Պէյրութ
Չորեքշաբթի, 29 յունուար 2014, երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի ընդլայնուած նիստը: Նիստին մասնակցեցան գերպծ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուարատեան, պարոն Ռաֆայէլ Ումուտեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ առաքելական եւ աւետարանական յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՀԲԸՄ-ի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչները:
Ժողովականները նախ լսեցին 2014-2015 տարուան, 100-ամեակի առիթով նախատեսուած ընդհանուր ծրագիրին մասին զեկուցում: Զեկուցումին հետեւեցաւ քննարկում նախատեսուած աշխատանքներուն ընդհանուր ուղղուածութեան, բնոյթին, շեշտադրումներուն եւ նախահաշիւին վերաբերեալ:
100-ամեակի տարուան իրականանալիք ձեռնարկներու ընդհանուր ծրագիրը յարանուանական, քաղաքական եւ միութենական բոլոր ժողովականներուն կողմէ հաստատուելէ ետք, սեփականութիւնը պիտի դառնայ հանրութեան, յատուկ ասուլիսով: