Երեւան
Յաջորդաբար երրորդ անգամ ըլլալով, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնը իր մասնակցութիւնը բերաւ Համահայկական կրթական խորհրդաժողովին, որ տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր երկու տարին մէկ անգամ, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ :
Այս տարի, Համահայկական կրթական վեցերորդ խորհրդաժողովը կայացաւ օգոստոս 4-8-ը Աղուերան հանգստեան գօտիի “Աղուերան” հիւրանոցին մէջ : Խորհրդաժողովին մասնակցեցան Հայաստանի եւ Հայկական Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ազգային կրթութեան և դաստիարակութեան խնդիրներով զբաղուող մարմիններու, կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ: Ընդհանուր առմամբ խորհրդաժողովին մասնակցեցան 19 երկիրներէ ժամանած 134 ներկայացուցիչներ:
Ինչպէս կրթութեան նախարարի տեղակալ Կարինէ Յարութիւնեանը ըսաւ իր խօսքին մէջ, խորհրդաժողովը միացուցած էր Հայաստանի պետական եւ կրթական գործիչներն ու Սփիւռքի կրթական ոլորտի ներկայացուցիչները` միասին քննարկելու համար Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան , Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն վերաբերող խնդիրներ:
Խորհրդաժողովի երկրորդ օրուայ լիագումար նիստին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնի ներկայացուցիչ Վարդան Թաշճեան հանդէս եկաւ հաղորդումով` կեդրոնի հրատարակած հայոց լեզուի ուսուցման զոյգ ուղեցոյցներուն մասին: Վ. Թաշճեան ներկայացուց իբրեւ “Հայ մանկավարժ” հանդէսի հերթական համարներ լոյս ընծայուած այդ ուղեցոյցներու պատրաստութեան պայմաններն ու հետապնդած նպատակները, ընդգծելով այն, որ այդ աշխատութիւնները ուղղուած են ծառայելու սփիւռքի ամենօրեայ հայկական վարժարաններուն մէջ հայոց լեզուի ուսուցման ծրագիրներու ստեղծման` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի դասարաններուն համար: Այս առիթով, անվճառ կարգով զոյգ ուղեցոյցներէն օրինակներ բաժնուեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն:
Նշենք, որ խորհրդաժողովի բացումին ներկայացուեցաւ Հայաստանի նախագահ Ս. Սարգսեանի ուղերձը, որմով նախագահը կ’ողջունէր խորհրդաժողովի մասնակիցները և կը նշէր, որ անիկա հնարաւորութիւն կը ստեղծէ համախմբելու բոլորը՝ ազգային-կրթական խնդիրներու քննարկումին շուրջ: