Պէյրութ, Լիբանան
Հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, Ուրբաթ 24 Ապրիլ 2009ին՝ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումներու շարքին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մատուցեց Ս. Պատարագ առընթերկայնութեամբ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ տէր կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որմէ ետք Հայկական Ցեղասպանութեան 94-րդ ամեակի պատգամը փոխանցեց հայր Մեսրոպ Ծ.վրդ. Սուլահեան՝ Մեծաւոր Լիբանանի Մխիթարեան Միաբանութեան: Ս. Պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայ Կաթողիկէ «Կռունկ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի:
Հայր Սուլահեան ըսաւ, կորովի եւ խիզախ նկարագրով հայ ժողովուրդը կերտած է իր ազգային նկարագիրը, յատկապէս նեղութեան եւ տառապանքի բովին մէջ, եւ մեր 1.5 միլիոն նահատաները «Քրիստոսի խաչին հետ չարչարուած ու զոհուած Քրիստոսի հետ յարութիւն առած են ու իրենց արեան զոհաբերութեամբ յարութիւն տուած են մեր հայ ազգին»:
Պատգամաբեր հայրը շեշտեց թէ 94 տարի ետք տակաւին միեւնոյն տառապալից ապրումն է այն խոր վէրքին՝ զոր թուրքը բացած է հայ ազգի
սրտին մէջ, սակայն այնքան ատեն որ ժխտումի եւ մերժումի քաղաքանութիւն կը վարէ թուրք կառավարութիւնը, այդ վէրքը սպիացումի նշաններ ցոյց չի տար:
Հայր Սուլահեան շարունակեց ըսելով թէ մինչեւ օրս քաղաքակիրթ աշխարհը յանուն իր ազգային շահեորուն կը շարունակէ անտեսել ու անարդարօրէն անպատուել 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը, մեղսակից դառնալով Օսմանեան Թուրքիոյ նման ոճրագործ պետութիւններու: Սակայն մենք պիտի շարունակենք քաղաքկիրթ միջոցներով հետապնդել մեր ազգային դատը, մինչեւ մարդկային արդարութեան ատեանը ընդունի հայոց ցեղասպանութիւնը եւ այսպիսով հանգիստ շնորհէ մեր 1.5 միլիոն նահատակներուն:
Հայր Մեսրոպ կոչ ուղղեց հայ ազգի զաւակներուն ըլլալ համակարգ եւ ներդաշնակ, որովհետեւ «մեր փրկութիւնը մեր հաւաքական ոյժին մէջ է, եւ այսօր աւելի քան երբեք այժմէական է այս սկզբունքը»:
Պատգամաբեր հայրը իր պատգամը փակեց, մաղթելով բոլորին շարունակել ապրիլ որպէս հարազատ եւ իսկական հայեր, պահելով ու փարելով մեր մշակոյթին, լեզուին եւ կրօնքին, Հայաստանի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի: Այս է մեր նահատակներուն պատգամն ու թողած ժառանգը՝ ապրիլ ազատ, Քրիստոնեայ եւ Հայ:
Արարողութեան ներկայ էին փոխ վարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա, երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունեան, Սերժ Թուրսարգինեան, նախարար
Ժան Օղասապեան, նախկին նախարար Ժաք Չուխատարեան, Հայաստանի հաւատարմատար Ռուբէն Խարազեան, Փոփոխութիւն եւ Բարեկարգում պլոքի Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի թեկնածուներ Մասուուտ Աշքար, Նիքոլա Սահնաուի, Վրէժ Սապունճեան եւ Կրէկուար Գալուստ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Գառնիկ Մկրտիչեան, Լիբանանի «Պօղոսեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ Պր. Փաթրիք Ֆարաճեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Լիբանանի Քրիստոնէական Միութեան մէջ Ապպուտ Պօղոս, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ ու ժողովրդային մեծաթիւ բազմութիւն:
Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, հաւաքուեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի բակին մէջ գտնուող նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն:
Ապրիլեան ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում: