Դամասկոս, Սուրիա
Ուրբաթ, 1 Մայիս 2009-ի երեկոյեան, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Ամինեան սրահին մէջ կայացաւ «Կռունկ»ու «Քնար» երգչախումբերու միացեալ
ելոյթը: Համերգը կը հովանաւորէր ու իր ներկայութեամբ կը նախագահէր, Դամասկոսի Հ. Կ. առաջնորդ՝ Արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեանը: Ներկայ էին նաեւ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, երկու երգչախումբներուն հիմնադիրը, Պէյրութէն մասնաւորապէս ժամանած՝ գերյար•ելի Անդրանիկ Ծ.վրդ. Կռանեանը, հայր Մովսէս վրդ. Տօնանեանը, հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ Պատուելի Տաթեւ Պասմաճեանը, արժանապատիւ քահանայ հայրեր, Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան տէր եւ տիկին տոքթ. Արշակ Փոլատեանը եւ դեսպանատան նորանշանակ խորհրդական պրն. Տիգրան Գէորգեանը, դամասկահայ միութիւններու եւ կրթական օճախներու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ ու բազմաթիւ երգի ու երաժշտութեան սիրահար հայորդիներ:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի ազգային օրհներգները ունկնդրելէ ետք, բացման խօսքը կատարեց Դամասկոսի Հ.Կ.Մ.-ի ատենապետ՝ եւ «Քնար» երգչախումբի պատասխանատու պրն. Սարգիս Քէշիշեանը, որ նշեց թէ այս համերգը աննախընթաց է «Քնար» երգչախումբի երկար տարիներու գործունէութեան մէջ քանի ան առաջին անգամ միասնաբար ելոյթ պիտի ունենայ Պէյրութի Հ.Կ. Պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբի հետ որ կը խմբավարէ բազմավաստակ երաժշտագէտ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանը: Ան նշեց թէ Մայիս օրհնաբեր ամսուայ առաջին օրուան այս համերգը խնդութիւն կը պատճառէ բոլորին ու ապացոյց է Հայ երգի յաղթանակին: Պրն. Քէշիշեանը մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց «Կռունկ» երգչախումբի անդամներուն, գլխաւորութեամբ հոգեւոր վարիչ Գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին եւ խմբավար տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանին, որոնք յանձն առին •ալ Դամասկոս ու ճոխացնել այս ելոյթը: Ան յիշեցուց ներկաները թէ հայր Անդրանիկ 47 տարիներ առաջ Դամասկոսի մէջ հիմնած է «Քնար» երգչախումբը:
|
Այնուհետեւ առաջին բաժնով բեմ բարձրացան «Քնար» երգչախումբի 50 անդամները, որոնք խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի ու դաշնակի
|
ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանին, ներկաներուն հրամցուցին փունջ մը հայկական խմբերգներ: Յաջորդաբար կատարուեցան «Հազարաթեւ Հայաստան», «Ատանայի ողբը», «Հիմի էլ լռենք», «Ֆանդազիայ Սայաթ Նովայի երգերու հիման վրայ», «Իմ եղեգ», «Սասունասար», «Առաւօտեան Երեւան», «Վանի կոտորածը եւ Կարնոյ շարժումը» եւ «Հայկական բանակ» երգը որու մեներգի բաժինը մեծ յաջողութեամբ կատարեցին Ցօղիկ Պօյաճեան, Մարիա Մարտիրոսեան, ԺոզէՖ եւ Ժան Բիէր Իսքէնտերեաններ: Վերոնշեալ երգերու երաժշտութիւնը ու մշակումը կատարուած էին հայ ականաւոր երաժիշտներու կողմէ ինչպէս Կոմիտաս վրդ. որու ծննդեան 140 ամեակը կը նշենք, Խ. Աւետիսեան, Ռուբեն Ալթունեան եւ ուրիշներ: Ներկաները ջերմ ծափերով արտայատեցին իրենց գոհունակութիւնը երգչախումբի ներդաշնակ կատարումներու կապակցութեամբ: Այստեղ նշելու է նաեւ խմբավարին տարած համբերատար աշխատանքը երգերը ճաշակով մատուցելու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Առնօ Քէշիշեանի փայլուն նուագակցութիւնը, որ մեծապէս կը նպաստէր երգերու տպաւորիչ կատարման:
|
Կարճ դադարէ մը ետք բեմ բարձրացան «Կռունկ» երգչախումբի անդամները, խմբավարութեամբ տոքթ. Եդուարդ Թորիկեանի ու դաշնակի
|
ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի: Տոքթ. Թորիկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց այս միացեալ համերգի կայացման առթիւ, նշելով թէ մեծ սիրով ընդառաջած էին Դամասկոսի Հ.Կ.Մ. «Քնար» երգչախումբի հրաւէրին յաջողցնելու այս համերգը, մանաւանդ որ երկու երգչախումբերու հիմնադիր՝ հայր Կռանեանը միշտ աշխատած է ու կոչ ուղղած է միանալու: Տոքթ. Թորիկեան յայտնեց թէ այս համերգը երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է Կռանեան վարդապետին իր 80 ամեակի առթիւ: Եւ այսպէս որպէս առաջին երգ երգչախումբը խոր ապրումով կատարեց «Առ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» երգը որու բառերու հեղինակը հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանն է ու երաժշտութիւնը յօրինած է Տոքթ. Ե. Թորիկեանը: Մեներգի բաժինը յաջողութեամբ կատարեց Աւետիս Ագրապեան: Այնուհետեւ ներկաները առիթը ունեցան վայելելու «Կռունկ» երգչախումբի որակաւոր կատարումը շարք մը հայկական արաբական եւ այլ լեզուներով երգերու, որոնց բարձրորակ դաշնաւորումը կատարած էր Տոքթ. Թորիկեանը: Լսելի դարցան յաջորդաբար «Կապոյտ Մանուշակ», մենակատարութեամբ՝ Անայիս Կէտիկեանի ու Հրատ Պէպէճեանի, «Պճինկօ», سوق النورية ,لبيروت , Con te partirօ, Hommage a Edith Piaf Ֆրանսերէն երgաշարը եւ վերջապէս մայրաքաղաք Երեւանի մասին gեղեցիկ երgերու շարք մը: Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ ծափահարեցին ու gնահատեցին խմբավարի, դաշնակահարի ու երgիչներու արտայատիչ երանgաւորումներով ու վարպետութիւն պահանջող երgերու փայլուն մեկնաբանութիւնը:
|
Համերգի կիզակէտն էր «Քնար» եւ «Կռունկ» երգչախումբերու միացեալ կատարումը 2 երգերու: Բեմին վրայ «Քնար»-ի անդամները միանալով
«Կռունկ» երգչախումբին միասնաբար կատարեցին Տ. Մանսուրեանի երաժշտութեամբ ու Եղիշէ Չարենցի խօսքերով «Ես իմ Անուշ Հայաստանի» խրոխտ երգը խմբավարութեամբ Շանթ Քէշիշեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Առնօ Քէշիշեանի եւ ի վերջոյ հնչեց Եդուարդ Թորիկեանի երաժշտութեամբ ու Շահանդուխտի խօսքերով « Երգ Պահանջատիրութեան»ը որ կատարուեցաւ խմբավարութեամբ Տոքթ. Թորիկեանի ու դաշնակի ընկերակցութեամբ Թամար Գասապեանի: Սքանչելի երգ, որ ճարտարօրէն ներկայացուց հեղինակը ու երգի «միանանք հայեր» կոչով վերջ գտաւ համերգը ներկաներու ծափերու տարափին տակ:
Սարգիս Քէշիշեան բեմ հրաւիրեց Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանը եւ ձեռամբ գերապայծառ տիրոջ յոբելեարին յանձնուեցաւ Հ.Կ.Մ. «Քնար» երգչախումբի կողմէ յուշանուէր մը ծննդեան 80 ամեակին առթիւ, ապա տոքթ. Թորիկեանն եւ Սարգիս Քէշիշեանը փոխանակեցին յուշանուէրներ երկու երգչախումբերու անունով, մասնաւոր պատրաստուած այս առթիւ: Հայր Կռանեան կարճ խօսքով մը կոչ ուղղեց առողջ մրցակցութեան ու մաղթեց կեանքի արժեւորում երկու խումբերուն:
Այսպէս աւարտեցաւ երգի այս փառատօնը որ անպայման անչնչելի պիտի մնայ երկար ժամանակ՝ ներկաներու ու կատարողներու յիշողութեան մէջ: