Ուրբաթ, 6 Ապրիլ 2012 - Աւագ Ուրբաթ օրը Զմմառու Վանքին մէջ

 

Զմմառ

Աւագ Ուրբաթ օրը, 6 ապրիլ, Զմմառու Վանքին մէջ շատ խորհրդաւոր եւ յուզիչ անցաւ, որովհետեւ դարաւոր այս սրբավայրը ինքնին ներշնչարան մըն է:

Աւագ Հինգշաբթի, Ոտնուայի արարողութիւն եւ Համապատարագ մատուցին վանքի մեծաւոր՝ հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ.  Մուրատեանը և վարչական հայրերը:Այս առթիւ Եղբայր Յակոբ Մովսէսեանը նորոգեց իր միաբանական ուխտերը որպէս եղբայր: Իսկ Խաւարման գիշերի հսկումին, վանքին հասարակութիւնը մասնակցեցաւ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, Զալքայի մէջ, երեկոյեան ժամը 8:30-ին: Այս արարողութեան նախագահեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը:
Աւագ Ուրբաթ՝ Յիսուսի թաղման սրտաճմլիկ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեամբ Զմմառու վանքին մէջ: Օրուան խորհուրդին մասին հոգելից ճառ ըսին վանքին մեծաւոր հայրը եւ  հայր Եղիա թ.ծ.վ. Եղիայեանը:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ