Սիրելի՛ ընթերցող, Խաչվերաց էր 15 սեպտեմբերին: Տաղաւար` մին հինգ աւագ տօներէն մեր Ս. եկեղեցիին: Հայերուս ամէնէն սիրելի ու ժողովրդական տօնախմբումներէն մէկը:
Սիւնակս, սակայն, կը փափաքիմ գրել այն երեք թուականներուն մասին լոկ, որոնք կրօնապատմական ու հոգեմտաւոր յարակցութիւնն ունին Խաչվերացի տօնակատարութեան հետ:
Առաջին թուականն է սեպտեմբեր 628: Բիւզանդիոնի Հերակլէս կայսրը (610-641), որ հաւանաբար հայ ծնողէ մը ծնած է Կապադովկիայի մէջ 575-ին, պարսիկներէն ազատագրելով Երուսաղէմէն 14 տարիներ առաջ անոնց գերեվարած «սուրբ խաչ»-ը, յաղթական վերադարձով կ՛անցնէր պատմական Հայաստանէն, որուն աւագանին ու ժողովուրդը սարքեցին ցնծութեան եւ յաղթութեան մեծահանդէս ընդունելութիւններ:
Ամէնուրեք եւ ամէն հանգրուանին պարսկական լուծէն ազատած բնակչութեան առջեւ կը վերացուէր, կը բարձրացուէր «սուրբ խաչ»-ը, որ կը դառնար վերանորոգ բերկրանքի, փառատրութեան եւ յոյսի հրաշագործ առարկան` միշտ, սակայն, յիշեցնելով շարակնոցէն այս վկայակոչութիւնը. «Ուրախացի՛ր, Ս. եկեղեցի, որովհետեւ Քրիստոս պսակադրեց քեզ իր փառքին խաչով»:
Երկրորդ թուականն է 12 սեպտեմբեր 1683: Ամսոյս 12-ին Ս. եկեղեցին տօնեց Սիրամօր «Մարիամ» անունը, որուն ապաւինելով` քրիստոնեայ Եւրոպայի միացեալ զօրքերը, անոնց մէջ նաեւ` լեհահայ հեծելագունդ մը, կրցան Վիեննայի` Աւստրիայի կայսերական մայրաքաղաքին ամիսներու պաշարումը վերցնել եւ օսմանեան աշխարհանուաճ բանակը վտարել ու նահանջի մատնել:
Արար աշխարհին տեսութիւնն էր, որ Վիեննայի անկումով վտանգուած պիտի ըլլար ամբողջ արեւմտեան աշխարհը եւ անոր հետ` քրիստոնէական քաղաքակրթութիւնը: Մահիկին պիտի զիջէր խաչը, որուն, սակայն, Կեփայեան ներկայացուցիչին` 1956-ին «Երանելի» հռչակուած Իննովկենտիոս ԺԱ. պապին (1676-1689) հրավառ կոչը` ռազմօրէն համախմբուելու հասարակաց թշնամիին դէմ, ոչ միայն անարձագանգ չմնաց, այլ նաեւ մայրաքաղաքին յաջորդեցին Հունգարիոյ ազատագրութիւնն (1686) ու Պելկրատի վերստացումը (1688) օսմանցիներէն:
Սրբազան քահանայապետը, ուզելով օսմանեան բանակին պաշարումէն 12 սեպտեմբեր 1683- ին եւ Տիրամօր բարեխօսութեամբ դիպած Վիեննայի ազատագրումն յաւերժացնել, նոյն տարին ամբողջ եկեղեցիին համար տարածեց «Տօն անուան Ս. Աստուածածնի», որ Սպանիայէն իր ծագումն առած եւ արդէն 1513- ին վաւերացուած էր Ս. Աթոռէն:
Երրորդ թուականն է 7 օգոստոս-12 սեպտեմբեր 1915: Մուսատաղի հերոսամարտին ժամանակաշրջանն էր, որուն ընթացքին մուսալեռցիները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան դիւցազնական արիութեամբ` փրկելով իրենց կեանքը, ընտանիքը, նուիրականութիւնը, պատիւը եւ ապագան:
Ի դէպ, հոս կը մատնանշեմ երկու պատմական մանրամասնութիւններ, որոնց պարունակը կը կազմեն մարեմապատկան նրբերանգներ: Նախ, սակայն, կ՛իմացնեմ, որ ես երբեք չեմ հաւատար «բախտի մէկ գեղեցիկ դասաւորում»-ին, այլ ինծի համար կայ միայն նախախնամական արարքը, «յերկնուստ» տնօրինումը:
Առաջին` Մուսա Տաղի սիգապանծ սարերը, ուր մուսալեռցիները ապաստանած էին եւ կը մարտնչէի եւ իրենց ինքնազատութեան ի խնդիր, վերջին անգամ ըլլալով արձագանգեցին կիրակի առաւօտ մատուցուած ձայնաւոր Ս. պատարագին հայահունչ ու հոգեպարար երգեցողութեան: 15 օգոստոս 1915 էր, «Հայոց խնկելի Աստուածածին»-ի Վերափոխման տօնը:
Երկրորդ` ֆրանսական ծովուժին «փրկութեան նաւերը» մեր քաջարի ժողովուրդն ընդունեցին իրենց տախտակամածներուն վրայ Սեպտեմբեր 12-ին: Արդէն տեղեակ ես այս օրուան մարեմագով տօնակատարութեան:
Ցարդ վերոյիշեալ տուեալներուն դիմաց յանգելու եմ այն եզրակացութեան, որ ունի ծանրակշիռ տարողութիւնը` միջազգային եւ ազգային պատմութենէն:
Հերակլէս կայսրը, որ արժանացաւ «Ազատարար խաչին» պատուաբեր տիտղոսին, աստուածասէր, հաւատացեալ ու ջերմեռանդ էր, բայց յատկապէս մարեմական էր, քանի կը հաւատար Կուսամօր հզօր ու բարեխօս միջնորդութեան:
Ս. խաչափայտն ու Ս. Քաղաքը պարսիկներէն ազատագրելու հակայարձակումին անցած արիասիրտ ու քաջագործ կայսրը, ապաշխարողի եւ ուխտաւորի ներքին զգեստաւորումով, իր զրահին վրայ դրաւ Աստուածամօր սրբանկարը:
Վերափոխման տօնէն առաջ, հաւանաբար` 12-13 օգոստոսի ժամանակամիջոցին, մուսալեռցիներուն պաշտպանութեան Կենդրոնական մարմին-ը կարել տուաւ «խոշոր ճերմակ պաստառի մը վրայ կարմիր խաչ մը», որ իրաւացիօրէն դարձաւ եւ յորջորջուեցաւ «Փրկութեան կարմիր խաչը», քանի իբրեւ խաչալէմ պիտի ծածանուէր Մուսատաղի սարերէն` ծովուն բացերը անցած ֆրանսական մարտանաւի կամ անգլիական յածանաւի մը ուշադրութիւնը գրաւելու համար…: Եւ իսկապէս, SOS խաչվառը տեսնելով` օգնութեան փութացին ազատարար ֆրանսացիները:
Հուսկ, յստակ է իրողական եզրայանգումը: Մեր արտաքին եւ ներքին ազատագրումը, մեր մարմնական ու հոգեկան փրկութիւնը կու գան Քրիստոսի խաչէն` Մարիամի միջնորդութեամբ:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 15 սեպտեմբեր 2013