Չորեքշաբթի, 20 Մարտ 2013 - «Ճշմարրիտ Իշխանութիւնը Ծառայութեան Մէջ Է»
Վատիկան

Երեքշաբթի 19 մարտի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Սուրբ Յովսէփ Աստուածահօր տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետի գահակալութեան սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած շուրջ 200 հազար հաւատացեալներ, ինչպէս նաեւ պետական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը նախ գոհաբանութիւն յայտնեց Աստուծոյ «գահակալութեան սուրբ զոհը մատուցելու, Սուրբ Յովսէփի տօնին օրը, Սուրբ Կոյս Մարիամի փեսայ եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ պահապան։ Իմաստալից զուգադիպութիւն մը, որ է նաեւ՝ իմ նախորդիս անուանակոչութեան տօնը. Անոր կը յայտնենք մեր մօտիկութիւնը, երախտագիտութեամբ ու սիրով լի»։

Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց Կարտինալական դասի «եղբայրակիցները» ու եպիսկոպոսները, քահանաները, սրակաւագները, կրօնաւոր, կրօնաւորուհիները եւ համայն հաւատացեալներու դասը։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր եկեղեցիներու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ՝ հրեայ եւ այլ կրօններու ներակայացուցիչներուն։ Հուսկ՝ յատուկ ողջոյն մը ուղղեց աշխարհի դիւանագիտական մարմնի ու Պետական պատուիրակութիւններու անդամներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը արդ՝ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը, որ կը խօսի Սուրբ Յովսէփի հնազանդութեան մասին Տիրոջ հրեշտակին։ «Յովսէփ քունէն արթննալով ըրաւ ինչպէս որ Տիրոջ հրեշտակը հրամայած էր իրեն. քովն առաւ իր կինը» (Մատթ 1, 24)։ Այս բառերուն մէջ ներփակուած է Աստուծոյ Յովսէփին յանձնած առաքելութիւնը, այն է՝ ըլլալ պահակ։ Պահակը Մարիամու եւ Յիսուսին։ Պահակութիւն մը որ կ'ընդլայնուի, կը տարածուի համայն եկեղեցւոյ վրայ. ինչպէս մատնանշած էր երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը. «Սուրբ Յովսէփը, այնպէս ինչպէս խնամք տարաւ Մարիամին եւ յանձնառումով նուիրեցաւ Յիսուսի դաստիարակութեան, նոյնպէս նաեւ կը պահպանէ անոր խորհրդական մարմինը, Եկեղեցին»։
Նորին Սրբութիւնը ապա բացայայտեց Սուրբ Յովսէփի՝ «պահապանի» ամբողջական նուիրումով լռելեայն ու խոնարհ մշտական ներակայութիւնը։
Պահապանի կոչումը սակայն - ըսաւ Սրբազան Հայրը - չի հայիր միայն քրիստոնեաներուս, այլ ունի մարդկային ծաւալ, որ կ'ընդգրկէ բոլորը։

Յարգել մարդիկը. հոգ տանիլ բոլորին, ամէն մէկ անհատին, սիրով, մասնաւորապէս մանուկներուն ու տարեցներուն. նաեւ անոնց որ դիւրաբեկ են եւ որ մեր սրտերէն հեռու են։
Խորքին մէջ, -ըսաւ Ան- ամէն բան յանձնուած է մարդու հոգատարութեան։ Պատասխանատուութիւն մը որ կը հայի մեզ բոլորիս։ Եղէք Աստուծոյ պարգեւներուն պահապանները։ Երբ մարդը թերի է այս պատասխանատութեան մէջ, սրտերը կը կարծրանան եւ դէպի կործանում կ'երթայ։ Պատմութեան հոլովոյթին միշտ եղած են Հերովդէսներ որ մահ ու կործանում կը ծրագրեն եւ մարդու դիմագիծը կը փճացնեն - ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապը ու ապա կոչ ուղղեց բոլոր անոնց որ պատասխանատու պաշտօնի գլուխ են, ըլլայ տնտեսական, ըլլայ քաղաքական կամ ընկերային մարզերու մէջ, ու նաեւ՝ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։

Ըլլանք Աստուծոյ արարչութեան «պահապանները» - ըսաւ Ան - մէկը միւսին պահակը, բնութեան պահակը, թոյլ չտանք որ կործանումն ու մահը ընկերանան այս աշխարհի ուղեւորութեան։ Պահպանել կը նշանակէ հսկել մեր զգացումներուն վրայ. մեր սրտին վրայ, որով այդտեղէն է որ կը փխին բարի կամ վատ մտադրութիւնները. կառուցող կամ կործանող գաղափարները։

Այսօր Սուրբ Յովսէփի տօնին հետ, կը նշենք նաեւ՝ Հռոմի Եպիսկոպոսի, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, Հովուական առաքելութեան սկիզբը, որ «իշխանութիւն» կը պահանջէ։ Յիսուս Քրիստոս, Պետրոսին շնորհեց «իշխանութիւնը մը»։ Սակայն չմոռնանք թէ «ճշմարիտ իշխանութիւնը ծառայութիւնն է»։ Քահանայապետն ալ, նոյնպէս, իր իշխանութիւնը բանեցնելու համար թափանցելու է ծառայութեան հոգիին մէջ, որ իր գագաթնակէտը կը գտնէ Խաչին վրայ։ Ան պէտք է ունենայ նաեւ՝ խոնարհ ծառայութեան, հաւատքով հարուստ հոգի մը, նման Սուրբ Յովսէփին, ու անոր նման բազուկները բանայ պահպանելու համար Աստուծոյ ժողովուրդը եւ ջերմութեամբ ընդունի համայն մարդկութիւնը, մասնաւորապէս աղքատները, տկարները, ամէնէն փոքրերը, որ Մատթէոս աւետարանիչը կը նկարագրէ «վերջին դատաստանի» պահուն՝ որպէս «անօթի, ծարաւի, պանդուխտ, մերկ, հիւանդ, բանտարկեալ» (մատթ 25, 31-46)։ Միայն այն որ սիրով կը ծառայէ գիտէ Պահպանել։

Ֆրանչիսկոս Պապը, ապա անդրադաձաւ Սուրբ Պօղոսի ընթերցուածին, որ կը խօսի Աբրահամի մասին, որ «հաւատաց հաստատ յոյսով»։
Այսօր եւս երկինքի մթութեան ընդմէջէն, կարիքը կայ տեսնելու՝ յոյսի լոյսը։ Արարչութիւնը պահպանելը. կը նշանակէ բանալ յոյսի հորիզոնները, ամպերու մէջէն լոյսի նշոյլ մը՝ տանելու համար ու տալու յոյսի ջերմութիւնը։
Սիրով պահպանենք ինչ որ Տէրը մեզի պարգեւեց։ Հայցենք Տիրամօր, Սուրբ Յովսէփի սուրբ Պօղոսի ու Պետրոսի եւ սուրբ ֆրանչիսկոսի բարեխօսութիւնը, որպէսզի սուրբ Հոգին առաջնորդէ իմ հովուական առաքելութիւնս. եւ ձեզի բոլորիդ կ՛ըսեմ «աղօթեցէք ինծի համար»։ Ամէն։

http://hy.radiovaticana.va/news/2013/03/19/%D6%86%D6%80%D5%A1%D5%B6%D5%B9%D5%AB%D5%BD%D5%AF%D5%B8%D5%BD_%D6%84%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%B5%D5%A1%D5%BA%D5%A5%D5%BF%D5%AB_%D6%84%D5%A1%D6%80%D5%B8%D5%A6%D5%A8_%D5%A3%D5%A1%D5%B0%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%AC%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%A1%D6%80%D5%A1%D6%80%D5%B8%D5%B2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6_%D5%A1%D5%BC%D5%A9%D5%AB%D6%82/arm-674814


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ