Հինգշաբթի, 5 Յունիս 2008 - Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի Կազմակերպած Տարեկան Շրջապտոյտը

 
Լիբանան
 

Աշրաֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սկաուտախումբի հիմնադրութեան 80 Ամեակին առիթով՝ սկուտախումբի խորհուրդը եւ ծնողական յանձնախումբը, Կիրակի 1 Յունիս 2008ին, կազմակերպած էին տարեկան աւանդական ուխտագնացութիւն-շրջապտոյտը:

Շուրջ 300 անձերէ բաղկացած բազմութիւնը, առաւօտեան ժամը 8:00ին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի փակէն մեկնեցաւ դէպի Սայիտըդ Պըշուէթ վանքը, որմէ ետք ուղղուեցան դէպի Այնճար, ուր Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան հաւատացեալներուն մատուցեց Ս. Պատարագ Այճարի Հայ Կաթողիկէ Տիրամայր Վարդարանի եկեղեցւոյ մէջ:

Անճարի ճաշարաններէն մէկուն մէջ ճաշելէ ետք, շրջապտոյտի մասնակիցները այցելեցին Դանայէլի Յիսուսեաններու Միաբանութեան վանքն ու կենդանաբնական պարտէղը:

Երեկոյեան ժամը 8:00ին շրջապտոյտի մասնակիցողները վերադարձան իրենց տուները գոհունակ սրտով եւ անմոռանալի յիշատակներով:       

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ