, որոնց դիմաց կը գտնուինք:  Նպաստ չենք ստանար, բայց կան միջազգային բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնց հետ կը գործակցինք, ինչպէս` ՔԱՐԻԹԱՍ-ը եւ ունինք ՔԱՐԻԹԱՍ-ԱՐՄԵՆԻԱ-ն, որ այսօր երկուքուկէս միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրներ կը մշակէ Հայաստանի մէջ: Ծրագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն ծերերու, մանուկներու, կարիքաւոր որբերու եւ հաշմանդամներու հոգածութեան յատուկ կեդրոններ: Այս գծով Մխիթարեաններն ու Անարատ յղութեան հայ քոյրերն ալ կը գործակցին:

«Ա.».-  Վերջերս  շատ կը խօսուի  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Հայ եկեղեցւոյ հակադրուող աղանդներու երեւոյթին մասին: Ի՞նչ կը մտածէք այս մասին:

Ռ. Ա. Մ.-  Աղանդաւորական  շարժումները, որոնք կան Հայաստանի մէջ, մեծ մտահոգութիւն կը ներկայացնեն թէ՛ Հայ առաքելական եւ թէ՛ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն համար: Դժբախտաբար նիւթականի պակասը, որ նշեցի, «միւսները» կ՛օգտագործեն մեր այդ տկարութիւնը ու կը ներգրաւեն մեր մարդուժը` գոհացնելով անոնց նիւթական պահանջները: Զգուշութիւն հարկ է, որ մեր հաւատացեալները չիյնան այդ թակարդին մէջ: Աստուածային որեւէ բարեպաշտութեան կազմակերպութեան դէմ չեմ, բայց այն կազմակերպութիւնը, որ կ՛աշխատի Հայ եկեղեցիին դէմ, անկէ դուրս եւ անկախ, ինծի համար վտանգ մըն է: Եւ երբ կ՛ըսեմ Հայ եկեղեցի,  կը հասկնամ այն եկեղեցին, որ հաւատարիմ մնացած է ե՛ւ  Մաշտոցին, ե՛ւ  Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներուն եւ Սուրբ պատարագի ծէսին, ծոմին:

«Ա.».- Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստութեան փուլի նախօրեակին, եւ Թուրքիա ցարդ կը մերժէ ընդունիլ ու ճանչնալ իր գործած ցեղասպանութիւնը: Այս գծով հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը որեւէ քայլ նախաձեռնա՞ծ է: Փոխադարձաբար, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք վերջերս տուած իր մէկ մամլոյ ասուլիսով պատրաստակամութիւն յայտնեց  Հռոմի պապէն խնդրելու, որ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները սուրբ հռչակէ:

Ռ.  Ա. Մ.- Լրիւ համաձայն եմ, սակայն նախ եւ առաջ մե՛նք պէտք է սուրբ հռչակենք մեր նահատակները: Թուրքիոյ գծով, անցած ենք Ճանաչումի այդ հանգրուանը: Մենք պէտք չունինք Թուրքիոյ ընդունելուն կամ չընդունելուն, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն է եւ իր ընդունիլը կամ չընդունիլը` երկրորդական: Ինչ որ էական է, իրաւունքի հարցն է, կու տայ կամ կը մերժէ:
Իսկ 100-ամեակի նախապատրաստութեան գծով, ընդհանուր առմամբ, աշխատանք շատ կայ, բայց անձնապէս ես ցանկութիւն մը ունիմ, որ կարողանամ տեսնել համահայկական, ոչ որպէս համայնքային, որպէս հայ եկեղեցի, որպէս հայ ժողովուրդ ու որպէս հայ պետութիւն, ինքնագիտակից ու յանձնառու  իր կոչումին, գիտակից իր իրաւունքներուն, կարողանայ մէկ խօսքով ու մէկ տեսլականով ներկայանալ  համայն աշխարհին, որովհետեւ ինծի համար այն մարմինը, որ ունի աւելի քան մէկ գլուխ, հրէշ է:

«Ա.».-  Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գծով, կրօնական փոքրամասնութեանց վիճակի բարելաւումն ու բռնագրաւուած եկեղեցապատկան գոյքերու եւ կալուածներու վերադարձը պահանջող եւրոպական նախապայմաններուն տեղի տալով, Թուրքիա օգոստոս 2011-ին հրապարակեց օրէնք մը` ընդունելով վերադարձնել բռնագրաւեալ գոյքերն ու կալուածները: Այս առնչութեամբ ցարդ որեւէ եկեղեցական կալուած վերադարձուեցա՞ւ  հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ:  

Ռ. Ա. Մ.- Ո՛չ. ատիկա ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: Եւ հոս կ՛ուզեմ նշել որպէս ազդարարութիւն միւս իրականութիւններուն, որոնք կը կարծեն, թէ  մէկ-երկու եկեղեցի վերստանալով` հայոց իրաւունքներու հարցը լուծուած է: Պարզապէս Եւրոպական Միութեան «աչքին փոշի ցանել է»…

«Ա.».-  Փետրուար  2012-ին  Վատիկան  մասամբ  բացաւ իր արխիւները հետազօտողներու առջեւ, ի՞նչ կը կարծէք:

Ռ.  Ա. Մ.- Այս մասին Հայաստանի եւ Վրաստանի  «մունջոն» սրբազան քահանայապետին ըսած է. «Հայերը ձեզ շատ կը սիրեն, դուք ալ հայերը շատ կը սիրէք, ի՞նչ կ՛ըսէք». ան պատասխանած է. «Ճիշդ է, որ ես հայերը կը սիրեմ ու հայերն ալ զիս կը սիրեն, բայց թուրքերն ալ  զիս կ՛ատեն»: Վատիկանի մէջ բաւական հարուստ արխիւներ կան, որոնց մէկ մասը արդէն հրապարակուեցաւ ու այս գծով Մխիթարեան միաբանութենէն Վահան ծ. վրդ. Օհանեան մեծ աշխատանք տարաւ, եւ վերջերս (ապրիլ 2013-ին)  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը տպեց անոր գիրքը:

«Ա.».- Ի՞նչ կը խորհիք Սուրիոյ դէպքերուն, Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի` Հալէպի հայութեան մասին: Ճի՞շդ է որ Արցախի հանրապետութեան մէջ յատուկ դիւրութիւններ կը տրուին սուրիահայերուն:

Ռ.  Ա. Մ.- Սուրիոյ պարագային, անշուշտ որ կացութիւնը շատ դժուար է: Հոն հայր Միքայէլ Քէայլեան (Քէօյլեան) առեւանգուած է ու տակաւին լուր չկայ անոր մասին: Այս առիթով կոչ կ՛ուղղեմ, որ մեր քաղաքական թէ կուսակցական կազմակերպութիւնները կարենան աջակցիլ այս նեղ օրերուն, ոչ միայն վարդապետին ազատ արձակման, այլ նաեւ անոնց համար, որոնք կը չարչարուին Հալէպի մէջ ու ջանան թեթեւցնել անոնց հոգերը: Ես անձամբ (Հայաստանի) առաջնորդարանին մէջ կը պահեմ 80 սուրիահայ ընտանիք, եւ հոս պէտք է նշել, որ Արցախի թէ Հայաստանի պետութիւնները ամէն տեսակ դիւրութիւն կ՛ընծայեն` միաժամանակ պահելով հետագային անոնց (Սուրիա) վերադարձի ու բնականոն կեանքի վերսկսելու կարելիութիւնը: Արտագաղթող սուրիահայերուն մէկ մասը ուրեմն մտադիր է վերադառնալու Սուրիա, ուրիշներ որպէս կամուրջ կը գործածեն` Հայաստանէն հասնելու հոն, ուր որ կարելի է. կայ նաեւ մաս մը, որ տեսնելով Հայաստանը  ու ապրելով անոր ժողովուրդին հետ` կ՛որոշէ հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Նմանապէս Արցախի մէջ անոնց ամէն դիւրութիւն կ՛ընծայուի` հող, տուն, նոյնիսկ անոնց ինքնաշարժներու (սուրիական) թիւերը նոյնը կը պահուին, աշխատանքի եւ տուրքերու իմաստով եւս նկատի կ՛առնուի անոնց պարագան:

«Ա.».-  Իբրեւ վերջին խօսք` ի՞նչ ունիք ըսելիք այս առթիւ:

Ռ.  Ա. Մ.-  Կը մաղթեմ, որ այն, ինչ որ չկրցանք իրագործել հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առիթով, այս անգամ, 100-ամեակին առիթով, յանուն մեր նահատակներու արեան, կը խնդրեմ, որ աշխատանքները տարուին միասնաբար եւ աշխարհին ներկայանանք որպէս մէկ սիրտ, մէկ հոգի եւ մէկ մարմին:

Ազդակ
27 օգոստոս 2013


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ