|
Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2006 - Խաչվերացի Տօն - Ս. Խաչ Եկեղեցի - 17.9.06
Յոյժ Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,
Խաչվերացի տօնն է այսօր: Խաչը շատ հարցումներ յառաջ կը բերէ մեր միտքը: Ին՞չու համար Յիսուս խաչուեցաւ. ին՞չու համար մեր մեղքերը քաւելու համար ընդունեցաւ այսպիսի դաժան մահ մը: Ինք՝ որ ամենակարող է, չէր կրնար արդ՞եօք մեզ փրկել տարբեր ձեւով: Այս եւ նման հարցումներուն պատասխանը կու տայ մեզի Սուրբ Պօղոս, կ’ըսէ. «Աստուծոյ Որդին զիս սիրեց եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար» (Գաղ. 2,20), եւ Ս. Յովհաննէս՝ «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար. Դուք իմ բարեկամներս էք» (15, 13-14): Ուստի, պատասխանը յստակ է՝ Քրիստոս մեզ սիրեց, պարզապէս որովհետեւ ուզած է մեզ սիրել, ընդունեցաւ խաչին մահը: Այս է պատճառը, ուրիշ պատճառ չկայ: Ս. Յովհաննէս կ’ըսէ նաեւ. «Ասոր մէջ է սէրը. մենք չենք որ Աստուած սիրեցինք, այլ Ինք մեզ սիրեց... Ինք նախ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհ. 4,10.19): Աստուծոյ սէրը բոլորովին ձրի է, ոչինչ կը պահանջէ: Աստուած կու տայ ամէն բան եւ ինքզինքն ալ կու տայ առանց ոեւէ բան մը փոխարէն սպասելու մեզմէ:
Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն թէ Յիսուս զիրենք չի սիրեր իրենց յանցանքներուն պատճառով եւ իրմէ կը հեռանան, բան մը որ բոլորովին սխալ է, քանի Յիսուս եկաւ յատկապէս մեղաւորներուն համար եւ ոչ թէ արդարներուն համար: Օր մը, Յիսուս յայտարարեց մայրապետ Անժէլ Տը Ֆոլինիոյին, որ ծունկի եկած կ’աղօթէր եւ կը խորհրդածէր Յիսուսի չարչարանքներուն մասին, իրեն ըսաւ. «խնդալու համար չէ որ քեզ սիրեցի» այսինքն մեզ սիրելուն համար, Յիսուս սուղ գին մը վճարեց՝ իր կեանքը տուաւ: Ուստի, եթէ կ’ուզենք գիտնալ թէ որքան Աստուած մեզ կը սիրէ կը բաւէ մտածել թէ ո՜րքան Իր Միածին Որդին չարչարուեցաւ մեզի համար:
Ահա՛ երկրորդ ճշմարտութիւն մը, որ նախորդին չափ գեղեցիկ է եւ կարեւոր: Աստուած մեզ սիրեց այն աստիճան որ մեզի շնորհեց Սուրբ Հոգին: Ս. Յովհաննէս նախադասութիւն մ’ունի, որ պէտք չէ բնաւ մոռնալ, կ’ըսէ. «Ասով գիտենք թէ մենք կը բնակինք Աստուծոյ մէջ եւ Աստուած՝ մեր մէջ, որովհետեւ տուաւ մեզի Հոգին» (Ա. Յովհ. 4,13): Այս խօսքը Կը նշանակէ թէ Յիսուս, որուն մահուան պատճառ եղանք մեր մեղքերովը, փոխանակ մեզ պատժելու, մեզի մեծ պարգեւ կու տայ, մեզի կը շնորհէ Իր հոգին որ է Սուրբ Հոգին:
Հիմա, ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր դիրքը՝ լսելէ ետք թէ Աստուած անհուն կերպով մեզ կը սիրէ: Զանազան դիրքորոշումներ կարելի է որդեգրել: Մին՝ Աստուած սիրել փոխան իր սիրոյ, եւ կեանքը անոր նուիրել: Արդէն, այս է պատուիրաններուն մեծագոյնը՝ «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ եւ բոլոր մտքովդ: Այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը» (Մտթ. 22,37-38):
Ուրիշ պատասխան մըն ալ կարելի է տալ՝ Իրար զիրար սիրել ինչպէս Յիսուս մեզ սիրեց: Ընկերոջ սէրը երկրորդ աստուածային պատուիրանն է: Արդէն, Ս. Յոսհաննէս հետեւողական կը նկատէ այս կեցուածքը, կ’ըսէ. «Սիրելինե՛ր, եթէ Աստուած այսպէս սիրեց մեզ, մենք ալ պարտինք զիրար սիրել: (Ա. Յովհ. 4,11):
Բայց հարց տանք, արդ՞եօք մենք կը հաւատանք իսկապէս թէ Աստուած մեզ կը սիրէ: Կարծեմ թէ չենք հաւատար ամբողջովին, կամ չենք հաւատար բաւականաչափ: Եթէ իրապէս հաւատայինք, մեր կեանքը եւ առօրեայ բոլոր դէպքերը տարբեր իմաստ պիտի ունենային մեր աչքին առջեւ եւ այսօր իսկ պիտի զգայինք երջանիկ, պիտի ըլլայինք դրախտին մէջ (տես. Ղկ. 23,43), որովհետեւ դրախտը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ վայելել Աստուծոյ սէրը: Բայց ըսի թէ չենք հաւատար իսկապէս որ Աստուած մեզ կը սիրէ: Պատճառներ կան՝ բազմաթիւ ցաւեր, անարդարութիւններ եւ յուսախաբութիւններ կան աշխարհին վրայ, որ կը խոչընդոտեն մեր հաւատքը: Ասոր համար շատեր չեն հաւատար Աստուծոյ սիրոյն եւ որեւէ սիրոյ: Այս վիճակը սակայն խոր պաղութիւն մը կը ստեղծէ մարդուն մէջ:
Ոմանք ուրիշ պատճառ յառաջ կը բերեն՝ իրենց անարժանութիւնը: Ասոնք կը մտածեն այսպէս. «Աստուծոյ սէրը գեղեցիկ բան է, բայց ինծի, մեղաւորիս համար չէ եղած: Ինչ՞պէս Աստուած կրնայ ինծի պէս մէկը սիրել, ես՝ որ շատ անգամ զինք մատնեցի, զինք մոռցայ, իրեն անհնազանդ գտնուեցայ: Ո՛չ. ես անարժան եմ»: Այս անձը պէտք է լսէ Ս. Յովհաննէսին մխիթարական հետեւեալ խօսքը. «Եթէ մեր սիրտը մեզ մեղադրէ, Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ ամէն բան գիտէ» (Ա. Յովհ. 3,20):
Աշխարհը ամբողջ՝ ընտանիքները, երիտասարդները, տառապողները, կարիք ունին հաւատալու Աստուծոյ սիրոյն: Եթէ մենք չվկայենք այդ սէրը, կը նմանինք անոնց որոնք ճրագը գրուանին տակ կը դնեն (տես Մատթ. 5,15): Կը զրկեն ուրիշները Աստուծոյ սիրոյ ճշմարտութենէն, ճրագին լոյսէն, որ կարող է լուսաւորել ամէն մարդ: Մեզի ինկած պարտականութիւնը յստակ կերպով կը կարդանք Յիսուսի հետեւեալ խօսքին մէջ. «Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդոց աչքերուն, որպէսզի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Հօր որ երկինքն է» (Մտթ. 5,16):
Չի բաւեր ափսոսալ կամ լոկ պատճառաբանութիւն ընել: Պարտինք պատրաստ ըլլալ ցաւը կրելու ու ներելու անոր որ մեզի դէմ յանցանք գործած է, նման Յիսուսի, որ ըսաւ. «Հայ՛ր, ներէ՛ անոնց» (Ղկ. 23,34): Յիսուս թողուց մեզի՝ քրիստոնեաներուս, որպէս կտակ, այս խօսքը որ հառաչեց խաչին վրայ՝ «Հայ՛ր, ներէ՛ անոնց», որպէսզի այս խօսքը դառնայ կարեւոր զէնք, որ պիտի գործածենք ներելու համար մեր թշնամիներուն:
Ոչ ոք կրնայ հաստատել թէ կը ճանչնայ Աստուծոյ սէրը, եթէ այս սէրը իրեն չէ օգնած գոնէ մէկ անգամ թշնամիին ներելու համար: Երախտապարտ պէտք է ըլլանք այն քրիստոնեաներուն, որոնք շատ պատճառներ ունէին ատելու, եւ այսուհանդերձ, Ս. Հոգիին ներշնչումով, կարողացան ներել, նման այդ իտալացի երիտասարդ զինուորին տիկնոջ, որուն ամուսինը սպաննուեցաւ անցեալ տարի, Իրաք: Այդ տիկինը հաւատաց Աստուծոյ սիրոյ եւ ներեց սպաննողին : Այդ տիկինը հիանալի վկայութիւն մը տուաւ թէ Աստուծոյ սէրը կարող է խիղճը փոխելու: Անհամար է նաեւ թիւը մեր ծնողներուն, որոնք 91 տարի առաջ նոյն սքանչելի վկայութիւնը տուին իրենց հոգին չ’աւանդած՝ ներելով իրենց դահիճներուն:
Սիրելիներս, Ս. Խաչին ոյժը՝ Քրիստոսին սէրն է, որ կարողութիւն ունի այսօր ալ մեր սիրտը փոխելու, պայմանաւ որ հաւատանք Աստուծոյ սիրոյն եւ հետեւինք մեր Տիրոջ՝ ներումի օրինակին, անշուշտ Ս. Հոգիին օգնականութեամբը: Ամէն:
|