Երեքշաբթի, 26 Մարտ 2013 - Հայրապետական պատգամ Ծաղկազարդի տօնին առթիւ
Պուրճ Համմուտ
 
Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, կիրակի 24 մարտ 2013-ին, Տանն Կիլիկիոյ  Կաթողիկէ  Հայոց  ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

«Երէկ, վերջ գտաւ Քառասնորդաց շրջանը, որուն ընթացքին Սուրբ Եկեղեցին, որ մեր մայրն է եւ մեր բարիքը կուզէ, մեզմէ խնդրեց որ յաւելեալ կերպով աղօթենք Աստոցծոյ դիմելով, ծոմ պահենք մեր մարմինը սանձահարելով, ծոմ պահենք եւ բարեսիրութիւններ կատարենք, դրամէն անջատուելու համար: Այս հրահանգները օգտակար են մեզի համար, որպէսզի կարենանք յաղթել մեր մէջ բնակող հին մարդը, մեղքի մարդը, որ կը փափաքի աշխարհիկ հաճոյքները վայելել, նիւթական բարիքները դիզել, նոյնիսկ մարդիկ խաբելով եւ սուտեր խօսելով, ինչպէս շատեր կ΄ընեն:
Քառասնորդաց շրջանին, Եկեղեցին մեզ կը խրատէ, որ բարձրանանք այս աշխարհիկ ապրելակերպէն, որովհետեւ այս տեսակ ապրելակերպը երջանկութիւն չի բերեր, բարեկամութիւնները կը քանդէ, մարդոց մօտ վստահութիւնը կը խախտէ, եւ մարդիկ, թեկուզ ոչ մեր առջեւը, բայց մեր բացակայութեամբ, գէշ կը խօսին մեր մասին, եւ մեր բարեկամները կը կորսնցնենք: Երբեմն, մենք ալ, կ΄ենթարկուինք սուտի եւ կը խաբուինք: Այսպէս, անվստահութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծուի եւ երջանիկ ու խաղաղ կեանք չենք ունենար:

Ուստի, Եկեղեցին մեզ կը քաջալերէ, որպէսզի այդ 40 օրերուն ընթացքին իբր քրիստոնեայ ապրինք, Սուրբ Աւետարանին համաձայն՝ մարդոց սէր եւ վստահութիւն տալով, մեր ժամանակը տրամադրելով ուրիշներուն օգտակար ըլլալու համար, եւ ամէն գործին մէջ Աստուծոյ կամքը փնտռելով, ինչպէս նաեւ գործօն անդամ դառնալով մեր քրիստոնեայ հասարակութեան մէջ, որ է մեր ժողովրդապետութիւնը, որ կազմուած է ընտանիքներով եւ երիտասարդներով ու մանուկներով, բայց նաեւ՝ ծերերով եւ հիւանդներով, լքուածներով եւ անգործներով, ուր լայն ասպարէզ կայ բարիք ընելու համար:
Այսօր կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ կը պսակուի Յիսուս Քրիստոսի Յարութեամբ, իբր Յիսուս մահուան յաղթեց եւ կրկին կեանքի եկաւ, մեզի փաստելու համար՝ նախ, որ ինք մահուընէն աւելի զօրաւոր է, այսինքն՝ ամէն տեսակ չարին կրնայ յաղթել: Երկրորդ՝ որ մենք ալ նոյնը կրնանք ընել, բայց իր ուժով, Յիսուսի շնորհքի ուժով կրնանք յաղթել ամէն տեսակ չարութեան, ինչպէս՝ բարիք ընելով մեզի վնաս հասցնողներուն, չարիքի դիմաց չարութիւն չընել այլ բարիք: Դերեւս, դիմացինը իր սխալը ճանչնայ, խիղճը շարժի եւ դարձի գայ:
Երրորդ եւ ամենէն կարեւորը՝ որ Յիսուս Իր յարութենէն ետք երկինքը բացուեցաւ եւ բոլորիս համար Յիսուս տեղ պատրաստեց, նոյնիսկ եթէ մեղքեր գործած ենք, շատ անգամ գործած ենք, եւ մեծ մեղքեր ալ կատարած ենք: Կը բաւէ որ, Յիսուսի սէրը տեսնելով, զղջանք մեր ըրածներուն վրայ, որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը սահման չունի: Յիսուս կ΄ըսէ. «Աւելի երջանկութիւն կայ երկնքին մէջ մէկ մեղաւորին համար, որ դարձի կու գայ գան թէ հարիւր արդարի համար, որ պէտք չունին զղջումի»: Ի~նչ մխիթարական եւ քաջալերիչ խօսքեր են ասոնք: Որով, եղբայրներ եւ քոյրեր, նոյնիսկ եթէ կրկին անգամ նոյն մեղքին մէջ իյնանք եւ կրկին անգամ զղջանք, Աստուած կրկին ու կրկին պիտի ներէ մեզի, որովհետեւ Աստուած մեր Հայրն է եւ մեզ կը սիրէ անսահման կերպով:
Երբ նորընտիր Սրբ. Քահանայապետը, Ֆրանչիսկոս Պապը, այս նիւթին մասին քարոզեց անցեալ շաբաթը, ըսելով որ Աստուած մեզի ներելու միշտ պատրաստ է եւ բնաւ չի ձանձրանար, եւ թէ մենք ենք որ զինք կը մոռնանք զղջում խնդրելու՝ Աստուծմէ ներում ստանալու համար: Սրբ. Պապին այս խօսքերէն ետք, շատեր լուրջի առին այդ խօսքը, եւ այսօր բազմաթիւ խոստովանանք ընել ուզողներ կան: Որովհետեւ, Սրբ. Պապին լսողները հաւատացին Աստուծոյ անսահման բարութեան եւ ներողամտութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անոր համբերութեան վրայ, որովհետեւ Աստուած Հօր մը պէս համբերութիւն ունի մեզի հանդէպ եւ մեզի կը սպասէ, որ իրեն դառնանք եւ իրմէ ներում խնդրենք, ինչպէս սպասեց անառակ որդիին, որ հօրը դարձաւ: Եւ իր հայրը, որ է Աստուած, եւ որ իրեն կը սպասէր, երբ հեռուէն զինք տեսաւ վազեց քովը եւ զինք համբուրեց եւ ներեց իրեն բոլոր յանցանքները, քանի որ որդին իսկապէս զղջացած էր իր մեղքերուն վրայ եւ իրմէ ներում խնդրած էր:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երանի թէ այս շաբթուան ընթացքին լրջօրէն կ΄ուզէ մտածենք թէ որքան Աստուած մեզ կը սիրէ եւ կ΄ուզէ որ մենք երջանիկ ըլլանք եւ խաղաղ սիրտ ունենանք, եւ մենք ալ ուրախանանք ուրիշներուն ներելով իրենց յանցանքները մեզի հանդէպ, ինչպէս Աստուած  մեզի կը ներէ:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Աւագ Շաբաթը, որ այսօր կը սկսի, ամենէն կարեւոր շաբաթն է տարուան ընթացքին, որովհետեւ ան կը բովանդակէ մեր հաւատքի մեծագոյն խորհուրդներըշ: Այսպէս՝
Ոտնլուայի արարողութիւնը բացայայտ կերպով մեզի կը ցուցնէ Յիսուսի խոնարհութիւնը, որովհետեւ հիւրերուն ոտքերը լուալը, այն ժամանակ, ծառաներուն գործն էր: Եւ Յիսուս Աստուծոյ Որդին ըլլալով հանդերձ, ուզեց ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործով հրաւիրել առաքեալները, իր հետեւորդները՝ որ այսօր մենք ենք, ծառայելու եւ ոչ ծառայութիւն փնտռելու: Ծառայելու բոլորին, մանաւադ անոնց որոնք թիկունք չունին՝ տկարները, հիւանդները եւ աղքատները, եւ չամչնալ նոյնիսկ խոնարհ ծառայութիւններ անոնց մատուցանել:
Աւագ Ուրբաթ օրը մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու թէ որքան Յիսուս մեզ սիրեց, այն աստիճան սիրեց, որ մեր յանցանքներուն պարտքը ինքը մեր տեղ վճարեց, եւ սուղի վճարեց, քանի իր կեանքը զոհեց մեզի համար, եւ չվարանեցաւ ահռելի չարչարանքներուն ենթարկուիլ՝ ժողովուրդին եւ զինուորներուն կողմէ: Այսօր, ո՞վ պատրաստ է ուրիշին տեղ պարտքը վճարելու: Ո՞վ պատրաստ է չար մարդու տեղ յանձանքը կրելու: Սովորական տրամաբանութիւնը այս է՝ ան որ սխալեցաւ, թող ինքը վճարէ: Այս տրամաբանութիւնը աշխարհիկ ոգիին կը պատկանի, բայց ոչ քրիստոնեայ ոգիին, քանի Յիսուս մեզի օրինակը տուաւ, որպէսզի մենք, եթէ իր իսկական աշակերտներն ենք՝ իրեն պէս վարուինք, այսինքն՝ ուրիշներուն տեղ վճարենք: Համոզուած քրիստոնեաները այսպէս կը վարուին, եւ օրինակներ կան:
Կարեւորագոյնը՝ Զատիկը, Յարութեան տօնը, կու գայ պսակելու համար մեր նորոգուած կեանքը, որով յաղթեցինք մահուան, այսինքն՝ յաղթեցին տեսակ տեսակ չարիքներուն:
Սիրելիներ, Երկինքը հոս կը սկսի, աշխարհի վրայ, երբ Յիսուսի սիրով ապրինք եւ փառաբանենք Աստուած, անկէ ընդունուած բոլոր բարիքներուն համար: Երկինքին մէջ հրեշտակները եւ սուրբերը ուրիշ գործ չունին, եթէ ոչ զԱստուած փառաբանել: Մենք ալ կը վայելենք երկինքը հիմակուընէ իսկ, եթէ շարունակ կերպով Աստուծոյ բարիքները գնահատենք եւ Աստուած նկատենք որպէս մեր սիրելի Հայրը ու անոր գոհաբանական աղօթքներ բարձրաձնենք: Սպանիացի մտաւորական մը ըսաւ. «Եթէ ուզենք Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնել իր բոլոր բարիքներուն համար, օրուան ժամերը չեն բաւեր. անոնք այնքան շատ են»:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մենք կոչուած երջանիկ ապրելու՝ Աստուծոյ բարութիւնը, ներումը եւ համբերութիւնը վայելելով: Արդեօ՞ք կարելի է: Այո՛, կարելի է, եթէ մեր աչքերը սեւերենք Յիսուսին վրայ, եւ անոր խօսքին վրայ խորհրդածութիւն ընե΄նք: Ի՞նչ են պայմանները ՝
1. Ժամանակ տրամադրենք Յիսուսի խօսքը կարդալու համար ամէն օր:
2. Խոնարհութեամբ խնդրենք ներում մեր մեղքերուն համար:
3. Հայցենք Աստուծմէ որ մեր աչքերը բանայ աւելի լաւ տեսնելու համար թէ ո՜րքան մեզ կը սիրէ, եւ կ'ուզէ որ մենք ալ ուրիշները սիրենք:
Այն ժամանակ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր սիրտը սիրով պիտի լեցուի, երջանիկ պիտի ապրինք եւ պիտի երջանկացնենք բոլոր անոնք որ մեզի կը նային:
Այն ժամանակ, պիտի ապրինք երկնքի երջանկութիւնը այս երկրի վրայ:
Զայս կը մաղթեմ բոլորիդ, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր. ամէն»:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ