Պուրճ Համմուտ
6 Ապրիլ 2012-ին, Աւագ Ուրբաթի արարողութիւնները տեղի ունեցան հայ կաթողիկէ «Սուրբ Փրկիչ» եկեղեցւոյ մէջ: Յետմիջօրէին կատարուեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօր: Մեծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան թաղման թափօրին: Այս սրբազան արարողութեան ընթացքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը փոխանցեց հետեւեալ պատգամը:
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Այսօր, Աւագ Ուրբաթ օրն է։ Այսօր, մենք կը յիշատակեն Յիսուսին չարչարանքները, մահը խաչին վրայ եւ անոր թաղումը։
Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ որ, իր մահէն ետք, Յիսուսի հոգին Երկինք ելաւ եւ Երկնքի դռները, որոնք գոց մնացած էին Ադամի մեղքէն ի վեր, ցմիշտ բացաւ բոլոր արդարներուն առջեւ։
Աւագ Ուրբաթ օրը յատուկ կերպով կը մտածենք Յիսուսի չարչարանքներուն եւ անոնց նպատակին մասին, որ է մեր փրկութիւնը ինչպէս նաեւ Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ, մեղաւորներուս հանդէպ։
Նոյնպէս, այսօր յատուկ կերպով երկրպագութիւն կ՚ընենք Յիսուսի Խաչին առջեւ եւ կը յիշատակենք մեր Փրկչին կողէն բխած արիւնը եւ ջուրը, երբ զինուորներէն մէկը տէգի հարուածով մը խոցեց խաչուած Յիսուսին կողը։ Եկեղեցին միշտ նկատած է, որ ջուրը եւ արիւնը խորհրդանիշներն են Մկրտութեան եւ Հաղորդութեան սուրբ խորհուրդներուն, որոնք մեզի կը շնորհեն սուրբ Հոգիին պարգեւները։ Նիկոդեմոսին բացատրելով Մկրտութեան խորհուրդով պարգեւած նոր կեանքը, Յիսուս անոր ըսաւ. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ քեզի, ոչ ոք, եթէ չծնի ջուրէն եւ հոգիէն չի կրնար Աստուծոյ Արքայութիւնը մտնել» (Յովհ. 3,5)։
Դժբախտաբար, այսօր կարգ մը գաղափարներ կը շրջին, որոնք կը յեղաթիւրեն մեր համոզումները։ Ոմանք կ՚ըսեն. Քանի մարդը ստեղծուած է երջանիկ ըլլալու համար, ինչո՞ւ ուրեմն պէտք է որ չարչարուի։ Նման գաղափարներ կը տարածեն հաւատք չունեցողներu, որոնք յաջողած են նաեւ կարգ մը հաւատացեալներ մոլորեցնել։ Ասոնք կորսնցուցած են սուրբ Խաչին իմաստը եւ անոր փրկարար դերը։ Սուրբ Պօղոս բացայայտ կերպով շեշտեց տարբերութիւնը մարդկային տրամաբանութեան խաչի իմաստութէնէն, ըսելով. «Եղբայրն՛եր, թէպէտ ես ձեզի եկայ Աստուծոյ խորհուրդը աւետելու՝ բայց լեզուի ճարտարութեամբ կամ իմաստութեամբ ես չեմ եկած։ Ձեր մէջ ուրիշ բան չուզեցի ճանչնալ եթէ ոչ Յիսուս Քրիստոս եւ նոյնը՝ խաչուած։ ... Իմ խօսքս ու քարոզութիւնս չեղան իմաստութեան խաբէական ճառերով, այլ՝ Հոգիին արդիւնքով եւ զօրութեամբ, որպէսզի ձեր հաւատքը հիմնուած չըլլայ մարդկային իմաստութեան վրայ, այլ՝ Աստուծոյ զօրութեան վրայ» (Ա. Կորն. 2, 1-5)։
Սիրելիներ, պէտք ենք ուղիղ հաւատքի դաւանութիւնը նորէն հռչակել՝ Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան մասին, մարդոց քարոզելով անոնց ուղիղ իմաստը, որուն մասին կը խօսի սուրբ Պօղոս, եւ որուն համար Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբ. Քահանայապետը յատուկ Սիւնհոդոս մը պիտի գումարէ յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսոյն, ունենալով որպէս բնաբան՝ Նոր Աւետարանումը, այսինքն՝ կրկին անգամ քարոզութիւնը, նոյնիսկ հին քրիստոնեայ ժողովուրդներուն, ինչպէս է հայ ժողովուրդը։
Վա՛յ մեզի եթէ դաշտը բաց ձգենք կեղծ մարգարէներուն եւ սուտ գաղափարապաշտներուն առջեւ, որոնք մարդոց խաբկանք ու ստախօսութիւններ կը քարոզեն, եւ պատճառ կ՚ըլլան անոնց աւելի խոր տառապանքի եւ յուսախաբութեան։
Վա՛յ մեզի եթէ ամչնանք Քրիստոսի մահը եւ յարութիւնը քարոզելէ, որպէս մարդոց միակ փրկութեան եւ յոյսի աղբիւր: Սուրբ Պօղոս կը բացագանչէ ըսելով. «Վա՛յ ինծի եթէ Աւետարանը չքարոզեմ» (Ա. Կորն. 9,16)։։ Արդարեւ, Քրիստոսին յարութիւնը ցաւին նոր իմաստ տուաւ։ Ինչ որ անկէ դուրս կը քարոզուի՝ ցնորք է, քանի Յիսուսէն զատ ոչ ոք կրցաւ մահուան յաղթել կամ կեանքը տալ մեղաւորներուն համար։
Դժբախտաբար, կան քրիստոնեաներ, որոնք անհաւատ դարձած են, պատրուակելով որ Եկեղեցին իրենց հարցումներուն պատասխան չունի տալիք։ Անոնց խօսքերը վնասակար են մեր ընտանիքներուն եւ մեր երիտասարդներուն համար, եւ յատուկ կերպով՝ վտանգաւոր են հոգեկան տագնապ ունեցողներուն կամ դիւրահաւատներուն համար։
Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ որ ամէն խաչ նոր իմաստ կը ստանայ Քրիստոսով եւ փրկութեան կը տանի։ Ո՞ր սուրբ չէ տառապած։ Արդեօք սուրբերը ցաւը չ՞էին զգար։ Անշուշտ թէ կը զգային։ Բայց գիտէին թէ հաւատքով ընդունուած ցաւերը անհուն արժէք կ՚ունենան խաչուած Յիսուսին հետ, մեր եւ մարդոց փրկութեան համար։
Օր մը, մայրապետ մը տեսնելով որ իր քոյր մայրապետը ցաւերէն կը ճչայ, Յիսուսէն խնդրեց որ իրեն փոխանցէ այդ մայրապետին ցաւերը, անոր տառապանքները թեթեւցնելու նպատակով։ Յիսուս լսեց իր աղօթքը եւ հիւանդ քրոջ ցաւերը վրան ինկան։ Անոնք այնքան սաստիկ էին, որ այդ անձնուրաց մայրապետը իր լեզուն խազնելէն պատռեց՝ ցաւէն չպոռալու համար։ Այս ահռելի տանջանքներուն մէջ, ներքին ուրախութիւն մը կը լեցնէր սոյն մայրապետին սիրտը, որովհետեւ յաջողեցաւ իր հիւանդ քրոջ ցաւերը մեղմացնելով։
Ֆրանսացի ծանօթ մտաւորական մը, Blaise Pascal անունով, հարցում մը ունի, որ խորապէս մտածել կու տայ՝ ճշմարտութիւնը փնտռողներուն Աստուծոյ մասին։ Կ՚ըսէ. «Եթէ մարդը ստեղծուած չէ Աստուծոյ համար, ինչո՞ւ միայն Աստուծոյ մօտ իր երջանկութիւնը կը գտնէ։ Իսկ եթէ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ համար, ինչո՞ւ համար մարդիկ այնքան Աստուծոյ հակառակ են»։
Յիսուս ընդունեցաւ Խաչին չարչարանքը՝ աշխարհի բոլոր մեղաւոր մարդոց համար, որոնք սատանայի խաբէութիւններուն եւ սուտերուն զոհ գացած էին, որպէսզի ամէն մարդու յայտնէ Աստուծոյ անսահման սէրը անոնց հանդէպ։ Այս սէրը, Յիսուս յայտնի ըրաւ, երբ ընդունեցաւ կրել ամենէն կատաղի վայրագութիւնը եւ չարչարանքները թէ՛ խաչէն առաջ եւ թէ՛ խաչին վրայ, մինչեւ իր վերջին շունչը։
Քրիստոնեայ հաւատացեալին համար, խաչը միշտ եղած է եւ պիտի մնայ իր յատկանշական դրոշմը, որուն հաւատք կ՚ընծայէ եւ որմէ ոյժ կը ստանայ։ Ոմանք, հազիւ արթննան խաչ կը հանեն, որպէսզի իրենց օրը Աստուծմէ օրհնուած ըլլայ։
Անապատի ճամբաներուն վրայ, տարագրեալ մայրերը աւազին վրայ խաչը կը գծէին` իրենց տարաբախտ զաւակներուն սորվեցնելու համար, որ այս խաչի նշանով կ՚ապրին ու անոր համար պատրաստ են մեռնելու։ Շատ անգամ, դահիճը երկընտրանքի առջեւ կը դնէր հայ աքսորականները, իրենց խաչ մը ցուցնելով եւ իրենցմէ խնդրելով որ վրան թքնեն։ Խեղճ բայց քաջ հայ տարագիրները, անխախտելի հաւատքով, խաչը ձեռքերուն մէջ կ՚առնէին եւ կը համբուրէին, նկատելով զայն իրենց կեանքին փրկարար ուժը, ու մահը կը դիմագրաւէին հերոսաբար։ Ամէն հայ գիտէ որ առանց խաչին՝ կեանքը անիմաստ կը դառնայ եւ յաւիտենական կեանք չկայ։ Այնքան զօրաւոր էր այդ համոզումը մեր ազգի զաւակներուն մօտ, որ հինգերորդ դարուն Եղիշէ պատմիչը այսպէս կ՚արտայայտուի. «Մեր հաւատքը հագուստ մը չէ, որ կարելի է մեզմէ վերցնել, ինչպէս կարելի չէ վերցնել գոյնը մեր մորթէն»։
Դժբախտաբար, կան հաւատքով տկար քրիստոնեաներ, որոնք նոյնացուցած են խաչը ցաւիn եւ ձախողանքիn հետ։ Ասիկա փորձութիւն մըն է խորամանկ սատանայի կողմէ, որով կը վախցնէ թերահաւատները, օգտուելով անոնց այս կամ այն նեղութենէն կամ ցաւէն։ Ասոր համար, պէտք ենք յաճախ աղօթել տառապեալներուն եւ մահամերձներուն համար։ Քրիստոնեան □հայր մեր□ը կ՚աղօթէ ըսելով. □եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն□, այսինքն որպէսզի փորձութեան մէջ չիյնանք։ Հաւատացեալը քաջ գիտէ, որ ցաւը եւ մահը մաս կը կազմեն իր սահմանաւոր կեանքին։ Ասոր համար, հաւատք ունեցողը ցաւէն եւ մահէն չի վախնար, մանաւանդ երբ իր աչքերը կը սեւեռէ խաչուած Յիսուսին վրայ։ Յիսուս, անմեղ ըլլալով հանդերձ, մեզ սիրելուն համար կրեց ահռելի չարչարանքներ։ Մեզի համար, խաչի նշանը սիրոյ հոմանիշ դարձաւ, եւ բնաւ երբեք՝ անէծքի նշան։ Սատանան որ սէրը չի ճանչնար, այլ միայն ատելութիւն կը սփռէ, մարդէն կը նախանձի եւ զինք բաժնել կ՚ուզէ Աստուծմէ, այսինքն սիրոյ աղբիւրէն։
Ոմանք, իրենց վիզին կը կրեն փոքրիկ խաչ մը, որպէսզի անով պաշտպանուին, որովհետեւ գիտեն թէ սատանան անկէ կը սարսափի ու կը հեռանայ։
Դժբախտաբար, կարգ մը քրիստոնեայ երկիրներուն մէջ կը վիճաբանին եթէ պէտք է խաչը պահել կամ վերցնել պաշտօնական հաստատութիւններէն, օրինակի համար՝ դպրոցներուն մէջ։ Խաչը վերցնելու պաշտպանող հոսանքը բնաւ չէ հասկցած, որ խաչը սիրոյ նշան է։ Եւ ո՞վ չի փափաքիր տեսնել սիրոյ նշան մը։ Հաւատքի կապասէն, մարդիկ չեն հասկցած խաչին սիրոյ եւ փրկարար իմաստը, այլ անոր մէջ միայն ցաւը տեսած են։ Ասոր համար, սէրը կը փնտռեն այլուր՝ դժբախտաբար անհեթեթ եւ իմաստազուրկ գաղափարներուն մէջ։ Արդարեւ, առանց սիրոյ՝ որեւէ մարդ, նոյնիսկ ոչ քրիստոնեաn, դժբախտ կ՚ըլլայ։ Մէկը ըսաւ, որ մեր մարմնի բոլոր բջիջներուն վրայ գրուած է Սէր բառը աստուածային գիրով։ Առանց սիրոյ, կեանքը անտանելի կը դառնայ եւ երբեմն մարդիկ անձնասպանութեան կը տանի։ Արդի կրթութեան դաստիարակները այսպէս կ՚արտայայտուին. «Սէրը աղբիւրն է կրթական գործին։ Սէրը արդիւնաւոր միակ կրթական միջոցն է»։ Հիմա հոգեբաններ կը յատկացուին դպրոցներուն մէջ, հսկելու համար ուղիղ կրթութեան վրայ։
Մենք, համոզուած քրիստոնեաներս եւ 1711 տարիներու քրիստոնեայ ժառանգութեան զաւակներ, մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ կամ չէզոք դիրք բռնել խաչին դիմաց։ Աւագ Ուրբաթ Օրուան զգալի եւ յուզիչ ձեր բարեպաշտութիւնը պարտի ձեզ արթուն պահել, պաշտպանելու համար ձեր կենսական համոզումները խաչին նկատմամբ, եւ անոր բարեբեր նպատակը միշտ ունենալ ձեր աչքին առջեւ։ Ընդունելի չէ ձեռքերը լուալ եւ ըսել թէ ասիկա իմ գործս չէ, այլ՝ գործն է եկեղեցականներու եւ կրօնաւորներու։ Տիկինե՛ր, մի՛ վախնաք եւ մի՛ ամչնաք ձեր եւ ձեր զաւակներուն վիզէն խաչը կախել, փոխանակ կախելու անիմաստ զարդարանքներ։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր այսօրուայ աղօթքները եւ անոնց իմաստը ձեր մտքին մէջ վառ պահեցէ`ք եւ անոր մասին յաճախ մտածեցէ՛ք, որպէսզի զինուած մնաք սատանայի խաբէութիւններուն եւ սադրանքներուն դէմ։ Սաղմոսը կ՚ըսէ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը՝ իմ Աստուածս, որ ձեռքերս վարժեցուց պատերազմի, եւ մատներս՝ ճակատամարտի» (Սղ. 144,1)։ Հոս կը խօսուի պատերազմին մասին սատանայիn դէմ։
Մեր ոգեւորիչ «Խաչի քո Քրիստոս» շարականը աղօթելու ժամանակ՝ լաւ մտածեցէք հաւատքի ձեր արտայայտութիւններուն մասին խաչին նկատմամբ, երբ կ՚երգէք. «Խաչի քո Քրիստոս երկիր պագանեմք, եւ զսուրբ չարչարանս քո մեծացուցանեմք, ... Խաչն կենարար որ եղեւ մեզ փրկութիւն, սովաւ ամենեքեան զքեզ բարեբանեմք ... Որ ի Հօրէ լուսոյ լոյս ճառագայթեալ ի յերկրի, եւ գաւազան զօրութեան հաւատացելոց զքեզ բարեբանեմք». Ամէն։