Երեքշաբթի, 21 Օգոստոս 2007 - Եզրափակիչ Արարողութիւններ ՀԿՄ Պատանեկանի Միացեալ Բանակումին

 

 
Զմմառ, Լիբանան
 

Առաջին անգամ ըլլալով, ՀԿՄ Պատանեկանի Աշրա‎Ֆիէի եւ Զալքայի մասնաճիւղերը միասնաբար եւ միեւնոյն ժամանակաշրջանին հաւաքուեացան Զմմառու Վանքի հողերուն վրայ կատարելու համար իրենց տարեկան բանակումը, որ երկարեցաւ 10 օրուայ վրայ ընդգրկելով զանազան նիւթերու արծարծում ինչպէս նաեւ շատ հաճելի խաղերու պահեր:

Շաբաթ՝ 18 Օգոստոս 2007ին ժամը 6:00ին, բանակումի եզրափակիչ արարողութիւնները սկսան Ս. Պատարագով՝ հանդիսադրութեամբ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանին, որուն յաջորդեց խոստումի արարողութիւները եւ ապա բանակումի փակման խարուկահանդէսը, որ յատուկ ջահով մը վառեց Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ որուն ներկայ էին պատանիներու ծնողները,  որոնք ժամանած էին Զմմառ այս շատ յատուկ առիթին համար:

Հայր Վարդան Գազանճեան իր քաոզին մէջ յիշեց թէ ՀԿՄը հասարակական կեանքին մէկ շատ կարեւոր վայրերէն է, ուր պատանին կը կազմաւորուի իբրեւ Մարդ եւ Հայ Քրիստոնեայ: Ան ըսաւ թէ միացեալ Ս. Պատարագի եւ բանակումի զոյգ նախաձեռնութիւնները ցոյց կու տան թէ պատանիներուն խորհուրդները կ՛ուզեն միութեան վկաները դառնալ այսօր, Լիբաբանեան իրավիճակին մէջ:

Ապա ան տուաւ միութեան պատմականը յիշելով թէ ՀԿՄ պատանեկանը հիմնուած է Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի կողմէ առաջին անգամ ԱշրաՖիէի մէջ, ապա Պուրճ Համուտ, Զալքա, Դամասկոս, Քեսապ  հասնելով այսօր մինչեւ Հայաստան:

Քարոզի աւարտին, պատարգիչ վարդապետը հետեւեալ երկու տուները աւելցուց ՀԿՄ Պատանեկանի քայլերգին վրայ.

ՀԿՄի Հայ պատանի քաջ եղիր
Աստուածածնայ ձեռքերուն մէջ միացող
Մասնաճիւղիդ դրօշակէն վեր նայիր:

ՀԿՄի Հայ պատանի քաջ եղիր
Երբ միութեան զօրութիւնը քեզ կանչէ
Լիբանանեան հողին վրայ վա՛րդ եղիր:

Խարուկահանդէսի աւարտին խօսք առնելով Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, քաջալերեց ՀԿՄ Պատանեկանը եւ շնորհաւորեց  միացեալ բանակումի նախաձեռնութիւնը: 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 


         
  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ