Շաբաթ, 8 Յուլիս 2006 - Գիտաժողովի եւ Շուշիի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացում
Մեծարգոյ Պարոն Նախարար
ներկայացուցինչեր Ռոպէռ Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամի
Թանկագին հայորդիներ,

Փառք կու տանք Աստուծոյ որ մեզի պարգեւեց Արցախի ազատագրուած հողը համբուրելու երջանկութիւնը:

Մեզի շնորհեց այդ հողին վրայ գործող ու ստեղծագործող հերոսածին ժողովուրդը ու անոր ղեկավարութիւնը անձամբ եւ արդար հպարտութեամբ ողջունելու բախտը:

Մեզի պարգեւեց պատեհութիւնը պատմական Շուշիի հայկական պատկանելիութեան վկայութիւնը տալու սահմանուած գիտական կարեւոր աշխատանքին առաջին արդիւնքը գնահատելու:

Այս պահերը կը գօտեպնդեն մեզ ու կը զօրացնեն մեր հաւատքը հանդէպ աստուածաշնորհ Արդարութեան եւ Մարդու ու ժողովուրդներու Իրաւունքի յաղթանակին:

Այդ յաղթանակին վկաներն ենք այսօր մենք, եւ մեզի հետ այդ յաղթանակի մասին ուշ կամ կանուխ վկայելու եւ համապատասխան վարձատրութիւնը տալու կոչուած է միջազգային ընտանիքը, որովհետեւ խաղաղութիւնը ու բարգաւաճութիւնը որոնց կը ձգտի համայն մարդկութիւնը՝ անհնարին են առանց Արդարութեան, Մարդու եւ ժողովուրդներու ազատութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչման:

Հայ ժողովուրդը հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ ցուցաբերած է ազատ ու անկախ ապրելու, իր ճակատագրին տէր մնալու, իր ապագան անկաշկանդ կերտելու ձգտումը եւ համապատասխան կեցուածք ու վճռակամութիւն: Այս ձգտումը յաճախ զինք հարկադրանքին առջեւ դրած է իր ինքնութեան, ազգային, մշակութային, կրօնական յատկանիշերու պահպանումին համար մարտեր մղելու, զոհեր տալու եւ բազմատեսակ զրկանքներ ու զոհողութիւններ յանձն առնելու: Այդ բոլորը սակայն ապարդիւն չեն եղած, այլ նուիրագործուած են մեր գոյապայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակներով: Իւրաքանչիւր ճակատամարտէն աւելի զօրացած դուրս եկած է մեր լուսաւորչեան հաւատքը, ազգուրաց ու կրօնուրաց չդառնալու մեր կամքը, մեր մշակոյթին կառչելու մեր հաստատակամութիւնը:

Այս ճշմարտութիւնը հաստատող դրուագներով լեցուն է մեր պատմութիւնը Տղմուտի ափին վասն կրօնի եւ վասն հայրենեաց մղուած ճակատամարտէն սկսեալ մինչեւ Մեծ Եղեռնը ու Սարդարապատ:

Իսկ այս ճշմարտութեան նորագոյն վկայութիւնը հանդիսացաւ Արցախի ազատագրական պայքարը, որուն յաղթական արդիւնքը ամրացնելու եւ իր արդար լրումին հասցնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուի այսօր հայրենաբնակ թէ աշխարհատարած համայն Հայութիւնը՝ Երեւանէն մինչեւ սփիւռքի ամէնէն յետին անկիւնը: Այս է նպատակը նաեւ գիտաժողովին եւ Շուշիի մշակոյթին նուիրուած ցուցահանդէսին, որուն բացումը կը կատարենք այսօր: Շուշին՝ Հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու վճռականութեան խորհրդանիշն է: Իսկ այս գիտաժողովն ու անկէ բխած ցուցահանդէսը, նորայայտ եւ շօշափելի փաստերով անգամ մը եւս պիտի բացայայտեն տարածքի հայկական պատկանելիութիւնը, եւ զայն պիտի յուշեն ամենազգի այցելուներուն, մշակութասէրներուն ու պատգամագիրներուն, քաղաքական գործիչներուն ու դիւանագէտներուն:

Այսօր, իր ազատագրութենէն 14 տարիներ ետք, Շուշին եւ անոր հետ ամբողջ արցախեան տարածքները ազատօրէն կը շնչեն: Բայց այսքանը բաւարար չէ: Անոնք պէտք է շնչեն լիաթոք: Իսկ լիաթոք կարենալ շնչելու համար պէտք է վերաբնակեցուին ու վերակենդանացուի՝ բնակչութեան համար կենսական կառոյցներու, կրթական ու մշակութային կեդրոններու վերականգնումով, արտադրողական ու արդիւնաբերական հնարաւորութիւններու ստեղծումով:

Այս աշխատանքին հետապնդումը համայն Հայութեան խնդիրն է անկասկած:

Թող մեր ներկայութիւնը հոս, այս գիտաժողովին եւ ցուցահանդէսին բացումը, Ռոպէռ Պօղոսեան եւ Որդիք Հիմնադրամին ներդրումը դառնան այս համազգային խնդրի լուծման արշաւին ազդանշանը:

Իսկ այդ համազգային աշխատանքի յաջողութեամբ պսակումին համար, մենք պէտք ունինք Ամենակալին պաշտպանութեան եւ հովանաւորութեան: Այս նպատակին համար կը հայցենք բարեխօսութիւնը մեր բոլոր սուրբերուն եւ Զմմառու հրաշագործ Տիրամօր:





Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ