Հայ Կաթոողիկէ Պատրիարքարանը կը գուժէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Կաթողիկոս Պատրիարքի քրոջ՝ Քլէրի մահը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 17 Օգոստոս 2008ին, Գահիրէի մէջ(Եգիպտոս), երկարատեւ հիւանդութենէ ետք:
Երկուշաբթի 18 Օգոստոս 2008ին, Ամեն.Հոգեւոր Տէրը կը մեկնի Եգիպտոս, նախագահելու յուղարկաւորութեան արարողութեան որ տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը Գահիրէի Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Ամեն.Հոգեւոր Տէրը յառաջիկայ Կիրակի 24 Օգոստոսին առաւօտեան ժամը 10:30ին Ս.Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարէ Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի վանքի դահլիճին մէջ:
Հայ Կաթողիկէ պատրիարքական դիւանը եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալները ամենուրէք, իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն Ամեն.Հոգեւոր Տիրոջ, աղօթելով առ Աստուած որ անոր քրոջ հոգին ընդունի երկնքի արքայութեան մէջ:
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան