Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2012 - Զալքայի «Սուրբ Խաչ» համալիրի դարմանատան ատամնաբուժարանի նոր բաժանմունքի բացում


Զալքա, Լիբանան

Երէկ՝ հինգշաբթի, 9 փետրուար 2012-ին, Զալքայի «Սուրբ Խաչ» համալիրին մէջ գտնուող դարմանատան ատամնաբուժարանը օժտուեցաւ նոր աթոռով եւ սենեակով:
Բացումը կատարեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, ներկայութեամբ դարմանատան պատասխանատու՝ Լեւոն Նալջաեանի, հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի, հայր վարդան վրդ. Գազանճեանի, հայր նարեկ վրդ. Լուիսեանի, տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի, մեթր Ժագ Չուխատարեանի եւ
ատամնաբուժարանի բժիշկներն ու բարեկամներ:

Այս առիթով, ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշան շնորհեց Լեւոն Նալջաեանին, որ արտասանեց խօսք մը: Ան նախ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Հոգեւոր տիրոջ ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար, աւելի մեծ թափով շարունակելու առաքելութիւնը ի սպաս հայրենիքին եւ մարդակերտման: Նալջաեան պարզեց այս բարեսիրական ծրագրին կարեւորութիւնը տնտեսական դժուարութիւններու լոյսին տակ: Ապա անդրադարձաւ ատամնաբուժարանի նախորդ տարուան գործունէութեան մասին, ի յայտ բերելով բժշկութեան կենսական կարեւորութիւնը մարդուն առողջապահութեան համար: Խօսքին աւարտին, Լեւոն Նալջաեան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ, վարդապետներուն եւ բոլոր անոնք որոնք ներդրում ունեցան այս ծրագրի յաջողութեան ու բարգաւաճման համար:  


Այնուհետեւ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ յղած կոնդակը Դոկտէօր Լեւոն Նալչայեանին, ըստ դիւան թիւ 37/12։

Օ Ր Հ Ն Ո Ւ Թ Ե Ա Ն  Գ Ի Ր
առ
Սիրեցեալ որդին մեր
Դոկտէօր Լեւոն Նալչայեան

Ուրախութեամբ եւ Հայրապետական օրհնութեամբ է որ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Ատամնաբուժարանի այս նոր բաժանմունքին բացումը կատարեցինք։ Անձամբ ուզեցինք նախագահել այս հանդիսաւոր դէպքին, որովհետեւ այս կեդրոնին նպատակն է ծառայել հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս անոր կարիքաւոր դասակարգին, եւ քանի որ ընկերային ծառայութիւնը մաս կը կազմէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան։
Արդարեւ, Եկեղեցին դէպի հաւատացեալ ժողովուրդը գացող առաքելութիւն ունի, որով կը մասնակցի անոր ապրումներուն՝ կը բաժնէ անոր մտահոգութիւններն ու ցաւերը եւ կը մխիթարէ յուսալիքն ու անտէրը։ Ահա՛ թէ ինչո՞ւ համար ընկերային ծառայութեան վայրերը Մեր հայրական ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ են։ Մեր ակնկալութիւնն է, որ ընկերային ծառայութեան վարիչներն ու ծառայողները գործեն այս գիտակցութեամբ, որովհետեւ անոնք Եկեղեցւոյ առաքելութեան գործակիցներ ըլլալու կոչուած են։
Նշանակելի է, որ այս Ատամնաբուժարանի կեդրոնին դիմողներուն թիւը մեծ աճ արձանագրեց 2005-էն 2011 տարիներուն ընթացքին, անցնելով 2690-էն 4419 հիւանդներու։ Այս աճը յայտնի կ՚ընէ ո՛չ միայն կեդրոնին խղճամիտ եւ որակաւոր աշխատանքը, այլ նաեւ Մեր ժողովուրդին մէջ յաւելումը համեստ ու կարիքաւոր դասակարգին։ Այս իրողութիւնը Մեզի կը պարտաւորեցնէ, որ ընդարձակենք մեր ընկերային ծառայութիւնները։ Ճիշդ այս նպատակով է որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Ատամնաբուժարանի եռանդուն տնօրէնը, Դոկտէօր Լեւոն Նալչայեան, բարենպաստ այս նոր բաժանմունքին հաստատման նախաձեռնութիւնը ունեցաւ, որուն համար ան արժանի է Մեր մեծ գնահատանքին ու քաջալերանքին։
Այս պատեհ առիթէն օգտուելով, քսան տարուայ անխոնջ համայնքանպաստ աշխատանքին եւ մշտաջան նուիրումի հոգիին համար, Դոկտէօր Լեւոն Նալչայեանին կը շնորհենք ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՇՔԱՆՇԱՆԸ, րպէս Մեր Հայրապետական հաւաստիքը եւ գնահատութիւնը, որուն կը միացնենք Մեր աղօթքն առ Աստուած, որպէսզի յարաճուն պատրաստակամութեամբ շարունակէ, իր աջակիցներուն հետ միասին, այս աստուածահաճոյ եւ ժողովրդանուէր աշխատանքը։

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն ի Զմմառ
Յաւուր իններորդի ամսեանն Փետրուարի յամի Տեառն 2012
Յերեքտասաներորում ամի Հայրապետութեան Մերոյ


 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ