Զմմառ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ դամբանական խօսքը հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Զմմառ 15 մայիս 2015-ին առաւօտեան ժամը 11:00-ին:
«
Յիսուս ըսաւ. Ճշմարիտ, ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի. ով որ հաւատայ կ'ընդունի յաւիտենական կեանքը» (Յովհ 6,47)
Սիրեցեալ Զմմառեան միաբանակից եղբայրներ,
Սիրելի
սգակիր հարազատներ, ծանօթներ եւ ներկաներ,
Մեզի
համար, յաւիտենական կեանքը լոկ խօսք մը չէ որ կը կրկնենք: Յաւիտենական կեանքը նպատակակէտ եւ յայտագիր մըն է, որուն ամէն հաւատացեալ պէտք է կարեւորութիւն ընծայէ։ Ով որ կ'ուզէ տեղ մը երթալ, գիտէ թէ ո՞ր ուղին պէտք է բռնէ։ Ով որ կ'ուզէ յաջողիլ, պէտք է ուսանի եւ ով որ կ'ուզէ դրամ շահիլ, պէտք է լաւ աշխատի եւ պարկեշտ ըլլայ։ Նոյնպէս՝ ով որ կ'ուզէ յաւիտենական կեանքը ընդունիլ պէտք է կատարէ Յիսուսին պատուէրը՝ գաւաթ մը ջուր տալ փոքրիկին, կերակուր տալ անօթիին, հագուստ՝ մերկին եւ այցելել հիւանդին։ Ասոնք են, սիրելիներ, պայմանները յաւիտենական կեանքը ընդունելու համար: Ճամբան յստակ է, եւ Սրբազան Պապը անոր մասին ոչ միայն յաճախ կը խօսի, այլ նաեւ՝ բառացիկ կերպով զայն կը գործադրէ՝ մեզ երբեմն զարմանքին մէջ դնելու չափ:
Հանգուցեալ հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեան ծնած է Հաճըն 22 ապրիլ 1922-ին, պզտիկուց լսած ըլլալու է Յիսուսին վերոյիշեալ խօսքը եւ աշխատած է Աստուծոյ ձայնին հետեւելու։ Իբր ճամբայ, ան ընտրեց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութիւնը, որուն հովանիին ներքեւ ան պիտի կարենար աղքատին օգնել, հիւանդին այցելել, բայց մանաւանդ՝ Աստուծոյ խօսքը իբր հոգեւոր սնունդ տալ իրեն յանձնուելիք հօտին: Փոքր տարիքին, պատանի Սարգիսը Զմմառու դպրեվանքը կը յաճախէ, ուր կը ստանայ մարդկային, դաստիարակչական եւ հոգեւոր կրթութիւն: Յետոյ, Հռոմ կը մեկնի՝ Լեւոնեան վարժարան, ուր կը շարունակէ իր քահանայական ուսումը եւ կազմաւորումը։ Քահանայ Աստուծոյ կը ձեռնադրուի Հռոմ՝ ձեռամբ արհի. Տէր Սարգիս Արք. Տէր-Աբրահամեանի՝ ապրիլ 1, 1945-ին: Նոյն տարին, նորօծ վարդապետը իբր դաստիարակ կը պաշտօնավարէ Մեսրոպեան վարժարան, որմէ ետք՝ 1946-էն 1948 կը ստանձնէ Պաղտատի ժողովրդապետութեան հոգ հոգւոցը, ապա կը նշանակուի յաջորդաբար Քեսապ՝ 1948-էն 1951, Դամասկոս՝ 1951-էն 1954, Զահլէ՝ 1954-էն 1961 եւ Ամման՝ 1961-էն 1968։ Երջանկայիշատակ Իգնատիոս Պետրոս վեշտասաներորդ Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը 1968-ին՝ հայր Սարգիսը կը նշանակէ որպէս առաջին առաքեալ Աւստրալիա՝ ծառայելու համար հոն գաղթած Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան։ Տասներկու տարի պաշտօնավարելէ ետք Սիտնի քաղաքը, կը փոխադրուի 1980-ին Մելպուռն, ուր կը հիմնէ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը եւ անոր համար կը կառուցանէ եկեղեցի մը՝ նուիրուած Յիսուսի եւ Մարիամի Սուրբ Սիրտերուն։ Հիւանդութեան պատճառով հայր Սարգիս կը փոխադրուի հանգստեան տուն 1999-ին, ուր կը մնայ մինչեւ 2005: Բոլոր առաքելավայրերուն մէջ ուր պաշտօնավարած է, հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեան թողուց եռանդուն եւ բարի հովիւի յիշատակը։ Անոր Քահանայական Ադամանդեայ Յոբելեանին առիթով 2005ին, որպէս քաջալերական եւ գնահատանքի խօսք՝ իրեն օրհնութեան գիր մը յղեցի եւ անոր շնորհեցի Հայաստանի քրիստոնէացման 1700ամեակի Յուշամետալը: Հայր Սարգիս անձնապէս ճանչցայ Աւստրալիա, Մելպուռնի այցելութեանս ընթացքին Յունիս 2001-ին՝ իր հանգստեան տան մէջ, ուր քաշուած էր երկարամեայ քահանայական պաշտօնավարութենէն ետք: Երկրորդ անգամ առիթ ունեցայ զինք տեսնելու մարտ 2004-ին, երբ՝ հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ մարմնի տկարութեան, քաջաբար Սիտնի եկաւ՝ իր երբեմնի ժողովրդապետական եկեղեցւոյ օծման արարողութեան մասնակցելու համար: Հայր Սարգիս ծայրագոյն վարդապետ Ուզունեան քահանայական նուիրումի կեանք ապրելէ ետք, տասնմէկ օր առաջ Սիտնիին մէջ իր աչքերը փակեց այս աշխարհին, սուրբ խորհուրդներով զօրացած՝ վայելելու համար խոստացուած յաւիտենական կեանքը։ Իր կեանքի նուիրումին համար, Աստուած ապահովաբար իրեն վարձահատոյց պիտի ըլլայ։
Սիրելիներ,
աղօթե՛նք այդ դիտաւորութեան համար ինչպէս նաեւ որպէսզի ամենաբարին Աստուած պէտք եղածին չափ մեր համայնքին շնորհէ նորանոր մշակներ իր այգիին համար:
Հայր
Սարգիս իր կոչումին հաւատաց, որովհետեւ հաւատաց Յիսուսի խօսքին, որ ըսաւ. «Ով որ հաւատայ կ'ընդունի յաւիտենական կեանքը։
Յիշատակ արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»: