Երկուշաբթի, 6 Յուլիս 2009 - Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Թէոտորային

Գահիրէ

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութիւնը կը գուժէ մահը քոյր Թէոտորա Մուրատեանին, որ պատահեցաւ Գահիրէ, Կիրակի 5 Յուլիս 2009ին հետ երկարատեւ հիւանդութեան:

 

 

 

Քոյր Թէոտորա Մուրատեան ծնած է 1930-ին, Հալէպ: Իր նախնական ուսումը ստանալէ ետք միաբանութեան տարբեր դպրոցներուն մէջ, 1947-1948 թուին անցած է Հռոմ, ուր 1951-ին իր ժամանակաւոր ուխտերը կատարած է:

Առաքելութեան ուղղարկուած է Լիբանան, Սուրիա յատկապէս՝ Քամիշլի, միեւնոյն ժամանակ իր ուսումը շարունակած է: Եգիպտոս երկար ժամանակ ծառայած է եւ մեծ ներդրում ունեցած է Հայ Կաթողիկէ քոյրերու դպրոցի զարգացման:

1993-էն 2000, ան ընտրուած է որպէս վարչական եւ ընդհանուր մատակարար միաբանութեան, եւ մեծապէս օժանդակած է բոլոր առաքելավայրերուն, մասնաւորապէս՝ Հայաստան:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ