Շաբաթ, 4 Դեկտեմբեր 2010 - Հ. Կ. Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու կեդրոնական մարմնի անդրանիկ նիստը

 

Պէյրութ

 

Հայ
կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու կեդրոնական մարմինը իր անդրանիկ նիստը գումարեց շաբաթ, 4 դեկտեմբեր 2010, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։

Ժողովին ներկայ գտնուեցան հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, պրն. Սարգիս Նաճարեան, պրն. Րոպէրթ Աթթարեան, պրն. Ժորժ Միրիաթեան, պրն. Կրէկուար Գալուստ եւ պրն. Համբի Էլմաճեան։

Ժողովը սկսաւ աղօթքով. ապա ներկաները քննարկեցին Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յատուկ սիւնհոդոսի (Վատիկան, 10-24 հոկտեմբեր 2010) առաջադրանքները, ներկայ ժամանակաշրջանի ընկերային հաղորդամիջոցներուն վերապահուած հիմնական դերակատարութեան մասին։ Այս շրջագիծէն ներս, անոնք գնահատեցին հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներուն գործունէութիւնը եւ քրիստոնէական վկայութիւնը հաղորդելու եւ զարգացնելու համար անոնց կողմէ թափուած ճիգերը։

Ժողովականները անդրադարձան հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու ներկայ իրավիճակին։ Այս շրջագիծէն ներս ծրագրուեցան միջոցառումներ՝ միացեալ պատկերացում մը եւ հեռանկար մը որդեգրելու նպատակով։ Այնուհետեւ, ժողովին ներկայացուեցան գործնական առաջարկներ հետեւեալ առաջադրանքներով՝

-          Ընկերային հաղորդամիջոցներու աշխատանքի կեդրոնացում եւ համագործակցութիւն տարբեր միջոցներուն միջեւ։ Այս ծիրէն ներս որոշուեցաւ ցուցատախտակ մը պատրաստել տարբեր թեմերէն եւ շրջաններէն  ներս գործող հայ կաթողիկէ բոլոր ընկերային հաղորդամիջոցներուն մասին։

-          Յաջորդականութիւն ապահովել, պատրաստելով նոր սերունդը, կազմաւորման յատուկ ծրագիրներու միջոցաւ (stage program)։

-          Մամուլի Օր հռչակել։

-          Հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու 2-րդ համագումարի պատրաստութիւն։ Այս գծով համագումարին որպէս խորագիր «հաղորդամիջոցները ամպիոն վկայութեան»։ Առաջարկուեցաւ նաեւ ժողովին հաւանական թուականը ճշդել եւ ընդհանուր օրակարգը պատրաստել տարբեր հաղորդամիջոցներուն ուղղուած հարցաթերթիկներու ճամբով։

-          Հայկական մանրանկար մը պատրաստել, ներշնչուելով հայ կաթողիկէ պատրիարքական երրորդ համագումարի խորագիրէն։

 

Ժողովի աւարտին, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը իր մասնակցութիւնը բերաւ այս հանդիպումին, որուն ներկայութեան տեղի ունեցաւ ժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութեան ընթերցումը հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով։ Ապա հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան փոխանցեց հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ՝ հայր Րաֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեանին բարեմաղթութիւնները այս հանդիպման մասնակիցներուն եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց անոնց։

Ժողովը փակուցեաւ Հոգեւոր տիրոջ խօսքով եւ օրհնութեամբ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը շեշտեց հայ կաթողիկէ ինքնութեան կառչելու կարեւորութիւնը եւ կարեւոր նկատեց մեր հաւաքականութեան որակը եւ կարողականութիւնը։

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ