Պէյրութ, Լիբանան
Վարժարանի աշակերտութեան նիւթապէս օգնելու իր քաղաքականութեան մէջ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանը ամէն տարի կը մշակէ համապատասխան ծրագիր:
Նախորդ տարիներուն «Սան Մը Որդեգրէ» ծրագիրը արձանագրած էր մեծ յաջողութիւններ: 2005-2006 ուսումնական տարեշրջանի համար այս ծրագիրը կրցած էր ապահովել 108 աշակերտներու կրթական լրիւ ծախսերը: Մեսրոպեան վարժարանի բարեսիրական առաքելութեանը միշտ ընդառաջած են բարերարներ, ինչպէս հին, այնպէս ալ նոր, եւ անոնք եկած են ոչ միայն Լիբանանէն, այլեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն:
Այս տարի Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը մշակած եւ հիմը դրած է նոր ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Մեսրոպեան Բարերար», որ մեկնարկ առաւ Շաբաթ, 8 Մարտ 2008ի երեկոյեան, Տըպպայէի «Լա Մարինա» համալիրին մէջ վարժարանի կազմակերպած տարեկան բարեսիրական ընթրիքի ընթացքին: Ընթրիքին ներկայ էր եւ կը նախագահէր Տանն Կիլիկիոյ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:
Օրուան հանդիսավարներ Տիանա Հայրապետեան եւ Արամ Գարատաղլեան ողջունելով ներկաները, յատուկօրէն շնորհաւորեցին բոլոր ներկայ Գրիգորները, իրենց անուանակոչութեանց առիթով, ապա հրաւիրեցին վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստը, փոխանցելու համար իր խօսքը: Պր. տնօրէնը մեծապէս ողջունեց բոլոր ներկաները, յատկապէս վարժարանի մնայուն եւ մեծ բարեկամներէն «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ Որդիք» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Տիար Փաթրիք Ֆարաճեանը, իտալական «Տի.Էմ.Էս Օնլուս» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ՝ Փրոֆէսոր Անճելօ Պոզիօ եւ անոր ազնունփայլ տիկինը Պարպարան, ինչպէս նաեւ լիբանանահայութեան հաւատարիմ բարեկամներէն, լիբանանցի մեծ արուեստագէտ՝ Ղասսան Ռահպանին: Այնուհետեւ Պր. Գալուստ շեշտեց, որ հաւաքոյթը «սովորական ճաշկերոյթ մը չէ, այլ ունի ճշդուած նպատակ, որ է՛ օգնել մեր վարժարանի կարիքաւոր աշակերտութեան, հոգալու համար իրենց ուսումնական ծախսերը»: Շարունակելով իր խօսքը, տնօրէնը ըսաւ, որ «Մեսրոպեան Բարերար» ծրագիրը նպատակ ճշդած է ապահովել 150,000 ամերիկեան տոլարի գումար, դարձեալ օգնելու համար վարժարանին կարիքաւոր սաներուն: Խորհրդանշական 15 մոմերէն իւրաքանչիւրը, որ դրուած էին սրահին մէջ, պիտի սկսէին վառելու իւրաքանչիւր 10,000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեան ժամանակ:
Տնօրէնի խօսքին յաջորդեց Փօլ Այանեանի ելոյթը, որ լիբանանցի արուեստագէտ Ղասսան Ռահպանիի յանձնեց հայրենի արուեստագէտի մը գործը, իբրեւ յուշանուէր:
Պր. Կրէկուար Գալուստ այնուհետեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ծրագրի համակարգող Գրիգոր Թերզեանին, որ ջերմեռանդ եւ նուիրուած աշխատած էր յանուն «Մեսրոպեան Բարերար» ծրագիրի յաջողութեան, չխնայելով ոչ մէկ ճի եւ զօրավիգ կանգնելով այս առաքելութեան մէջ վարժարանի տնօրէնութեանը: Առ այդ վարժարանի կողմէն Պր. Թերզեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը, առ ի գնահատանք անոր Մեսրոպեան մեծ ընտանիքին հանդէպ իր հաւատարմութեան եւ անկեղծ նուիրուածութեան:
Մեսրոպեան մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի գրադարանը, որուն բացումը պիտի կատարուի շատ շուտով, վերանորոգուեցաւ «Պօղոսեան եւ Որդիք» հիմնադրամի եւ «Լինսի» հիմնադրամի առատաձեռն նուիրատուութեանց շնորհիւ: Ամենապատիւ եւ Հոգեւոր Տիրոջ հաւանութեամբ եւ օրհնութեամբ, ինչպէս յայտարարեց ընթրիքի ընթացքին վարժարանի տնօրէնը, գրադարանը պիտի անուանուի վարժարանի մեծ բարերարներէն Վարուժան Ներկիզեանի հանգուցեալ հօր՝ Աբրահամ Ներկիզեանի անուամբ՝ առ ի երախտագիտութիւն Վարուժան Ներկիզեանի յատկապէս վերջին տարիներուն վարժարանին զգալիօրէն աջակցութեան:
Ընթրիքին Իտալիայէն իր մասնակցութիւնը բերած, վարժարանի անկեղծ եւ վերջին տարիներու մնայուն բարեկամներէն, իտալական «Տի.Էմ.Էս Օնլուս» բարեսիրական կազմակերպութեան նախագահ՝ Փրոֆէսոր Անճելօ Պոզիօ խօսք առնելով եւ շեշտը դնելով յատկապէս մանուկներու դաստիարակութեան կարեւորագոյն առաքելութեան վրայ, մատուցեց հերթական անակնկալը վարժարանին, յայտարարելով իր կազմակերպութեան ամբողջական պատրաստակամութիւնը մասնակցութիւնը բերելու Մեսրոպեան մանկամսուրի եւ մանկապարտէզի նոր, մեծածաւալ եւ արդիական շէնքի կառուցման աշխատանքներուն:
Վարժարանին համար այս պատմական ընթրիքին վառեցան բոլոր 15 խորհրդանշական մոմերը, ի նշան հանգանակուած 157,150 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեան: