Լիբանան
9 Օգոստոս 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Զմմառու մէջ ընդունեց Տի.Էմ.Էս. Օնլուս» քրիստոնէական բարեգործական կազմակերպութեան նախագահ Փրոֆ. Անճելօ Պոզիոն եւ Հռոմի համագործակցական դրամատուներու ընդհանուր տնօրէն Պր. Փաուլօ Կրինեազքին: Հոֆեւոր Տէրը անոնց հետ արծարծեց լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքը յուզող խնդիրներ:
Մեծարգոյ հիւրերը նաեւ այցելեցին Հայ Կաթողիկէ տարբեր հաստատութիւններ, հոգեւոր կեդրոններ, Զալքայի եւ Պուրճ Համուտի դարմանատուները եւ եղան հիւրը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան եւ Հարպոյեան վարժարաններուն, ուր ընդունուեցան վարժարաններու տնօրէններու Կրէկուար Գալուստին եւ Ռիթա Ժամկոչեանին կողմէ:: Պր. Փաուլօ Կրինեազքիին այցելութեան հիմնական նպատակը վարժարաններուն հետ մօտէն ծանօթացումը եւ անոր կարիքներուն մասին տեղեկանալն էր: